13.5 C
Yerevan

ԼՌԵԼԸ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ Է

ՌՈՒԲԷՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Այս վերջին օրե­րուն, ՀՅԴ ղեկա­վար պաշտօններ զբա­ղեցնող կարգ մը անձեր բուռն կերպով կը քննա­դա­տեն իշխա­նութուննե­րը, մատնանշե­լով անոնց գործած իւրա­քանչիւր սխա­լը, ապի­կա­րութիւնը եւ անբարտաւա­նութիւնը, եւ մեղադրե­լով զանոնք երկի­րը հասցնե­լու քայքայման ու փլուզման եզրին։ Ըստ իրենց, նման քննա­դա­տութիւններ կատա­րե­լը ազգա­յին պարտաւո­րութիւն է եւ կը հետապնդէ պետա­կա­նութեան շահե­րը, իսկ «լռե­լը դաւա­ճա­նութիւն է»։

Անկախ անկէ, թէ այդ քննա­դա­տութիւննե­րը տեղին են թէ ոչ, եւ ընդունե­լով հանդերձ, որ իշխա­նութիւննե­րը կը գործեն բազմա­թիւ սխալներ եւ յաճախ կը ցուցա­բե­րեն մեծամտութիւն ու ամբարտաւա­նութիւն, պիտի փափա­քէի որ ՀՅԴ ղեկա­վարնե­րը անդրա­դառնան, որ իրենք շատոնց կորսնցուցած են բարո­յա­կան հեղի­նա­կութիւնը քննա­դա­տե­լու, որովհե­տեւ քսան տարի շարունակ, շատ աւե­լի ծանր, աղի­տա­լի եւ ազգա­կործան սխալնե­րու առջեւ ինչ-ինչ հաշուարկնե­րով մնա­ցած են լուռ, եւ ինչպէս իրենք կ՚ըսեն իրաւա­ցիօ­րէն, լռե­լը դաւա­ճա­նութիւն է։ Ոմանք հաստատ պիտի բողո­քեն եւ ինծի յիշեցնեն տարբեր օրի­նակներ, երբ ՀՅԴ‑ն հանդէս եկած է քննա­դա­տո­ղի դիրքե­րէ, բայց եւ այնպէս, ծուռ նստինք ու շիտակ խօսինք. քսան տարի, ըլլայ ՀՅԴ մամուլին թէ պատասխա­նա­տու ընկերնե­րու արտա­յայտութիւննե­րուն մէջ, չեմ հանդի­պած այն բուռն ու թշնա­մա­կան քննա­դա­տա­կան ոճին, հեգնանքին, անարգանքին եւ թոյնին, որուն ակա­նա­տես եղած եմ այս վերջին երկու տարի­նե­րուն։

Անձամբ կասկած չունիմ, որ այսօր, կուսակցութեան շարքե­րէն ներս եւ նոյնիսկ ղեկա­վար պաշտօննե­րու վրայ, մեծ է թիւը ազգա­սէր նուի­րեալնե­րուն։ Համո­զուած եմ նաեւ, որ ՀՅԴ‑ն եղած է գլխաւոր դերա­կա­տա­րը մեր ազգա­յին ազա­տագրա­կան պայքա­րի շարժման, եւ առանց ՀՅԴ‑ի մենք այսօր չէինք ունե­նար անկախ պետա­կա­նութիւն։ Շատ մեծ է ՀՅԴ‑ի վաստա­կը սփիւռքի գաղութնե­րը հայ պահե­լու դժուա­րին գործին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի պահանջա­տի­րա­կան եւ Արցա­խի ազա­տագրա­կան զոյգ պայքարնե­րուն մէջ։ Բնա­կա­նա­բար փափաքս է, որ նման անցեալ ունե­ցած կուսակցութիւն մը այսօր նաեւ իր կարեւոր դերա­կա­տա­րութիւնը ունե­նայ հայկա­կան պետա­կա­նութեան հզօ­րացման գործին մէջ։ Սակայն պիտի փափա­քէի որ ամէն բանէ առաջ, եւ աջին ու ձախին դասեր կարդա­լէ առաջ, կուսակցութիւնը անկեղծ քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կա­նը տայ անցեալ քսան տարի­նե­րու իշխա­նութիւննե­րու եւ ինքն իր գործունէութեան, ընդունի իր գործած սխալնե­րը, ճշդէ այդ սխալնե­րու պատճառներն ու արմատնե­րը, պատժէ այդ սխալնե­րու պատասխա­նա­տունե­րը, եւ մաքրէ ինքզինք իր շարքե­րը թափանցած պատե­հա­պաշտնե­րէն եւ գործա­կալնե­րէն։ Միայն այդպէս է որ ան պիտի վերագտնէ իր մսխուած բարո­յա­կան հեղի­նա­կութիւնը եւ չլռե­լու իրաւունքը։ Հակա­ռակ պարա­գա­յին քննա­դա­տութիւննե­րը արդա­րա­ցիօ­րէն պիտի այլ կերպ մեկնա­բա­նուին, որովհե­տեւ մերժուո­ղը քննա­դա­տութիւնը չէ, այլ քննա­դա­տո­ղը։

Դժբախտա­բար, ցարդ նման ինքնաքննա­դա­տութեան պատրաստա­կա­մութիւն չեմ տեսած, ոչ ներքին, ոչ ալ հանրա­յին մակարդա­կով։ Ընդհա­կա­ռա­կը, միայն տեսած եմ քննա­դա­տութիւն, մեղադրանք, հեգնանք ու թոյն՝ ուղղուած իշխա­նութեան հասցէին, եւ այդ բոլո­րը ոչ թէ միայն քորո­նա­վի­րուսի դէմ մղուող ձախող մարտա­վա­րութեան իբրեւ արդիւնք, այլ յեղա­փո­խութեան առա­ջին իսկ օրէն։ Ուրի­շը քննա­դա­տե­լը հեշտ է. մեծութիւնը ինքզինք քննա­դա­տե­լու եւ ինքն իր սխալնե­րը ընդունե­լու մէջ է։ Խստա­պա­հանջութիւնը առա­ջին հերթին ինքն իր հանդէպ է։

https://www.facebook.com/permalink.php?story_fbid=2698575997133456&id=100009432464587

Առնչվող Հոդվածներ