15.3 C
Yerevan

ՔԱՅԼ ՊԱՀԵԼ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Կէթo բառը կը նշա­նա­կէ՝ քաղաքնե­րու աղքատ շրջաննե­րուն մէջ, երկրի փոքրա­մասնութեանց յատկա­ցուած տարածք:

Յետոյ, աւե­լի ուշ արդէն ու վերջին անգամ՝ Նացի Գերմա­նիոյ կողմէ հիմնուած Լեհաստա­նի հրէա­կան կէթօ­նե­րու մասին կը լսենք։

Թուրքիոյ կողմէ իրա­կա­նա­ցուած մեր ազգի Ցեղասպա­նութեան առընթեր՝ տեղա­հա­նումնե­րու ենթարկուած հայութեան բեկորնե­րը ի վերջոյ պատե­րազմի աւարտին հասան միջին-արեւե­լեան երկիրներ եւ այնտեղ հիմնե­ցին վրա­նա­քա­ղաքներ, որոնք հետզհե­տէ քարա­շէն տնակնե­րու վերա­ծուե­ցան։

Անոնց ամէ­նէն մարդա­շատնե­րը Սուրիոյ եւ Լիբա­նա­նի մէջ էին, ուր անոնք վերա­ծուե­ցան հայաբնակ թաղա­մա­սե­րու (ձեւով մը կէթօ­նե­րու), որոնց բնակչութեան մեծա­մասնութիւնը հայե­րէ կը բաղկա­նար։

Այդտեղ՝ բոլոր օճախնե­րուն մէջ, առա­ջին օրե­րէն սկսեալ, մեր աւանդա­կան կուսակցութիւննե­րուն կողմէ հայօ­րէն ապրե­լու հիմքեր դրուե­ցան :

Բնա­կա­նա­բար, առա­ջին տասնա­մեակնե­րուն, հայութեան մտա­սեւե­ռումը իր գոյութիւնը պահելն էր, իսկ ազգա­յին իմաստով՝ վառ պահել նաեւ հեռաւոր Հայաստա­նի մը երա­զը, իսկ ներքին ազգա­յին կեանքը տնօ­րի­նուած էր ազգա­յին կուսակցութիւննե­րու կողմէ, որոնք հայ ժողո­վուրդի լիա­կա­տար զօրակցութիւնը կը վայե­լէին։

Այդ օրե­րէն անցան բազում տասնա­մեակներ ու այդ երկիրնե­րու հայութե­նէն մաս մը արտա­գաղթեց արեւմտեան երկիրներ, ուր տարբեր բարքեր էին ու ազատ կարծիք յայտնե­լը՝ մարդկա­յին իրաւանց սկզբունքնե­րէն մէկը:

Ուրիշներ՝ հետզհե­տէ աւե­լի բարե­կե­ցիկ դառնա­լով, դուրս եկան հայկա­կան թաղա­մա­սե­րէն, հետեւա­բար եւ ազգա­յին կառոյցնե­րու անմի­ջա­կան ազդե­ցութիւնէն, այսուա­մե­նայնիւ մնա­ցին որո­շա­կի ազդե­ցութեան եւ տիրող նախկին գործե­լաո­ճին ենթա­կայ։

Հիմա, սակայն, սրընթաց զարգացման այս դարուն, նոր զարգա­ցած ու խելօք երի­տա­սարդութեան մը յառաջ գալով, կէթո­յի յատուկ հին գործե­լաո­ճը եւ մարտա­վա­րութիւննե­րը ժամա­նա­կավրէպ կը դառնան կուսակցութիւննե­րուն համար:

Հետեւա­բար, պատնէ­շի վրայ մնա­լու համար, հարկ է տակաւին յամե­ցող երեւա­կա­յա­կան կեթո­յէն դուրս գալ ։

Նորօ­րեայ զարգա­ցած եւ բաց հասա­րա­կութեան մէջ մեծցող երի­տա­սարդութեա­նը կարե­լի չէ եւ ճիշդ չէ յարմա­րեցնել հինին, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ պէտք է քայլ պահել երի­տա­սարդնե­րու երթին հետ։

https://www.facebook.com/avog.boghossian/posts/2914889178558648

Առնչվող Հոդվածներ