20.4 C
Yerevan

«Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալա­ծանք, ո՛չ մի սահման չի կարող բաժա­նել մի ժողո­վուրդ, եթէ նա տոգո­րուած է ընդհա­նուր շահե­րի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուե­լու անսա­սան վճռո­ղա­կա­նութիւն եւ կապուած, միա­ցած է դարե­րով սնուած ու պահպա­նուած ընդհա­նուր բնազդնե­րի ու զգացմունքնե­րի առողջ զարկե­րով»։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Մեծն Քրիստա­փո­րի բոցա­վա­ռած յեղա­փո­խա­կան դաշնակցութեան ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈԳԻԻՆ, որ 130 տարիէ ի վեր կը հունաւո­րէ մեր ժողո­վուրդին ՍԻԶԻՖԵԱՆ ԵՐԹը դէպի ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ։

Բարի լոյս՝ Քրիստա­փո­րի ներշնչումով նաեւ այսօր մեր ժողո­վուրդին մէջ յեղա­փո­խա­կան ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ընդհա­նուր եզրեր որո­նող հայոց ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ, որ անփո­խա­րի­նե­լի երաշխիքն է ամէն կարգի ՎՏԱՆԳԻ դէմ Ազգն ու Հայրե­նի­քը ամրա­պինդ ու անսա­սան պահե­լու ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ Քրիստա­փո­րը վերստին կարդա­լով՝ այս օրե­րու ԱՄԲՈԽԱՅԻՆ ՏՐԱ­ՄԱ­ԲԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը յաղթա­հա­րե­լու ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ընտրող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՌՈՒԲԷՆ ԳԱՐԱ­ԳԱ­ՇԵԱ­Նի դիմա­տետրեան գրառման բառե­րով ամօ­թանք կու տան իբրեւ թէ Քրիստա­փո­րին հետեւող կուսակցա­կաննե­րուն՝

«Ծուռ նստինք ու շիտակ խօսինք. քսան տարի, ըլլա՛յ Հ․Յ․Դ․ մամուլին թէ պատասխա­նա­տու ընկերնե­րու արտա­յայտութիւննե­րուն մէջ, չեմ հանդի­պած այն բուռն ու թշնա­մա­կան քննա­դա­տա­կան ոճին, հեգնանքին, անարգանքին եւ թոյնին, որուն ակա­նա­տես եղած եմ այս վերջին երկու տարի­նե­րուն»։

Բարի լոյս՝ տակաւին Քրիստա­փո­րի մէջ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ուսուցիչն ու բոլոր անձնա­զոհնե­րու դաշնակցութեան ԴՐՕ­ՇԱ­ԿԻ­Րը տեսնող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր ալ կ՚արձագանգեն անոր ՊԱՏԳԱՄԻՆ՝

«Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալա­ծանք, ո՛չ մի սահման չի կարող բաժա­նել մի ժողո­վուրդ, եթէ նա տոգո­րուած է ընդհա­նուր շահե­րի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուե­լու անսա­սան վճռո­ղա­կա­նութիւն եւ կապուած, միա­ցած է դարե­րով սնուած ու պահպա­նուած ընդհա­նուր բնազդնե­րի ու զգացմունքնե­րի առողջ զարկե­րով»։

*

* *

Բարի լոյս՝ մանաւանդ Հայաստա­նի ուսա­նո­ղութեան շարքե­րէն Դաշնակցութեան եկած եւ Հ․Յ․Դ․ անունով գործող կուսակցա­կան կառոյցին մէջ Դաշնակցութեան անյա­րիր բարքեր եւ վարքա­գիծ գտած ՆԱՈւՄի ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր արդար ցասումով ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնեն մեր ժողո­վուրդին դէմ նիւթուող ահաւոր ԴԱՒԻՆ ԴԷՄ․-

«Իբրեւ ժողովրդի մասին մտա­ծող որոշ քաղա­քա­կան ուժեր, յայտա­րա­րում են իրենց կոնսո­լի­դա­ցիա­յի մասին․ մի պահ ուրա­խա­նալ կարե­լի է, չէ՞ որ դա այն է, ինչ հիմա մեզ պէտք է։ Ենթադրում ես, որ այդ կոնսո­լի­դա­ցիան հայ ժողովրդի միասնութիւնը խթա­նե­լու ու այս ծանր իրա­վի­ճա­կի դէմ պայքա­րե­լու ազգա­յին համախմբուա­ծութեան միտում ունի, սակայն այս ուժե­րը փորձում են համախմբուել, ոչ թէ պետութեա­նը եւ ազգին սպառնա­ցող այս ծանր դրութիւնից դուրս գալու (փրկուե­լու) համար, այլ ասել է թէ յարմար իրա­վի­ճակ է գործող իշխա­նութիւննե­րին հարուած հասցնե­լու եւ վերջի­նիս դիրքե­րը թուլացնե­լու, այն պարա­գա­յում, երբ մեզ առաւել քան հարկաւոր են վճռա­կան եւ ուժեղ իշխա­նութիւններ։

«Իհարկէ, յարմար պահ է, քանի դեռ ձեր այս նենգ ծրագրին հակազդող հիմնա­կան ուժն այն է, որ հայ ժողո­վուրդը այլ ճակա­տում է կռիւ տալիս:

- «Յարգե­լի՛» իրար թեւ-թիկունք կանգնած հակա­պե­տա­կան ուժեր, հայ ժողո­վուրդը չի՛ ներե­լու ձեզ այս դաւա­ճա­նութիւնը սեփա­կան պետութեան եւ ազգի նկատմամբ, եւ ոչ ոք չի մոռա­ցել, թէ ինչպէ՛ս ոչ-վաղ անցեա­լում ձեր քաղա­քա­կան հայրե­րը եւ դուք ինքնե՛րդ, հայոց պետութեան սուվե­րե­նութիւնը օտա­րին յանձնած, թալանչի­նե­րի այդ իշխա­նութեան դէմ պայքա­րող իւրա­քանչիւր ազնիւ քաղա­քա­ցու ԴԱՒԱՃԱՆ էիք անուա­նում՝ պատճա­ռա­բա­նութեամբ, թէ մենք պատե­րազմող երկիր ենք եւ իւրա­քանչիւր ցնցում կործա­նա­րար կը լինի եւ միայն ընտրութիւննե­րով կարե­լի է իշխա­նութեա­նը փոխել, եւ հիմա, երբ այդ նոյն պատե­րազմող երկրի գլխին թափուել է մի նոր՝ ոչ-պակաս մահա­բեր պատուհաս, դուք ճիգ էք անում համախմբուե­լու եւ քաղա­քա­կան ճղճիմ քաշքշուկնե­րի մէջ մխրճուե­լու»:

Բարի լոյս եւ հասկցո­ղին շատ բարեւ։

Առնչվող Հոդվածներ