24.7 C
Yerevan

«Միայն Դաշնակցութեան մէջ կրնայ պատա­հիլ, որ ուսուցի­չը՝ օրուան բանա­խօս իր ուսա­նո­ղին բացա­կա­յե­լու պարա­գա­յին՝ անոր փոխա­րէն ինք ամպիոն հրաւի­րուի օրուան խօսքը փոխանցե­լու»․․․

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ վերջին աւե­լի քան կէս դարուն հայ գրա­կա­նութեան շարժիչ ուժե­րէն ամէ­նէն ՍԻՐՈՒԱԾ ու ՓՆՏՌՈՒԱԾ հեղի­նա­կին՝ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱ­ՊԵԱ­Նի ստեղծա­գործա­կան անմահ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ «Ես այդ շունն եմ» գոռա­լով ՀԱՅ ՄՏՔԻ եւ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՏԱՃԱՐԻՆ մշտարթուն պահակ կանգնած մեծա­վաստակ ՀԵԹԱ­ՆՈ­Սին, որ ե՛ւ երկնեց, ե՛ւ արժեւո­րեց, ե՛ւ սորվե­ցուց Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏԱ­ՄՈՒՆՔը մեր սերունդնե­րուն։

Յունիս 14ին լրա­ցաւ 6րդ տարե­լի­ցը արձա­կա­գիր, գրա­կան-քննա­դատ եւ յանդուգն հրա­պա­րա­կա­գիր Պօղոս ՍՆԱ­ՊԵԱ­Նի, որու յիշա­տա­կին այսօր պիտի ներկա­յացնեմ իմա­ցա­կան պաստա­ռիս վրայ անջնջե­լիօ­րէն դրոշմուած իր անմեռ ԴԱՍԵՐԷՆ մէկը — թէկուզ անձնա­կան եւ համեստութիւն վիրաւո­րող։

1990ի Դեկտեմբե­րի առա­ջին օրն էր, Հ․Յ․Դ․ Սուրիոյ Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի նախա­ձեռնութեամբ Հալէ­պի մէջ պիտի կատա­րուէր ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ տօնա­հանդէ­սը։ Հանդի­սութեան պիտի նախա­գա­հէր Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի անդամ ընկեր ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ։ Օրուան բանա­խօս նախա­տե­սած էին անձս, որ այդ ամիսնե­րուն Երեւան կը գտնուէի եւ հոնկէ՝ Երեւան-Հալէպ ուղղա­կի թռիչքով, ճիշդ ձեռնարկին օրը պիտի հասնէի Հալէպ, որ ի դէպ ծննդա­վայրս է։

Չերկա­րեմ․․․ Թռիչքը նախ վեց-եօթը ժամ ուշա­ցումով ճամբայ հանուե­ցաւ, Հալէ­պի վերեւ ուժգին աւա­զամրրի­կի բախե­ցաւ, էջք կատա­րե­լու քանի մը ձախորդ փորձ կատա­րեց եւ, վերջա­պէս, անկա­րե­լիութեան մատնուե­լով, դարձաւ եւ ուղղուե­ցաւ դէպի Դամասկոս։ Քանի մը ժամ հոն սպա­սե­ցինք օդա­կա­յա­նին մէջ։ Դամասկո­սի մեր ընկերնե­րը եկան եւ վստա­հե­ցուցին, որ գիշե­րը ուշ ժամու անպայման կը հասնինք Հալէպ։

Բարի լոյս՝ այդ ատե­նի Սուրիոյ Կ․Կոմիտէի մեր արթուն ընկերնե­րուն, յատկա­պէս անոր ատե­նի ներկա­յա­ցուցիչ ՊՕՂՈՍ ԹԱՇՃԵԱ­Նին, որ ամէն անակնկա­լի պատրաստ գտնուե­լու նախա­տե­սութեամբ՝ այդ շրջա­նին Հալէպ մնա­ցող եւ տեղի երի­տա­սարդ ուժե­րու հետ պարապմունք կատա­րող ընկեր Պօղոս Սնա­պեա­նէն խնդրած էին, որ իր կարգին պատրաստ ըլլայ ելոյթ ունե­նա­լու, մանաւանդ որ հանդի­սութեան պիտի յաջորդէր 500 հոգիի համար նախա­տե­սուած խրախճանք-ճաշկե­րոյթ՝ յաւուր պատշա­ճի խօսք-ելոյթնե­րով։

Այդպէ՛ս, ես հանդի­սութեան աւարտին հասայ սրահ, Պ․ Սնա­պեան արդէն մօտե­ցած էր իր խօսքի վերջաւո­րութեան եւ ամէն ի՛նչ լաւ աւարտ ունե­ցաւ ձեռնարկի յաջո­ղութեան առումով։

Բարի լոյս՝ հանդի­սութե­նէն ետք սկսած խրախճանքի ընթացքին Պ․ Սնա­պեա­նին ընձե­ռուած բացման խօսքի հնա­րաւո­րութեան։ Ընկեր Սնա­պեան բառե­րը ծամծմող դաշնակցա­կան բնաւ չէ եղած, ընդհա­կա­ռակն՝ ուղիղ ճակա­տէն դիմագրաւած է ընդհանրա­պէս կեանքն ու անոր կարեւոր պահե­րէն որեւէ մէկը։ Այդ պահուն ան բաժակ բարձրա­ցուց եւ առա­ջարկեց խմել 100ԱՄԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ԿԵՆԱՑԸ։ Իր կուռ բաժա­կա­ճա­ռը ան աւարտեց օրուան հանդի­սութե­նէն իր քաղած դասով, որ մօտաւո­րա­պէս հետեւեալ բանա­ձեւումով փոխանցուե­ցաւ ներկա­նե­րուն․

- «Միայն Դաշնակցութեան մէջ կրնայ պատա­հիլ, որ ուսուցի­չը՝ օրուան բանա­խօս իր ուսա­նո­ղին բացա­կա­յե­լու պարա­գա­յին՝ անոր փոխա­րէն ինք ամպիոն հրաւի­րուի օրուան խօսքը փոխանցե­լու»․․․

Բարի լոյս՝ Պօղոս Սնա­պեա­նի ԱՒԱՆԴին, որ ոչ միայն մոլե­ռանդ սիրա­հարն էր հայ լեզուի, այլեւ կախարդա­կան տաղանդը ունէր հայե­րէ­նով ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼՈՒ եւ ԽՈՐԱՑՆԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴը պարզա­գոյն, այլեւ անանց ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։

Միայն իր աշա­կերտներն ու ընթերցողնե­րը չէին, որ ՀՊԱՐՏ էին Պօղոս Սնա­պեա­նը ՈՒՍՈՒՑԻՉ եւ ՆԵՐՇՆՉՄԱՆ ԱՂԲԻՒՐ ունե­ցած ըլլա­լու իրենց բախտաւո­րութեան համար։

Պօղոս Սնա­պեան նոյնքան ՀՊԱՐՏ էր իր աշա­կերտնե­րուն եւ ընթերցողնե­րուն մէջ իր ցանած սերմե­րու բեղմնաւո­րումին ու պտղաւորման ԱՐԺԱՆԱՆԱԼՈՒՆ համար։

Առնչվող Հոդվածներ