14.7 C
Yerevan

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ՏԻԿԻՆ ՆԱՅԻՐԱ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԱՆ

Երէկ Հ1ով կը դիտէի Ազգա­յին Ժողո­վի նիստը, ուր գզխաւոր դատա­խա­զութիւնը դիմում ներկա­յա­ցուցած էր ԲՀԿի առաջնորդ երեսփո­խան Գագիկ Ծառուկեա­նը զրկե­լու անձեռնմխե­լիութե­նէ: Բնա­կա­նա­բար ԲՀԿի պատգա­մաւորնե­րը պիտի պաշտպա­նէին իրենց առաջնորդ-գործընկե­րոջ։ Հասկնա­լի է։ Բայց ինծի ընդվզե­ցուց Տիկին Նայի­րա Զօհրա­պեան ելոյթի այն մասը, երբ ան ամպա­գոռգոռ ոճով սպառնաց եւրո­պա­կան դատա­րան դիմել, արդա­րութիւնը վերա­հաստա­տե­լու։ Տիկին Զօհրա­պեան, Նախ պէտք երկու հաստա­տում-ճշդումներ կատա­րել։ Առա­ջին. 2018 մայի­սին համա­ժո­ղովրդա­յին շարժումին իբրեւ արդիւնք ձեւաւո­րուած երկի­րի իշխա­նութիւնը, երկու տարի է անո­ղոք պայքար կը մղէ օլի­գարխիա­յի դէմ եւ այդ նախկին օլի­գարխիա­յի կարկա­ռուն դէմքե­րէն շատե­րու դէմ քրէա­կան գործեր յարուցուած են. Ռոպերթ Քոչա­րեան, Մանուէլ Գրի­գո­րեան, Միհրան Պօղո­սեան, Սաշիկ Սարգի­սեան եւ զաւա­կունք, Գագիկ Խաչատրեան եւ զաւա­կունք, Սուրիկ Խաչատրեան եւ տակաւին ցանկը կարե­լի է շատ երկա­րել։ Երկրորդ. երկրա­գունդի վրայ կա՞յ հայ մարդ մը, որ խղճմտանքի նուա­զա­գոյն նշոյլ եթէ ունի կրնայ կասկա­ծիլ թէ Գագիկ Ծառուկեա­նը օլի­գարխ է։ Այս իրա­կա­նութիւննե­րը գիտնա­լէ ետք Տիկին Զօհրա­պեան պիտի դիմէք եւրո­պա­կան արդա­րութեան։ Եւրո­պա­կան ո՞ր արդա­րութեան, տիկին Զօհրա­պեան. Այն արդա­րութեան, որ 1915ին նոյն այդ եւրո­պա­ցի­նե­րը ուղղա­կի եւ անուղղա­կի մասնա­կից եղան արեւմտա­հա­յաստա­նի բնակչութեան կէսին բնաջնջումին եւ միւս կէսին ալ անա­պատներ տարագրումին։ Ու մինչեւ օրս արդէն 105 տարի է լուռ կը մնան մեր հաւա­քա­կան իրաւունքնե­րուն դիմաց եւ երբեմն միայն երկդի­մի կեցուածքներ կամ յայտա­րա­րութիւններ կը կատա­րեն։ Այն արդա­րութեան, որ 1918ին համաշխարհա­յին պատե­րազմին պարտուած իրենց թշնա­մի Թուրքիոյ շունչ ու կեանք տուին մինչ իրենց «փոքր դաշնա­կի­ցը» լքե­ցին ու նոյնիսկ իրենց ստո­րագրած Սեւրի պայմա­նա­գի­րէն (որուն 100ամեակը քանի մը շաբաթ յետոյ է) հրա­ժա­րե­ցան ու յետոյ Լօզա­նի մէջ բառա­ցիօ­րէն ծախե­ցին մեր իրաւուքնե­րը։ Այն արդա­րութեան, որ 30 տարի է Արցա­խի գծով մեր պատմա­կան անժա­մանցե­լի իրաւունքնե­րը կ՛անգիտանան ու ժողո­վուրդնե­րու իրաւունքնե­րը յօդս կը ցնդին, որովհե­տեւ անոնց ուղեղնե­րու բջիջնե­րուն աւե­լի շատ ախորժե­լի կը թուի ատրպէյճա­նա­կան քարիւղի հոտը քան մարդկա­յին արժէքնե­րը։ Այն արդա­րութեան, որ այսօր Միջին Արեւելքի եւ Ափրի­կէի երկիրնե­րու ժողո­վուրդնե­րուն դէմ կը կատա­րուի տնտե­սա­կան, ֆիզի­քա­կան եւ բարո­յա­կան սպանդ, պարզա­պէս այդ երկիրնե­րուն հարստութիւննե­րը կողոպտե­լու ու իրենց չյա­գե­ցող ախորժա­կը բաւա­րա­րե­լու։ Երկար տարի­ներ պատգա­մաւոր էք Տիկին Զօհրա­պեան ու չէ՞ք հասկցած պատմութեան հոլո­վոյթը, որ Մեծն Մակե­դո­նա­ցիէն սկսեալ Եւրո­պան տարբեր դարաշրջաննե­րու, այլեւայլ նշա­նա­խօսքե­րու տակ միջամտած է երկիրնե­րու ներքին կեանքին, որպէսզի անոնք չկազմա­կերպուին, չհզօ­րա­նան ու այդ երկիրնե­րու ժողո­վուրդնե­րու կեղե­քումն ու հարստութիւննե­րու իրենց ալան-թալա­նը անարգել շարունա­կեն։ Երկար տարի­ներ պատգա­մաւոր էք Տիկին Զօհրա­պեան ու այս բոլո­րը եթէ չէք հասկցած, աւե­լի ճիշդ կ՛ընէիք եթէ հեռա­նա­յիք քաղա­քա­կան կեանքէն ու զբա­ղէիք տանտի­կի­նութեամբ։ Միգուցէ Հայ ժողո­վուրդին աւե­լի օգտա­կար ըլլա­յիք։ Տիկին Զօհրա­պեան:

1915 ցեղասպա­նութեան նահա­տակ գրող Ռուբէն Սեւակ կ՛ըսէ. «Եւրոպա՜ն, այդ դիւա­նա­գէտ պոռնի­կը ոսկի կը ցանէ, որպէսզի բոզութիւն հնձէ»։

Պատմութեան խորե­րը թափա­ռե­լու եւ պրպտե­լու կարիք չկայ օրի­նակներ բերե­լու, թէ տարբեր ժամա­նակնե­րու ձեր նման հայա­նուններ ինչ աւե­րիչ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցած են ու պատճառ դարձած մեր պետա­կա­նութիւննե­րուն կործանման։ Ներկայ Հայաստա­նը իրաւա­կան եւ քաղա­քա­կան յաջորդը ըլլա­լով Առա­ջին Հանրա­պե­տութեան, զուգա­հեռներ տեսնենք ճիշդ հարիւր տարի առաջ պատա­հած դէպքե­րուն հետ։ 1920 մայի­սին, Ռուսաստա­նի եւ Թուրքիոյ դրդումով Հայաստա­նի թուրք-թաթար ազգաբնակչութիւնը ապստամբե­ցաւ։ Հայ համայնա­վարնե­րը, հիւսի­սէն փչած համաշխարհա­յին սոցիա­լիստա­կան կեղծ գաղա­փարնե­րով տոգո­րուած, ձեր նման մատ թափա­հա­րե­ցին անկախ Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան դէմ, թէ կարմիր բանա­կի 11րդ զօրա­մա­սը պէտք է մտնէ Հայաստան, որպէսզի իրենց թուրք ու թաթար «եղբայրներ»ը ապա­հով զգան ու հայ գիւղա­ցիութիւնն ու բանուո­րութիւնը տիրա­նան իրենց իրաւունքնե­րուն։ Դժբախտա­բար քանի մը ամիս ետք յաջո­ղե­ցան վերացնել մեր երկի­րի անկա­խութիւնը։ 100 տարուան հեռաւո­րութեան վրայ, ի՞նչ տարբե­րութիւն կայ Տիկին Զօհրա­պեան, ձեր եւ 1920ի հայ համայնա­վարնե­րուն միջեւ։ Ո՜չ մէկ տարբե­րութիւն։

https://www.facebook.com/kevork.toroyan.7/posts/10220284773263023

Առնչվող Հոդվածներ