13.5 C
Yerevan

ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Կատա­րե­լա­պէս իրա­կա­նութե­նէ կտրուած պէտք է ըլլալ՝ չհասկնա­լու համար, թէ Քորո­նա­ժահրը միջազգա­յին հանրութեան եւ առանձին պետութիւննե­րու համար հսկա­յա­կան մարտահրաւէր մըն է: Ինչքան ալ տարբեր-տարբեր‘ քաղա­քա­կան թէ այլ մղումնե­րով, մարդ փորձէ նսե­մացնել այս առողջա­պա­հա­կան սպառնա­լի­քին աղէ­տա­լի հետեւանքնե­րը, փաստը կը մնայ փաստ՝ թէ կառա­վա­րութիւններ հսկա­յա­կան միջոցներ ի գործ դրած են, որպէսզի պայքա­րին այս համա­վա­րա­կի տարածման դէմ: Հսկա­յա­կան ճիգեր գործի դրուած են նաեւ՝ ժահրի հետեւանքով լրջա­գոյն ընկե­րատնտե­սա­կան ցնցումնե­րու առաջքը առնե­լու:

Հայաստա­նի մէջ ալ պարա­գան տարբեր չէ: Ընդհա­կա­ռակն, կացութիւնը աւե­լի եւս լուրջ է Հայաստա­նի պարա­գա­յին՝ առա­ջին հերթին նկա­տի առնե­լով անոր սահմա­նա­փա­կումնե­րը, յատկա­պէս իր փխրուն տնտե­սութիւնը, որ տարի­նե­րու վրայ երկա­րող արա­տաւոր եւ ապի­կար ծրագրումի հետեւանք է: Հայաստա­նի արտադրանքնե­րը փոքր համե­մա­տութիւնն են տնտե­սութեան, իսկ օտար դրա­մա­նի­շի (տոլար, եւրօ, եւայլն) աղբիւրնե­րը եղած են գլխաւո­րա­բար զբօ­սաշրջութեան եւ փոխանցումնե­րու (թրանսֆէր) ոլորտնե­րը: Պարզ է, որ ժահրի հետեւանքով երկի­րը կը չորա­նայ օտար դրա­մա­նի­շէ, ինչ որ կտրա­կա­նա­պէս կը սահմա­նա­փա­կէ պետութեան գնորդա­կան միջոցնե­րը, ու յաւե­լեալ հսկա­յա­կան պարտքե­րու դուռ կը բանայ:

Երկրորդ․ Հայաստա­նը պատե­րազմա­կան րէժի­մի հետեւող պետութիւն է, շրջա­փա­կուած պատե­հա­պաշտ թշնա­մի­նե­րով, որ պէտք է առաւել կերպով մտա­հո­գուի իր ներքին ծառա­յութիւննե­րը (յատկա­պէս առողջա­պա­հա­կան, բայց ոչ միայն) զերծ պահե­լու համար յաւե­լեալ պրկումնե­րէ, որոնք վստա­հա­բար իր դիմադրա­կա­նութիւնը կը վտանգեն:

Այս իսկ պատճառնե­րով Հայաստա­նը այսօր յաւե­լեալ պատե­րազմա­կան ճակատ մը ունի, որ պարտադրուած է իրեն: Այս պատե­րազմը ազգին մղե­լիք պատե­րազմն է: Ազգի մէկ կամ միւս տարրին կամ մասին կռիւը չէ․ այս կամ այն իշխա­նաւո­րին կռիւը չէ: Ինչպէս որ թշնա­միին կողմէ հայկա­կան հողի վրայ գործուած որեւէ մէկ յարձա­կում մեր բոլո­րին նետուած ձեռնոց է, այդպէս ալ Քորո­նա­վի­րուսի մարտահրաւէ­րը առ Հայաստան‘ իւրա­քանչիւր հայու կռիւն է:

Հետեւա­բար, ասի­կա այն պահն է, երբ բոլորս‘ բոլորս անխտիր, իշխա­նա­մէտ թէ ընդդի­մա­դիր, Նիկո­լա­պաշտ թէ Նիկո­լա­տեաց, Հայաստա­նի բնա­կիչ թէ հեռաւոր ափե­րու հայեր, բոլորս պէտք է գօտեպնդուինք՝ ընդհա­նուր պատե­րազմը յառաջ մղե­լու համար ընդդէմ ժահրի պատճա­ռած եւ պատճա­ռե­լիք վնասնե­րուն:

Այսօր պահը չէ ներքին լարուա­ծութիւննե­րու, ով ալ ըլլայ այդ լարուա­ծութեան հեղի­նա­կը: Այսօր պատե­րազմ է անտե­սա­նե­լի թշնա­միին դէմ, եւ պատե­րազմող ազգը պէտք է ու պիտի ՛ միա­նայ:

Այսպէս եւ ա՛յս թելադրանքով շարժած է հայ ազգը անցեա­լին, այսպէս ալ պէտք է շարժի այսօր:

Այսօր բոլոր սփիւռքեան հայկա­կան համայնքնե­րը, իրենց տեղա­կան բազում խնդիրնե­րը լուծե­լու կողքին, պարտաւոր են նաեւ գօտեպնդուե­լու՝ հայրե­նի­քի կարիքնե­րուն անսա­լու համար:

Այսօր՝ մէկ ազգ ենք:
Այսօր՝ մէկ ազգ ենք եւ ունինք մէկ ու միակ հայրե­նիք:
Ասոնք լոկ լոզունքներ չեն, հաւա­տամք է և իրա­կա­նութիւն:

https://www.facebook.com/vhovsepian/posts/10158748239338296

Առնչվող Հոդվածներ