20.4 C
Yerevan

«Մեծ էր նրա բարո­յա­կան ուժը․ չարչի յեղա­փո­խա­կաննե­րի չափով չէր կարե­լի չափել նրան»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

20 Յունիս 2020

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-քաղա­քա­կան կեանքին մէջ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈ­ԼՈՐՏը ամէն կարգի թունաւոր ապա­կանման դէմ պաշտպա­նող ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ անկեղծ զինուորնե­րուն՝ յեղա­փո­խա­կան յառա­ջա­մարտիկնե­րուն։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան միտքը յուզող եւ տագնա­պեցնող հարցե­րու շուրջ բանա­վէ­ճե­րը ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱ­Րի կրթիչ մակարդա­կին վրայ պահե­լու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ առաջնորդուող ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք պարբե­րա­բար ահա­զանգ կը հնչեցնեն համա­ցանցը այս օրե­րուն ողո­ղած հայհո­յանքի եւ ցեխարձա­կումնե­րու ԿԵՂԾ «ՄՇԱԿՈՅԹ» մը տարա­ծող վնա­սա­կար տարրե­րու գաղա­փա­րա­կան ԱՒԵ­Րին դէմ։

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ կառչած նորա­հաս սերունդնե­րուն, որոնց ուղղուած է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ անկորնչե­լի արժէքնե­րուն գաղա­փա­րա­կա­նօ­րէն տէր կանգնե­լու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷ­Րը։

Հայ ազա­տագրա­կան շարժման անզուգա­կան ֆետա­յի­նե­րէն ՊԵՏՕ երեւոյթին նուի­րուած Յուշա­տետրի այսօ­րուան՝ Յունիս 20ի վկա­յութիւնը կ՚եզրափակուի Հ․Յ․Դ․ Օրգան «ԴՐՕՇԱԿ»ի 1896ի առաջնորդող յօդուա­ծի այն շեշտադրումով, թէ՝

«Այսպէ՛ս էր Պետօն․ նա իր ամբողջ գործունէութեան շրջա­նում մարմնա­ցեալ ոգեւո­րութիւն էր։ Ոչինչ չէր կարող նրան թուլացնել։ Կեանքի ձախո­ղութիւննե­րը, կրած հալա­ծանքնե­րը աւե­լի էին ամրացնում նրա ոգին, աւե­լի մեծ ուժով էին նրան առաջ մղում։
«Մեծ էր նրա բարո­յա­կան ուժը․ չարչի յեղա­փո­խա­կաննե­րի չափով չէր կարե­լի չափել նրան»։

Պատա­հա­կան չէ, որ Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան առա­ջին իսկ քայլե­րէն հայոց ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵ­Րը իբրեւ գերա­գոյն արժե­չափ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՂԻ­ՆԱ­ԿՈՒԹԻՒՆը փնտռած են յեղա­փո­խա­կան սուրբ գործին նուի­րա­բե­րուող հայ երի­տա­սարդնե­րուն մէջ, աւե­լին՝ ահա­զանգ հնչե­ցուցած են հայկա­կան միջա­վայրը արա­տաւո­րող «չարչի յեղափոխականներ»ուն դէմ․․․

Բարի լոյս՝ հայ յեղա­փո­խա­կան շարժման ՄԱՔՐԱԿՐՕՆ աւանդնե­րու պահպանման ի խնդիր՝ մեր ժողո­վուրդին ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը «սեփա­կա­նաշնորհող» մերօ­րեայ փառքի վաշխա­ռունե­րուն դէմ այսօր ծաւա­լած գաղա­փա­րա­կան պայքա­րին։

Յեղա­փո­խութեան ժամա­նա­կը ոչ միայն չէ անցած հայ ժողո­վուրդին համար, այլեւ՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱ­ՓՈ­ԽԱ­ԿԱ­Նը այսօր նորո­վի կը դիմագրաւէ «չարչի յեղափոխականներ»ը Հայաստա­նի ու Հայութեան ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԱՃԱՐԷՆ դուրս քշե­լու ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ՑԱԽԱՒԵԼԻՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱ­ՄԱ­ՅԱ­ԿԱ­Նը։

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ թեր եւ/կամ դէմ լուտանքով ու կեղտա­ջուրով հայ մտքի հրա­պա­րա­կը ողո­ղե­լու եւ վարկա­բե­կե­լու սադրանքը հին, այլեւ սպա­ռած ԳՐԱՒ է՝ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ կենսա­յորդ բարի­քէն ու ներգործութե­նէն զրկե­լու մեր կեանքը։

ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ․․․

ԿԱՓԱՐԻՉԸ ԲԱՑՈՒԱԾ է։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3181699261921026

Առնչվող Հոդվածներ