ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Կէթo բառը կը նշանակէ՝ քաղաքներու աղքատ շրջաններուն մէջ, երկրի փոքրամասնութեանց յատկացուած տարածք:
Յետոյ, աւելի ուշ արդէն ու վերջին անգամ՝ Նացի Գերմանիոյ կողմէ հիմնուած Լեհաստանի հրէական կէթօներու մասին կը լսենք։
Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած մեր ազգի Ցեղասպանութեան առընթեր՝ տեղահանումներու ենթարկուած հայութեան բեկորները ի վերջոյ պատերազմի աւարտին հասան միջին-արեւելեան երկիրներ եւ այնտեղ հիմնեցին վրանաքաղաքներ, որոնք հետզհետէ քարաշէն տնակներու վերածուեցան։
Անոնց ամէնէն մարդաշատները Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ էին, ուր անոնք վերածուեցան հայաբնակ թաղամասերու (ձեւով մը կէթօներու), որոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայերէ կը բաղկանար։
Այդտեղ՝ բոլոր օճախներուն մէջ, առաջին օրերէն սկսեալ, մեր աւանդական կուսակցութիւններուն կողմէ հայօրէն ապրելու հիմքեր դրուեցան :
Բնականաբար, առաջին տասնամեակներուն, հայութեան մտասեւեռումը իր գոյութիւնը պահելն էր, իսկ ազգային իմաստով՝ վառ պահել նաեւ հեռաւոր Հայաստանի մը երազը, իսկ ներքին ազգային կեանքը տնօրինուած էր ազգային կուսակցութիւններու կողմէ, որոնք հայ ժողովուրդի լիակատար զօրակցութիւնը կը վայելէին։
Այդ օրերէն անցան բազում տասնամեակներ ու այդ երկիրներու հայութենէն մաս մը արտագաղթեց արեւմտեան երկիրներ, ուր տարբեր բարքեր էին ու ազատ կարծիք յայտնելը՝ մարդկային իրաւանց սկզբունքներէն մէկը:
Ուրիշներ՝ հետզհետէ աւելի բարեկեցիկ դառնալով, դուրս եկան հայկական թաղամասերէն, հետեւաբար եւ ազգային կառոյցներու անմիջական ազդեցութիւնէն, այսուամենայնիւ մնացին որոշակի ազդեցութեան եւ տիրող նախկին գործելաոճին ենթակայ։
Հիմա, սակայն, սրընթաց զարգացման այս դարուն, նոր զարգացած ու խելօք երիտասարդութեան մը յառաջ գալով, կէթոյի յատուկ հին գործելաոճը եւ մարտավարութիւնները ժամանակավրէպ կը դառնան կուսակցութիւններուն համար:
Հետեւաբար, պատնէշի վրայ մնալու համար, հարկ է տակաւին յամեցող երեւակայական կեթոյէն դուրս գալ ։
Նորօրեայ զարգացած եւ բաց հասարակութեան մէջ մեծցող երիտասարդութեանը կարելի չէ եւ ճիշդ չէ յարմարեցնել հինին, այլ ընդհակառակն՝ պէտք է քայլ պահել երիտասարդներու երթին հետ։