ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ն. Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ վերջին աւելի քան կէս դարուն հայ գրականութեան շարժիչ ուժերէն ամէնէն ՍԻՐՈՒԱԾ ու ՓՆՏՌՈՒԱԾ հեղինակին՝ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆի ստեղծագործական անմահ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ «Ես այդ շունն եմ» գոռալով ՀԱՅ ՄՏՔԻ եւ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԱՃԱՐԻՆ մշտարթուն պահակ կանգնած մեծավաստակ ՀԵԹԱՆՈՍին, որ ե՛ւ երկնեց, ե՛ւ արժեւորեց, ե՛ւ սորվեցուց Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔը մեր սերունդներուն։
Յունիս 14ին լրացաւ 6րդ տարելիցը արձակագիր, գրական-քննադատ եւ յանդուգն հրապարակագիր Պօղոս ՍՆԱՊԵԱՆի, որու յիշատակին այսօր պիտի ներկայացնեմ իմացական պաստառիս վրայ անջնջելիօրէն դրոշմուած իր անմեռ ԴԱՍԵՐԷՆ մէկը – թէկուզ անձնական եւ համեստութիւն վիրաւորող։
1990ի Դեկտեմբերի առաջին օրն էր, Հ․Յ․Դ․ Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Հալէպի մէջ պիտի կատարուէր ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ տօնահանդէսը։ Հանդիսութեան պիտի նախագահէր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ ընկեր ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ։ Օրուան բանախօս նախատեսած էին անձս, որ այդ ամիսներուն Երեւան կը գտնուէի եւ հոնկէ՝ Երեւան-Հալէպ ուղղակի թռիչքով, ճիշդ ձեռնարկին օրը պիտի հասնէի Հալէպ, որ ի դէպ ծննդավայրս է։
Չերկարեմ․․․ Թռիչքը նախ վեց-եօթը ժամ ուշացումով ճամբայ հանուեցաւ, Հալէպի վերեւ ուժգին աւազամրրիկի բախեցաւ, էջք կատարելու քանի մը ձախորդ փորձ կատարեց եւ, վերջապէս, անկարելիութեան մատնուելով, դարձաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի Դամասկոս։ Քանի մը ժամ հոն սպասեցինք օդակայանին մէջ։ Դամասկոսի մեր ընկերները եկան եւ վստահեցուցին, որ գիշերը ուշ ժամու անպայման կը հասնինք Հալէպ։
Բարի լոյս՝ այդ ատենի Սուրիոյ Կ․Կոմիտէի մեր արթուն ընկերներուն, յատկապէս անոր ատենի ներկայացուցիչ ՊՕՂՈՍ ԹԱՇՃԵԱՆին, որ ամէն անակնկալի պատրաստ գտնուելու նախատեսութեամբ՝ այդ շրջանին Հալէպ մնացող եւ տեղի երիտասարդ ուժերու հետ պարապմունք կատարող ընկեր Պօղոս Սնապեանէն խնդրած էին, որ իր կարգին պատրաստ ըլլայ ելոյթ ունենալու, մանաւանդ որ հանդիսութեան պիտի յաջորդէր 500 հոգիի համար նախատեսուած խրախճանք-ճաշկերոյթ՝ յաւուր պատշաճի խօսք-ելոյթներով։
Այդպէ՛ս, ես հանդիսութեան աւարտին հասայ սրահ, Պ․ Սնապեան արդէն մօտեցած էր իր խօսքի վերջաւորութեան եւ ամէն ի՛նչ լաւ աւարտ ունեցաւ ձեռնարկի յաջողութեան առումով։
Բարի լոյս՝ հանդիսութենէն ետք սկսած խրախճանքի ընթացքին Պ․ Սնապեանին ընձեռուած բացման խօսքի հնարաւորութեան։ Ընկեր Սնապեան բառերը ծամծմող դաշնակցական բնաւ չէ եղած, ընդհակառակն՝ ուղիղ ճակատէն դիմագրաւած է ընդհանրապէս կեանքն ու անոր կարեւոր պահերէն որեւէ մէկը։ Այդ պահուն ան բաժակ բարձրացուց եւ առաջարկեց խմել 100ԱՄԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԿԵՆԱՑԸ։ Իր կուռ բաժակաճառը ան աւարտեց օրուան հանդիսութենէն իր քաղած դասով, որ մօտաւորապէս հետեւեալ բանաձեւումով փոխանցուեցաւ ներկաներուն․
– «Միայն Դաշնակցութեան մէջ կրնայ պատահիլ, որ ուսուցիչը՝ օրուան բանախօս իր ուսանողին բացակայելու պարագային՝ անոր փոխարէն ինք ամպիոն հրաւիրուի օրուան խօսքը փոխանցելու»․․․
Բարի լոյս՝ Պօղոս Սնապեանի ԱՒԱՆԴին, որ ոչ միայն մոլեռանդ սիրահարն էր հայ լեզուի, այլեւ կախարդական տաղանդը ունէր հայերէնով ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼՈՒ եւ ԽՈՐԱՑՆԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴը պարզագոյն, այլեւ անանց ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
Միայն իր աշակերտներն ու ընթերցողները չէին, որ ՀՊԱՐՏ էին Պօղոս Սնապեանը ՈՒՍՈՒՑԻՉ եւ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐ ունեցած ըլլալու իրենց բախտաւորութեան համար։
Պօղոս Սնապեան նոյնքան ՀՊԱՐՏ էր իր աշակերտներուն եւ ընթերցողներուն մէջ իր ցանած սերմերու բեղմնաւորումին ու պտղաւորման ԱՐԺԱՆԱՆԱԼՈՒՆ համար։