14.7 C
Yerevan

ԺԱՄՆ Է ՍԹԱՓԵԼՈՒ

ՌՈՒԲէՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Հայաստա­նի ներկայ իշխա­նութիւննե­րը անընդհատ կ՚ենթարկուին բուռն քննա­դա­տութեան եւ արդէն սկսած են ցուցա­բե­րել պաշա­րուա­ծի մտայնութիւն (siege mentality) եւ կորսնցնել իրենց հաւա­սա­րակշռութիւնը։

Կան քննա­դա­տողնե­րու երկու տեսակներ։

Առա­ջին տեսա­կը կը քննա­դա­տէ, որպէսզի իշխա­նութիւնը ճշդէ իր սխալնե­րը, բարե­լաւէ իր գործունէութիւնը եւ, օգտուե­լով քննա­դա­տութիւննե­րէն, հասնի յաջո­ղութեան։

Իսկ երկրորդ տեսա­կը կը քննա­դա­տէ, որպէսզի իշխա­նութիւնը տկա­րա­նայ, ապա­կա­յունա­նայ եւ, ի վերջոյ, ձախո­ղի ու տապա­լի։

Դժբախտա­բար, այսօր առա­ջի­նին ձայնը շատ արձա­գանք չի գտներ եւ հետեւա­բար արդիւնաւէտ չէ, մինչ երկրորդը ողո­ղած է լրա­տուա­կան դաշտը եւ սոցիա­լա­կան ցանցե­րը։

Իսկ իշխա­նութիւնը տարբե­րութիւն չի թուիր դնել այս երկու տեսակնե­րուն միջեւ՝ երբեմն որդեգրե­լով մեծա­միտ եւ ինքնա­հիա­ցած պահուածք։

Իբրեւ հետեւանք, քաղա­քա­կան բեմը մեզի կը հրամցնէ տհաճ, քանդիչ եւ ազգավնաս պայքար մը միայն, մէկ կողմէ՝ Իմ Քայլա­կան իշխա­նութեան, եւ միւս կողմէ՝ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան մը միջեւ, որը կը բաղկա­նայ նախկին համա­կարգի ներկա­յա­ցուցիչնե­րէն եւ անոնց սատա­րող ուժե­րէն։

Խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան մասին խօսի­լը անի­մաստ կը նկա­տեմ, որովհե­տեւ հոն գտնուող երկու «ընդդի­մա­դիր» ուժե­րը բաւա­կա­նին պատե­հա­պաշտ կեցուածք որդեգրած են եւ լուրջ ու կառուցո­ղա­կան մօտե­ցում չեն դրսեւո­րեր։

*

* *

Պայքա­րը ներկայ եւ նախկին իշխա­նութիւննե­րուն միջեւ Հայաստա­նին եւ Հայութեան ոչ մէկ օգուտ չի կրնար բերել։ Ընդհա­կա­ռա­կը՝ ան միայն կը յաջո­ղի ապա­կողմնո­րո­շել եւ բարո­յալքել ժողո­վուրդը, եւ արգելք դառնալ մեր համազգա­յին ներուժի լարումին ու կազմա­կերպման, ի շահ Հայաստա­նի զարգա­ցումին եւ հզօ­րա­ցումին։

Այսօ­րուան հրա­մա­յա­կանն է համախմբել բոլոր առողջ ազգա­յին ուժե­րը մէկ դաշինքի ներքեւ, որպէսզի կարե­լի ըլլայ գոյացնել ազդե­ցիկ, լուրջ եւ կառուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն, որուն նպա­տա­կը իշխա­նա­տենչութիւն չէ, պաշտօննե­րու տիրա­նալ չէ, օգտուիլ չէ, այլ պայքար է՝ յանուն երկու տարի առաջ ծայր առած յեղա­փո­խութիւնը հասցնե­լու իր աւարտին։

Այդ պայքա­րը կ՚ենթադրէ մերկացնել նախկիննե­րու ազգա­դաւ գործունէութիւնը, քննա­դա­տել ներկա­նե­րու բացթո­ղումներն ու կոպիտ սխալնե­րը եւ, ի հարկին, նեցուկ կանգնիլ իշխա­նութեան՝ իրա­կա­նացնե­լու համար ամէ­նէն դժուար եւ բարդ բարե­փո­խումնե­րը, որոնց առջեւ կան ներքին թէ արտա­քին լրջա­գոյն խոչնդոտներ։

Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ շատ են ու հզօր այն ուժե­րը, որոնք չեն ցանկար տեսնել իսկա­պէս անկախ, արդար եւ ժողովրդա­վար Հայաստան, եւ ունին մեծ թիւով լծակներ՝ ձախո­ղեցնե­լու համար նման Հայաստան մը կերտե­լու որեւէ փորձ։

*

* *

Մեր ազգին առջեւ ծառա­ցած բոլոր հիմնա­հարցե­րը – տնտե­սա­կան վերելք, անվտանգութիւն, Արցախ, պարե­նա­յին թէ «էներգե­տիկ» ինքնա­բաւութիւն, ցեղասպա­նութեան ճանա­չում եւ հատուցում, հայա­պահպա­նում, հայա­հաւաք, հողա­հաւաք – կարե­լի չէ լուծել ի նպաստ մեզի՝ այնքան ատեն, որ աղքատ, տկար եւ օտա­րէն կախեալ պետութիւն ունինք։

Մեզի հետ հաշուի կը նստին եւ մեզ կը յարգեն միայն այն ժամա­նակ, երբ մենք տնտե­սա­կան եւ ռազմա­կան ուժ կը ներկա­յացնենք եւ ունինք լծակներ՝ ազդե­լու այլ պետութիւննե­րու քաղա­քա­կա­նութեան վրայ։

Նման հզօր իրա­վի­ճակ կարե­լի է ստեղծել կազմա­կերպուած, համադրուած եւ երկա­րա­շունչ աշխա­տանքով, անսա­կարկ նուի­րումով եւ համազգա­յին ճիգով ու զօրա­շարժով։

Իսկ այդ զօրա­շարժը յաջո­ղեցնե­լու համար անհրա­ժեշտ են իտէալներ, ոգի, կամք եւ կորով։

Ամէն աժան քննա­դա­տութիւն, հեգնանք կամ անհիմն ամբաստա­նութիւն կու գայ, կամայ թէ ակա­մայ, քայքա­յե­լու այդ ոգին ու կամքը եւ ձախո­ղեցնե­լու մեր համազգա­յին զօրա­շարժը։

Երկու տարի առա­ջուան ժողովրդա­յին ապստամբութիւնը եւ գողա­պե­տա­կան համա­կարգի փլուզումը ստեղծե­ցին պատմա­կան առի­թը՝ ազգո­վին կերտե­լու մեր երա­զած հայրե­նի­քը, եւ մենք իրաւունքը չունինք, ի խնդիր նեղ եւ ճղճիմ հաշիւնե­րու, մսխե­լու մեզի ընծա­յուած այս առի­թը։

Ժամն է սթա­փե­լու։

Առնչվող Հոդվածներ