Սփիւռք

Քարոզչությո՞ւն, Թե՞ Աթոռը Պահելու Մարմաջ

Մաս Ա

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հանրային գործիչներ, մտաւորականներ եւ հաստատութիւններ բեմերը եւ մետիանիր բոլոր տեսակներով, կը գործածեն իրենց «ուշագրաւ» իրագործումներու չվերջացող պատումներով, եւ ձեւը կը գտնեն ինքզինքնին լուսարձակի տակ բերելու ձանձրացնող յաճախականութեամբ:

Վաչէ Փափազեան

Մուտք

Ինչո՞ւ մտքերու այս շարքը:

Տագնապը, զոր Հայաստանը կ՛ապրի, մեծ է, իսկ սփիւռքի վիճակը` ծանր:

Բնական է սպասել, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի խնդիրները լուծելու համար մտածուած եւ յուսալի աշխատանք տանին հայրենի իշխանութիւնները եւ անոնց մրցակից քաղաքական ուժերը, բայց նման նախաձեռնութիւն չ՛երեւիր  հայրենի հորիզոնին վրայ: Հիմնական լուծումներու ձգտող յուսալի նախաձեռնութիւններ չկան նաեւ սփիւռքի մէջ:

Ամէն յանձնառու հայ մարդ այս վիճակին մէջ պարտի իր կարելիով մասնակցիլ:

Այս տողերուն հեղինակը կը փափաքի այդ ընել` բերելով իր համեստ յաւելումները մեր ազգային-մարդկային կեանքին առնչուող գաղափարներու խումբին:

1. Քարոզչութի՞ւն, Թէ՞ Աթոռի Ապահովման Աշխատանք

Քարոզչութիւնը օգտակար է եւ շատ կարեւոր, եթէ կատարուի տրամաբանական չափով եւ հանրութիւնը լուսաբանելու ու տեղեակ պահելու  նպատակով: Այս տեսակ քարոզչութիւնը պիտի կոչենք «առողջ քարոզչութիւն»: Բայց այս  օրերուն կան ընդվզեցնող պարագաներ:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ երկրի մը վարչապետը կ՛ընէ այնպէս, որ գրեթէ ամէ՛ն օր հեռատեսիլի պետական կայանը օրուան լուրերուն բաւական մեծ մասը օգտագործէ զի՛նք ցուցադրելու համար: Կամ` երբ ամէն օր հեռատեսիլէն ցուցադրուին կառավարութեան թատերականացած  նիստեր, ուր մեր վարչապետը միշտ գլխաւոր դերը կը ստանձնէ: Կամ` երբ ժողովուրդը կը ստիպուի ամէն օր դիտել իր վարչապետին կատարած ձեւական եւ անիմաստ այցելութիւնները: Կամ` երբ զանազան նախարարութիւններ հեռատեսիլային «շոու»-ով ձեւական «հաշուետուութիւն» տան  վարչապետին:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ միանձնեայ ղեկավարութիւն ունեցող հայրենի «կուսակցութիւններ» իրենց խօսնակներով անդադար իրենց անփոխարինելի ըլլալը եւ ներկայ իշխանութիւններուն միակ այլընտրանք ըլլալը կը շեփորեն:

Առողջ քարոզչութի՞ւն է, երբ, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հանրային գործիչներ, մտաւորականներ եւ հաստատութիւններ բեմերը եւ մետիան` իր բոլոր տեսակներով, կը գործածեն իրենց «ուշագրաւ» իրագործումներու չվերջացող պատումներով, եւ ձեւը կը գտնեն ինքզինքնին լուսարձակի տակ բերելու` ձանձրացնող յաճախականութեամբ:

* * *

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»-ն կեղծիք կը պարունակեն եւ հետեւաբար կը խաթարեն հանրային մթնոլորտը, կը բարոյալքեն ընկերութիւնը:

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»-ն ժամանակի ընթացքին ժողովուրդը պիտի տանին դէպի անտարբերութիւն եւ հիասթափեցնելով գիտակից երիտասարդութիւնը` զայն պիտի մղեն հեռանալու ազգային գործէն:

Անդադրում ինքնագովութիւնը եւ թատերական «շոու»-ն խորքին մէջ կը ծառայեն իշխանութեան վրայ մնալու կամ իշխանութեան հասնելու նպատակին:

Պետութիւն, հայրենիք, ազգ փրկելու կարողութիւնը ունենալէ հեռու պիտի ըլլանք, եթէ խստիւ չմերժենք բոլոր նման երեւոյթները, ո՛ւր որ ալ հանդիպինք անոնց` հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Յունուար 2024, Պէյրութ

Հոդվածը՝ Aztagdaily.com կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *