ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ․- «Արգահատելի են անոնք, որոնք կ՚ուզեն․․․ շագանակը ուրիշի ձեռքով կրակէն հանել»

Յուշապատում

Ն․ Պէրպէրեան

2020 թուականին շատ բաներ գլխիվայր շրջուած են երկրագունտի երեսին, յատկապէս ՀԱՄԱՎԱՐԱԿի աշխարհասասան ՑՆՑՈՒՄի պայմաններուն մէջ։

Իսկ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի տարածքին, համացանցի եւ դիմատետրի նման հաղորդամիջոցներու սանձարձակ գործածութեան հետեւանքով, մեր կեանքը աւելի խորը մխրճուած է ԱՐՇԱԿԱՒԱՆի ՏՂՄՈՒՏ ոլորապտոյտին մէջ։

Խելքը հասնողն ու չհասնողը մտքին փչածը գրառումի կը վերածէ եւ երբեմն ալ ամէնէն փողոցային հայհոյանքներով ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊՂԾԵԼՈՎ՝ իբրեւ ԱՆՑԱԳԻՐ կը գործածէ աջ ու ձախ թոյն թափելու եւ սիրտը իբր թէ պաղեցնելու համար․․․

Չէ՞ որ կ՚ապրինք ԴԱՐԱՇՐՋԱՆը մտքի եւ կարծիքի, տեղակատուութեան ու հաղորդակցութեան, այլեւ գաղափարական պայքարի եւ քաղաքական շարժումի․․․ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ։Այսքանը թերեւս հասկնալի նկատուէր եւ յատուկ ուշադրութեան արժանի չ՚ըլլար, եթէ ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ արգահատելի «մշակոյթ» մը չհետեւէր այս նորելուկ ալիքին։

Փաստօրէն հրապարակ թափուած եւ աջ ու ձախ արձակուած իրենց լուտանքներով հասարակական մեր միջավայրը թունաւորողներուն գերակշիռ մասը ԾԱՌԱՅԱՄԻՏՆԵՐ են, որոնք թութակաբար եւ միաբերան կը կրկնեն իրենց բերնին մէջ դրուած՝ «ՇԷՖ»երու կողմէ ծամծմուած յանկերգներ։

«ՇԷՖ»երը մութին մէջ պահուըտած եւ Հայաստանն ու Հայութիւնը ՅԱՉՍ ՍՓԻՒՌՔի ՍԵՒՑՈՒՑԱԾ անուանի ԵՐԿՉՈՏՆԵՐն են, որոնք ամէնուր եւ ԲՈԼՈՐԷՆ ԼՔՈՒԱԾ՝ դաւեր կ՚որոճան եւ կը փորձեն իրենց ծառայող անարժաններու ձեռամբ կրակէն շագանակ հանել եւ յագուրդ տալ գետնաքարշ սողունի իրենց․․․ գոյութեան։

Հասարակական, գաղափարական եւ քաղաքական ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ մասին ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴին դաստիարակչական անմոռանալի ուղղութիւն ջամբած է ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, որ մուսա-լեռցիի իր նկարագրով ու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կազմաւորումով՝ իր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ առաջին շարքերուն ԱՆՍԱՍԱՆ ու ԽՐՈԽՏ կանգնած ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐը եղաւ մինչեւ վերջին շունչ։

Ընկեր Զէյթլեան ԱԶԳԱՅԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ այն ՏԻՊԱՐն է, որ 1976ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանրագոյն պայմաններուն մէջ, երբ կեանքի ապահովութեան սիրոյն մէկ տարուան մէջ հայօճախը շուրջ 300 հազար համրանքէն նուազեցաւ գրեթէ 200 հազարի, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէներու «ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ» վարժարանի ընդարձակ բակին մէջ ի լուր Հայաշխարհին ԱՊԱՀՈՎԵՑՈՒՑ, որ Պուրճ Համուտի ամէն մէկ թաղ նոր ԶԷՅԹՈՒՆ ու ՀԱՃԸՆ, նոր ՍԱՍՈՒՆ ու ՎԱՆ պիտի դառնայ եւ պահէ ու պահպանէ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՄՐՈՑը ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ։

Եւ 1976ի այդ օրը ես կողքիս տեսայ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔը աչքին մէջ ՄՈՆԹԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի, որ արեան կանչին անսալով եկած էր Լիբանան՝ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏը պաշտպանելու․․․Այդ ատենէն մինչեւ Մարտ 1985ի իր ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ու ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ անարգ ՈՃԻՐը, ընկեր Ս․ Զէյթլեան ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ առաջնորդուելու ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը եղաւ մեր ժողովուրդի եւ որոշապէս ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կեանքին մէջ։

Իր բոլոր ճիգերով պահեց ու պաշտպանեց ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆը գաղափարի բոլոր ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ՝ նոյնիսկ երբ այս կամ այն պատասխանատու ընկերոջ ՄԵՂԿՈՒԹԻՒՆը ծանր ճնշեց իր վրան եւ հիասթափութեան իր պահերուն մտերիմներուն մօտ պոռթկաց, որ՝«Արգահատելի են անոնք, որոնք կ՚ուզեն․․․ շագանակը ուրիշի ձեռքով կրակէն հանել»։

Այսինքն՝ Ի՞ՆՉ․․․

Եթէ մերօրեայ «ՇԷՖ»երուն մէջ կաթիլ մը ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ կայ՝ փոխանակ խեղճուկրակ այսօրուան նորելուկները փճացնելու եւ անոնց ձեռքերը այրելու գնով շագանակը կրակէն հանել փորձելու, լաւ կ՚ընեն, որ ներկայանան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի դատ ու դատաստանին։Անշուշտ՝Եթէ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՉԵՆ ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂով։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *