Հայաշխարհ

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ՝ 4.2 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ԴԻՄԱՑ

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Երեկ երեկոյեան, նախկին նախագահ, Ռոբերտ Քոչարյանի փաստաբանները, դիմելով վճռաբեկ դատարան նոր միջնորդութեամբ մը, կարողացան անոր խափանման միջոցը փոխել, եւ 4.2 միլիոն տոլար գրաւի դիմաց զինք բերել ազատութեան դաշտ։

Հաւանաբար բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ պիտի տրուին այս մասին, եւ տարբեր վարկածներ ի յայտ պիտի գան։

Նոր իշխանութեան որոշ բարեկամներն ու զօրակիցները այդ որոշումը պիտի վերագրեն Քոչարյանի ունեցած հին կապերու կամ դատաւորի նկատմամբ ճնշումներու ներքոյ առնուած որոշում ։

Քոչարյանի զօրակցող անձինք կամ կուսակցութիւններ պիտի հրճուին եւ ըսեն՝ ահաւասիկ առողջ եւ արդար դատաւոր եւ դատարան։

Ոմանք պիտի բարկանան եւ մեղադրեն ներկայ իշխանութիւնները որ պէտք եղածը չըրին, առաջին իսկ օրէն մաքրելու դատական համակարգը, «Վեթինկ» չկատարեցին դատաւորներու նկատմամբ։ Ուրիշներ ալ պիտի յամառին ըսելով որ դատարանները փոխելու կարիք չկայ եւ նոր իշխանութիւնները գործ չունին դատարաններով զբաղուելու։ Նաեւ ըսողներ պիտի ըլլան որ չորս վարչապետներու անձնական երաշխաւորութիւնը նուազ արժէք ունէր քան դատաւորի առաջարկած այդ գումարը։

Ես հետեւեալ տեսակէտները ունիմ ՝

1. Նախ եւ առաջ կը հաւատամ որ մինչեւ օրս յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք եւ «Քորոնա»էն առաջ, յեղափոխականները, դատարանները մաքրագործելու խնդիրը լուծած պէտք է ըլլային, որպէսզի արդար եւ բոլորի վստահութիւնը վայելող դատարաններ ունենայինք այսօր։

2. Այս դատաւորի որոշումը ցոյց կու տայ որ, փաստօրէն, Փաշինյանը դատաւորներու վրայ ճնշումներ բանեցնելու գործիքներ չունի եղեր, եւ ուրեմն բոլոր այդ պոռչտուքը թէ դատաւորները Փաշինյանի թելադրութիւններով կը գործեն՝ անհիմն էր։

3. Կը կարծեմ որ Քոչարյանը ունի մեծաթիւ իրեն ենթակայ մարդիկ, փաստաբաններ, հսկայական նիւթական կարողութիւն, լրատուական միջոցներ, որոնք կրնայ ի գործ դնել ներկայ իշխանութիւններուն դէմ իր պայքարը առաջ տանելու համար։ Ինք ըլլայ ներս թէ դուրս, շատ ալ տարբեր պիտի չըլլայ։

4. Թէեւ համաձայն էի Քոչարյանի պարագային որ մնայ «ներս»ը, սակայն կը կարծեմ որ ընդհանրապէս կալանքը վերջին միջոցը պէտք է ըլլայ մարդկանց դատելէն առաջ, իրենց ներկայութիւնը ապահովելու համար, դատարանէն ներս։ Հայաստան, սովետական սովորութիւններով կ՚առաջնորդուի եւ ամէն փոքր յանցանքի համար կալանք կը դրուի մարդկանց վրայ։ Բան մը որ փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի։

5. Եւ վերջապէս, արդէն երկու տարիէ ի վեր անհամբեր կը սպասենք այս դատավարութեան։ Թող ընեն եւ ազատուինք։ Եթէ փաստեր ունին թող դատեն, իսկ եթէ չունին թող ազատ արձակեն եւ աշխատինք շատ աւելի կարեւոր ազգային օրակարգով ՝ Բանակի հզօրացում, դատարաններու եւ դատաւորներու մաքրման աշխատանքներ, տնտեսութեան բարելաւում, կաշառակերութեան դէմ պայքար, Սփիւռքի կարողականութեան օգտագործում, կրթութիւն, առողջապահութիւն եւ անշուշտ ամենակարեւորը Արցախի հիմնահարց։

Կը յուսամ որ ազգովին կը դիմագրաւենք այս բոլորովին երկրորդական նշանակութիւն ունեցող դժուարութիւնները եւ կ՚անցնինք աւելի խորքային, պետական եւ համազգային տարողութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման։

Լոս Անջելէս

Յունիս 19, 2020

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *