Հայաստան

ՊԻՏԻ ԹՈՅԼԱՏՐԵ՞ՆՔ, ՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԷ ԻՆՔԶԻՆՔ

ՌՈՒԲԷՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Հարիւր տարի առաջ, Սիմոն Վրացեանը պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց այն անել վիճակը, որ վերջ դրած էր մեր առաջին հանրապետութեան, ըսելով թէ հայութիւնը յայտնուած էր բոլշեւիկեան մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ։

Հարիւր տարի ետք, շատ բան չէ փոխուած մեր իրավիճակէն։ Մենք դարձեալ ինքզինքնիս կը գտնենք նոյն այդ մուրճին ու սալին միջեւ։ Թէեւ ձեւականօրէն անկախ պետութիւն ենք, սակայն իրականութեան մէջ լիովին կախեալ ենք Ռուսաստանէն եւ ենթակայ անոր կամքին։

Պատմաբան չեմ, ոչ ալ քաղաքագէտ, սակայն կարդալով պատմութիւն եւ հետեւելով համաշխարհային եւ հայկական քաղաքական անցուդարձերուն, եկած եմ այն եզրակացութեան, որ թուրքը եղած է եւ կը մնայ սպառնալիք հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան, մինչ ռուսը եղած է եւ կը մնայ սպառնալիք հայկական ինքնիշխան պետականութեան գոյութեան։ Այնքան ատեն, որ թրքական սպառնալիքը դիմագրաւելու ու մեր ֆիզիքական գոյութինը ապահովելու համար կ’ապաւինինք ռուսին, պիտի չարաչար ձախողինք կերտել անկախ, ինքնիշխան պետականութիւն։ Պիտի ազատինք կարմիր ջարդէն, բայց պիտի զոհը երթանք ճերմակ ջարդին։

Եթէ մեր նպատակն է կերտել ազատ, անկախ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավար պետութիւն, մեր առջեւ ծառացած գլխաւոր հիմնախնդիրը գտնելն է միջոցը դուրս գալու այդ սալի ու մուրճի մէջտեղէն։ Դժբախտութիւնը այն է, սակայն, որ թէեւ ոչ մէկ հայ կը դրժէ թրքական սպառնալիքի իրողութիւնը, քիչ հայեր են որոնք կ’ընդունին կամ կ’անդրադառնան ռուսական սպառնալիքի իրողութեան, եւ կ’առնեն անհրաժեշտ քայլեր այդ սպառնալիքը դիմագրաւելու։ Ընդհակառակը, այդ սպառնալիքի մասին բարձրաձայնողները կ’ենթարկուին իրենց իսկ պետութեան հալածանքին։

Նպատակս հակառուս քարոզչութիւն մղելը չէ, ոչ ալ արեւմտամէտ քարոզչութիւն։ Երկուքն ալ կը յարգեմ եւ ունիմ համակրանք երկուքին ալ նկատմամբ։ Պարզապէս, երբ խնդիրը կը վերաբերի քաղաքականութեան, չեմ հաւատար ազգերու կամ մշակոյթներու բարեկամութեան ու եղբայրութեան ռոմանթիկ եւ սին եզրերուն, եւ կ’ընդունիմ այն փաստը, որ իւրաքանչիւր ազգ կ’առաջնորդուի իր շահերով։ Ռուսին շահը կը պահանջէ ունենալ իրմէ կախեալ եւ իրեն ենթակայ Հայաստան։ Անոր համար Հայաստանը տարածք է, որ հայով թէ առանց հայի, հարկ է պահել իր հակակշռին տակ։ Այդպէս եղած է թէ՛ ցարական եւ թէ խորհրդային ժամանակաշրջաններուն, եւ այդպէս կը շարունակուի յետ-խորհրդային օրերուն, բացառութեամբ թերեւս Ելցինեան խարխափումի կարճ ժամանակահատուածին։

Փութինի իշխանութեան գալէն ի վեր, Ռուսաստանը վերագտաւ իր կայսերապաշտական եւ գերպետութիւն ըլլալու ախորժակը, եւ վերականգնեց անցեալի KGB-ական համակարգը, որ դարձեալ իր հակակշռին տակ առաւ երկրի ողջ ուժային, դատական եւ տնտեսական լծակները, ներառեալ՝ Ելցինեան շրջանին մէջտեղ եկած օլիգարխիան եւ մաֆիան։

Ռուսիան դարձեալ սկսաւ ձգտիլ գերպետութիւն ըլլալու, եւ դարձեալ մրցակցութեան մէջ մտաւ արեւմուտքի հետ։ Իրեն համար անհրաժեշտ էր կրկին իր հակակշռին տակ առնել բոլոր նախկին սովետական հանրապետութիւնները, եւ իր ազդեցութեան գօտին տարածել դէպի Եւրոպայ, Միջին Արեւելք, Միջերկրական, եւ անդին։

Ինչպէս այլուր, Հայաստանի պարագային եւս, ռուսական մարտավարութիւնը եւ ոճը եղան նոյնը։ Առաջին հերթին, երկրի ղեկը յանձնել ստրկամիտ եւ անսկզբունք իշխանաւորներու, որոնք իրենց հաւատարմութեան իբրեւ վարձատրութիւն, իրաւունքը կը ստանան անկաշկանդ իշխելու, թալանելու, կեղեքելու, ընտրութիւններ կեղծելու եւ մէկ խօսքով՝ ռուսական համակարգը վերարտադրելու երկրէն ներս։ Ապա, իշխանաւորներու փտածութիւնը եւ հնազանդութիւնը բաւարար երաշխիք չհամարելով, անցնիլ լուրջ ընդդիմադրութեան կարողականութիւն ունեցող ուժերու չէզոքացումին, թափանցելով անոնց շարքերը եւ մոլորեցնելով ու «աղտոտելով» անոնց ղեկավարները։ Ի վերջոյ, մաքուր հայ քաղաքական գործիչը անվստահելի տարր էր ռուսին համար, եւ եթէ փոքրամասնութիւն մը յամառէր մնալ սկզբունքային եւ մաքուր, կամ համարձակէր բողոքել այս բոլորի դէմ, ապա կը մնար անոնց չարաչար հալածել ու լռեցնել զանոնք։

Անգամ մը որ քաղաքական ասպարէզը լրիվ իր հակակշռին տակ էր, եկաւ երկրի տնտեսական ներուժը եւս իր հակակշռին տակ առնելու հանգրուանը, եւ ականատես եղանք թէ ինչպէս, առանց որեւէ դիմադրութեան, երկրի իշխանութիւնները, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող եւ անկախութեան երաշխիք հանդիսացող իւրաքանչիւր հաստատութիւն եւ կառոյց ծախեցին ռուսին կամ յանձնեցին անոր հսկողութեան – հանքեր, գազ, կապ, երկաթուղի, ելեքտրացանց, սահման, եւայլն։ Նոյնիսկ օլիգարխները եւ մաֆիան պորտալարերով կապուեցան ռուսականներուն։ Անոնք կը գործէին հայ եւ ռուս գաղտնի սպասարկութիւններու թոյլտւութեամբ եւ ի հարկին գործիք էին անոնց ձեռքը։ Ի դէպ, նոյնը կը վերաբերէր եւ կը վերաբերի Ռուսաստանէն ներս յաջողութիւն գտած հայ օլիգարխներուն։ Նուազագոյն նշոյլ, Ռոսաստանէն անկախ եւ կամ ռուսական քաղաքականութեան անյարիր նախաձեռնութիւններու, կրնար զիրենք դատապարտել խստագոյն պատիժներու: Լեւոն Հայրապետեանը վկայ։

Արդիւնքը ան էր ինչ ունեցանք։ Կատարեալ կախեալութիւն Ռուսաստանէն,  եւ ռուսական օրինակով գողապետութիւն, քաղաքական բարքեր եւ քաղաքակրթական արժէքներ, համատարած արտագաղթ, եւ հետզհետէ շեշտուող վտանգ՝ կրկին թշնամիին յանձնելու մեր ազատամարտիկներու եւ զինուորներու արիւնով ազատագրուած տարածքներ, սպասարկելու համար տարածաշրջանէն ներս ռուսական շահերուն։

Վրայ հասաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը, Սերժը մերժելու կարգախօսով։ Ըստ իս, ռուսական ծրագիրն էր օգտագործել այս ժողովրդային պոռթկումը եւ Սերժ զինուորը փոխարինել աւելի ընդունելի՝ Կարէն Կարապետեան զինուորով, մեղմելու համար երկրէն ներս հետզհետէ բարձրացող դժգոհութեան ալիքը եւ առաջքը առնելու համար ապստամբական խմորումներուն։ Հետեւաբար, ռուսին համար անակնկալը ժողովրդական շարժումը չէր ինքնին, որքան Նիկոլ Փաշինեանի ճարպիկութիւնը՝ ձախողեցնելու ռուսական ծրագիրը եւ գալու իշխանութեան ղեկին։

Արդէն երկու տարի անցած է թաւշեայ յեղափոխութենէն եւ բարեփոխումներու թափը շատ դանդաղ է։ Շատ յստակ է, որ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները վերջ դնելու փտածութեան, ստեղծելու թափանցիկ, արդար եւ ժողովրդավար համակարգ, իշխանութիւնը վերադարձնելով ժողովուրդին, խորթ կը հնչէին ռուսական ականջներուն։

Մէկ կողմէ՝ Փաշինեան կը խուսափէր արագ եւ խրոխտ քայլերէ, փորձելով չհրահրել ռուսի հակազդեցութիւնը, միւս կողմէ՝ ռուսը ճիգ կը թափէր Փաշինեանին համակերպեցնելու իր օրակարգին եւ քաղաքականութեան։ Այսօր յստակ է որ երկու կողմերն ալ ձախողած են։ Ռուսը, Փաշինեանը ընտելացնելու մարտավարութենէն անցած է Փաշինեանը տապալելու մարտավարութեան, իսկ Փաշինեան սկսած է դիմել աւելի խրոխտ քայլերու, կեանքի կոչելով յեղափոխութեան խոստացուած բարեփոխումները եւ անցնելով պատժիչ քայլերու՝ ընդդէմ նախկին համակարգի իշխանաւոր եւ իշխանամերձ ուժերուն, որոնք այսօր ռուսին պատուէրով կը դաւեն իր դէմ եւ կը պայքարին քայքայելու ներքին ճակատը, որպէսզի, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, դարձեալ երկրի ղեկը յանձնեն իր հրահանգները Մոսկուայէն առնող իշխանութեան։

Պէտք է բոլոր ազգային առողջ ուժերու միասնական ճիգով ձախողեցնել կազմակերպուող այս դաւը, որովհետեւ պատմութեան կրկնութիւնը մեզ համար կրնայ այս պարագային ըլլալ ճակատագրական։

Ռուբէն Գարագաշեան

    

One Response to “ՊԻՏԻ ԹՈՅԼԱՏՐԵ՞ՆՔ, ՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԷ ԻՆՔԶԻՆՔ”

  1. Միհրան Չոլաքեան Reply

    Զքանչեմի իրողութիւն Ընկեր։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *