սոց ցանց

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Կատարելապէս իրականութենէ կտրուած պէտք է ըլլալ՝ չհասկնալու համար, թէ Քորոնաժահրը միջազգային հանրութեան եւ առանձին պետութիւններու համար հսկայական մարտահրաւէր մըն է: Ինչքան ալ տարբեր-տարբեր` քաղաքական թէ այլ մղումներով, մարդ փորձէ նսեմացնել այս առողջապահական սպառնալիքին աղէտալի հետեւանքները, փաստը կը մնայ փաստ՝ թէ կառավարութիւններ հսկայական միջոցներ ի գործ դրած են, որպէսզի պայքարին այս համավարակի տարածման դէմ: Հսկայական ճիգեր գործի դրուած են նաեւ՝ ժահրի հետեւանքով լրջագոյն ընկերատնտեսական ցնցումներու առաջքը առնելու:

Հայաստանի մէջ ալ պարագան տարբեր չէ: Ընդհակառակն, կացութիւնը աւելի եւս լուրջ է Հայաստանի պարագային՝ առաջին հերթին նկատի առնելով անոր սահմանափակումները, յատկապէս իր փխրուն տնտեսութիւնը, որ տարիներու վրայ երկարող արատաւոր եւ ապիկար ծրագրումի հետեւանք է: Հայաստանի արտադրանքները փոքր համեմատութիւնն են տնտեսութեան, իսկ օտար դրամանիշի (տոլար, եւրօ, եւայլն) աղբիւրները եղած են գլխաւորաբար զբօսաշրջութեան եւ փոխանցումներու (թրանսֆէր) ոլորտները: Պարզ է, որ ժահրի հետեւանքով երկիրը կը չորանայ օտար դրամանիշէ, ինչ որ կտրականապէս կը սահմանափակէ պետութեան գնորդական միջոցները, ու յաւելեալ հսկայական պարտքերու դուռ կը բանայ:

Երկրորդ․ Հայաստանը պատերազմական րէժիմի հետեւող պետութիւն է, շրջափակուած պատեհապաշտ թշնամիներով, որ պէտք է առաւել կերպով մտահոգուի իր ներքին ծառայութիւնները (յատկապէս առողջապահական, բայց ոչ միայն) զերծ պահելու համար յաւելեալ պրկումներէ, որոնք վստահաբար իր դիմադրականութիւնը կը վտանգեն:

Այս իսկ պատճառներով Հայաստանը այսօր յաւելեալ պատերազմական ճակատ մը ունի, որ պարտադրուած է իրեն: Այս պատերազմը ազգին մղելիք պատերազմն է: Ազգի մէկ կամ միւս տարրին կամ մասին կռիւը չէ․ այս կամ այն իշխանաւորին կռիւը չէ: Ինչպէս որ թշնամիին կողմէ հայկական հողի վրայ գործուած որեւէ մէկ յարձակում մեր բոլորին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորոնավիրուսի մարտահրաւէրը առ Հայաստան` իւրաքանչիւր հայու կռիւն է:

Հետեւաբար, ասիկա այն պահն է, երբ բոլորս` բոլորս անխտիր, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր, Նիկոլապաշտ թէ Նիկոլատեաց, Հայաստանի բնակիչ թէ հեռաւոր ափերու հայեր, բոլորս պէտք է գօտեպնդուինք՝ ընդհանուր պատերազմը յառաջ մղելու համար ընդդէմ ժահրի պատճառած եւ պատճառելիք վնասներուն:

Այսօր պահը չէ ներքին լարուածութիւններու, ով ալ ըլլայ այդ լարուածութեան հեղինակը: Այսօր պատերազմ է անտեսանելի թշնամիին դէմ, եւ պատերազմող ազգը պէտք է ու պիտի ՛ միանայ:

Այսպէս եւ ա՛յս թելադրանքով շարժած է հայ ազգը անցեալին, այսպէս ալ պէտք է շարժի այսօր:

Այսօր բոլոր սփիւռքեան հայկական համայնքները, իրենց տեղական բազում խնդիրները լուծելու կողքին, պարտաւոր են նաեւ գօտեպնդուելու՝ հայրենիքի կարիքներուն անսալու համար:

Այսօր՝ մէկ ազգ ենք:
Այսօր՝ մէկ ազգ ենք եւ ունինք մէկ ու միակ հայրենիք:
Ասոնք լոկ լոզունքներ չեն, հաւատամք է և իրականութիւն:

Կատարելապէս իրականութենէ կտրուած պէտք է ըլլալ՝ չհասկնալու համար, թէ Քորոնաժահրը միջազգային հանրութեան եւ առանձին…

Posted by Viken Hovsepian on Wednesday, June 3, 2020
    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *