Ազատ բեմ

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՔ ԱՂԲԱՆՈՑԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼ

Հայաստանով շնչող հասարակական գործիչ, ով 1988 թ.-ի երկրաշարժից ի վեր տարբեր ծրագրերով այցելում և օժանդակում է Հայաստանին ու Արցախին։

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆՅԱՆ

Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը հսկայական պատմական աւանդ ունեցող կազմակերպութիւն է։ Ոչ ոք, նոյնիսկ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը, իրաւունք ունի այդպիսի արտայայտութիւն ունենալու։ Դաշնակցութիւնը մեր ժողովուրդի փառքն ու պատիւն է եղած ամբողջ դար մը 1890էն ի վեր, իր յեղափոխական ազատագրական պայքարով, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտմամբ, Արցախի ազատագրման իր կարեւոր ներդրումով, սփիւռքեան գաղութներու կազմակերպմամբ եւ հայապահպանական աշխատանքներով։ Աւելին՝ Դաշնակցութիւնը գաղափարախօսութիւն է։ Դաշնակցութիւնը պատմականօրէն եղած է համակ նուիրում, զոհաբերութիւն եւ ծառայութիւն։

Դժբախտաբար այսօր եւ ի մասնաւորի վերջին քսան-քսանըմէկ տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը գահավիժի, հիմնականօրէն Հայաստանեան իր յաջորդական ղեկավարներու ձեռքով, Հայաստանեան իր վարած անսկզբունք քաղաքականութեամբ, իր «կոալիցիոն»ներով քաղաքական ուժերու հետ, որոնք տարիներով կեղեքած են ժողովուրդը, բանտարկած են ազգի հերոսներ, կոչած են զանոնք «տեռորիստներ», իսկ որոշ Դաշնակցականներ անձնապէս օգտուած են եւ հարստութիւններ դիզած։

Մեղմ գնահատմամբ, դարձած են գործակից եւ մեղսակից Քոչարյանի եւ Սարգսյանի փտած իշխանութիւններուն։

Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքին ջանք եւ ճիգ չխնայեցին ձախողցնելու համար ժողովրդային արդար պոռթկումը, ամէն ինչ ի գործ դրին որ Նիկոլ Փաշինյան ձախողի, ամէն կերպ ուզեցին աջակցիլ իրենց գործընկեր Հանրապետական կուսակցութեան։ Սակայն բարեբախտաբար, պայծառ օր մը, Սերժ Սարգսեան տուաւ հրաժարական եւ հեռացաւ, իսկ Դաշնակցութիւնը ինքզինք գտաւ Փաշինյանի կառավարութեան մէջ երկու նախարարներով, Նիկոլ Փաշինյանի իսկ հրաւէրով։ Փոխանակ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ օգնելու որ այս յեղափոխութիւնը յաղթական ընթացք ունենայ, Դաշնակցական ղեկավարութիւնը ամէն ինչ ըրաւ որ ձախողութեան մատնէ զայն։

Սաստիկ պայքարը սկսաւ Դաշնակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովէն ետք, երբ Հրանդ Մարգարեան իր բացման խօսքով, յստակ կոչ կ՚ընէր տապալելու Փաշինյանը։ Պէտք է ըսել որ մինչեւ օրս Դաշնակցական ղեկավար մարմիններ այդ պայքարը կը շարունակեն այլազան ձեւերով, նախարարի, կառավարութեան եւ վարչապետի հրաժարականի պահանջներով, դեղին եւ կարմիր քարտեր ցոյց տալով։

Իսկ հիմա նոր պայքարի դաշնակիցներ կը փնտրեն եւ կ՚ուզեն կրկին անգամ մտնել ցեխը, միանալով վարկաբեկուած Սերժ Սարգսեանի՝ Հանրապետական եւ որձեւէգ քաղաքականութիւն վարող Գագիկ Ծարուկյանի՝ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւններուն։

Ափսո՜ս։

Այսօր Փաշինյանի ղեկավարած կառավարութիւնը կը մեղադրուի Քորոնա ժահրի գծով տարած իր անհեռատես եւ անկարող աշխատանքով։ Մինչեւ իսկ յայտարարութիւններ կան որ ինքն է պատճառը որ ժահրը այս տարածումը ստացաւ։ Հետաքրքիր է, ամբողջ աշխարհը ներառեալ հսկայական միջոցներ ունեցող՝ հզօր Միացեալ Նահանգները, ուր ես կ՚ապրիմ, շատ աւելի ծանր է առողջական վիճակը քան Հայաստան, կամ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ։ Հակառակ այս իրողութեան չեմ իմացած երկրի մը մասին ուր աշխատանք կը տարուի կառավարութիւն տապալելու։

Կ՚ըսուի թէ պատերազմ է ժահրին դէմ։ Իմ գիտցած հայս, մանաւանդ Դաշնակցական հայը թեւերը կը սոթտէ եւ կ՚աշխատի ամէն գնով օգնելու, նոյնիսկ եթէ իր կառավարութիւնը անկարող կը նկատէ։ Կ՚օգնէ փրկելու համար Հայրենիքը, առանց երբեք քաղաքական «տիվիտենտ»ներ շահելու նպատակով։

Բազմաթիւ անգամներ Դաշնակցութիւնը յայտարարեց որ երեսուն կամ աւելի էջերէ բաղկացած ծրար յանձնած է կառավարութեան եւ անտեսուած, ձեռք երկարած է, բայց մնացած է օդը։ Ծրար տալու եւ ձեւական ձեռքեր երկարելու ժամանակը չէ, ժամանակն է ձեռքով ոտքով եւ ամբողջ էութեամբ աշխատելու, խրուելու հայրենի հողին, նոյնիսկ դոյզն օգնութիւն տրամադրելու համար։ Այսօր Դաշնակցութեան առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ իր Հսկայական Սփիւռքեան կառոյցը գործի դնել, բժիշկներ ապահովել, բժշկական կազմածներ ուղարկել, բանակին օգնութեան հասնիլ, տնտեսութեան օգնել, չքաւորներուն ձեռք մեկնել, նոյնիսկ եթէ արդէն իսկ որոշ աշխատանք տարուած է այդ գծով։ Բոլոր միջոցներով եւ անվերապահօրէն օգտակար ըլլալ երկրին եւ ժողովուրդին։ Ներկայիս ա՜յս է պէտք, ուրիշ ոչի՜նչ։ Մեր երկիրը կարիք չունի քննադատողներու, պայքարող նոր «կոալիցիոն»ներու։

Այսօր մենք պէտք ունինք իւրաքանչիւր հայու աջակցութեան։ Այսօր բոլորս պէտք է միանանք եւ ոչ թէ բաժանուինք, պէտք է բոլորուինք այս կառավարութեան շուրջ, նոյնիսկ եթէ սխալներ գործուած են, եւ գիտեմ որ գործուած են։ Համաձայն եմ որ վարչապետը կամ կառավարութեան որոշ անդամներ բազմաթիւ անտեղի եւ սխալ արտայայտութիւններ ունեցած են։ Ես ալ կը հաւատամ որ կառավարման մէջ կարեւոր բացթողումներ կամ սխալներ կան, բայց նաեւ կը հաւատամ որ անկեղծ գործակցութեամբ մը կարելի է զանոնք սրբագրել։

Ամնէ՜ն գնով պէտք է խուսափիլ նախորդ «ռեժիմ»ի վերադարձէն։

Ճգնաժամ է՜։ Պէտք է անվերապահօրէն օգնել որ այս դժուար կացութենէն նուազագոյն վնասներով դուրս բերուի մեր Հայրենիքը։

Հրաչ Սիմոնեան

Լոս Անջելէս

Յունիս, 11, 2020

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *