28.6 C
Yerevan

Միասնա­կա­նութիւն, այո’, բայց որո՞ւ հետ եւ ինչպէ՞ս

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Նամակ երկրէն

Արդէն կարօ­տով կը յիշենք Երեւա­նի սրճա­րաննե­րուն մէջ ընկերնե­րու եւ այցե­լունե­րու հետ մեր հանդի­պումնե­րը: Անցեալ տարի այս օրե­րուն, քաղա­քը լեցուն էր հայ եւ օտար այցե­լունե­րով, իսկ մենք, գործի ժամե­րէն առաջ եւ վերջ, Երեւա­նի մտերմիկ սրճա­րաննե­րուն մէջ հաճոյքով կը հանդի­պէինք հին ու նոր ծանօթնե­րու, ընկերնե­րու, ազգա­կաննե­րու, այցե­լունե­րու, եւ գաւաթ մը սուրճի կամ բաժակ մը հայկա­կան գինիի շուրջ կը զրուցէինք աջէն ու ձախէն, քաղա­քա­կան եւ ընկե­րա­յին հարցեր կ’արծարծէինք, հին ու նոր արկա­ծախնդրութիններ կը պատմէինք, կատակներ կ’ը­նէինք ու Հայաստա­նի ապա­գա­յին մասին բանա­վէ­ճեր կ’ունե­նա­յինք: Հիմա, այս անի­ծեալ կորո­նա­վի­րուսին պատճա­ռով, ինքնա­մե­կուսա­ցումն ու հեռաւո­րութիւն պահպա­նե­լը, այլ խօսքով՝ մարդկա­յին նոր կերպար զգե­նա­լը դարձած է կանոն եւ ապրե­լա­կերպ, հանդի­պումներն ալ՝ virtual են, «զում»ով կամ «զանգի»ով… Ես ալ այս օրե­րուն, երկու-երեք օրը մէկ, virtual հանդի­պում կ’ունե­նամ տարբեր ընկերնե­րու հետ, եւ կորո­նա­վի­րուսի մասին մի քանի արդէն հանրա­ծա­նօթ տեղե­կութիւն փոխա­նա­կե­լէ ետք, անխուսա­փե­լիօ­րէն կ’անդրա­դառնանք օրուան իրա­դարձութիւննե­րուն, կը խօսինք քաղա­քա­կան անցուդարձե­րու մասին: Սրճա­րա­նի հանդի­պումնե­րը արդէն հիմա դարձած են «զում»ի հանդի­պումներ…

Քանի մը օր առաջ, մեր զումա­յին հերթա­կան հանդի­պումնե­րուն ընթացքին, ընկերնե­րով զրուցե­ցինք ամե­նա­տաք նիւթին՝ Հայաստա­նի ներքա­ղա­քա­կան խնդիրնե­րուն մասին: Սահմա­նադրա­կան դատա­րա­նի, խորհրդա­րա­նա­կան եւ արտա­խորհրդա­րա­կան ընդդի­մութեան մասին կարծիքներ փոխա­նա­կե­լէ եւ թէժ խօսակցութիւն ունե­նա­լու ընթացքին, յիշե­ցինք նաեւ հայե­րէն լեզուի մէջ ամե­նա­շատ գործա­ծուած եւ ամե­նա-ամե­նա բազմա­չարչար բառը՝ միասնա­կա­նութիւն:

«Մեզ այս օրե­րին միասնութիւն է պէտք, թէ չէ ո՞նց պիտի յաղա­թա­հա­րենք էս հսկայ պրոբլեմնե­րը», ըսաւ վէճե­րէ եւ բախումնե­րէ խուսա­փող, բնոյթով սակաւա­խօս եւ հանդարտա­բա­րոյ՝ հաշուա­պահ Ներսէ­սը:

«Լաւ Ներսօ ջան, լաւ էլի… հիմի էլ սկսել են ազգա­յին միասնութեան կոչեր ուղղել: Համա­ձայն եմ, եւ իմա­ցի, ոչ ոք չի կարող ազգա­յին միասնութեան դէմ լինել:

Բայց միասնութիւն ու՞մ հետ։ Յստա­կացրէք, ախպեր ջան… Ու՞մ հետ եք միասնա­կա­նա­նա­լու, միասնութիւնը լինում է նպա­տա­կի եւ գործի շուրջ, եւ ոչ թէ լոզունգնե­րի ու դատարկ խօսքե­րի: 3ստակացրեք, խնդրեմ, նպա­տակն ու գործը…», ըսաւ զբօ­սաշրջա­յին ընկե­րութիւն սեփա­կա­նա­տէր՝ տաքա­րիւն Արշա­կը:

Այս օրե­րուն, բոլո­րը հարց կու տան՝ կարե­լի՞ է միասնա­կա­նութեան անուան տակ՝ երկրի հարստութիւնը կողոպտած, երկրի տնտե­սութիւնը սեփա­կան նպա­տակնե­րու համար օգտա­գործած, երկիրն ու ապա­գայ սերունդնե­րը պարտքե­րու տակ խեղդած, եւ արտա­քին պարտքի գումարնե­րը անխղճօ­րէն գրպա­նած մարդոց եւ ուժե­րու հետ համախմբուիլ: Ճիշդ կ՚ըլլա՞յ կոռուպցիան ապրե­լա­կերպ դարձուցած, ժողո­վուրդի քուէն կեղծած, ժողո­վուրդի եւ հայ մարդու իրաւունքնե­րը բռնա­բա­րած ուժե­րուն մէկ օրէն միւսը ներել եւ ըսել, որ վերջ, հիմա ամէն ինչ անցեա­լին կը պատկա­նի: Ինչ կերաք՝ հալալ է, ում տունը քանդե­ցիք՝ անցեալ է, եկեք հիմա մէկ ճակատ կազմենք: Իրա­պէս, Կարե­լի՞ է զինուո­րի ճաշը գողցողնե­րուն, գիւղա­ցին ջուրէ զրկողնե­րուն, հայ քաղա­քա­ցիի պատիւը 10 հազար դրա­մով գնողնե­րուն հետ միասնութեան դաշինք կնքել։ Կարե­լի՞ է, ի վերջոյ, հայ ժողո­վուրդի ազատ եւ արդար ընտրութիւննե­րով իշխա­նութեան եկած ուժին եւ այդ իշխա­նութիւննե­րուն դաւա­ճան եւ ապազգա­յին հռչա­կող, օտար մայրա­քա­ղաքնե­րու մէջ անոնց դէմ դաւեր նիւթող մարդոց վստա­հիլ: Ասոնք հարցումներ են, որ կը լսենք թէ իշխա­նա­մերձ, թէ իշխա­նութիւննե­րուն հակադրուած շրջա­նակնե­րէն:

Երբ ընկերնե­րուս յիշե­ցուցի ժողո­վուրդի մօտ տարա­ծուած այս կարծիքնե­րը, փոքր տարի­քին ընտա­նի­քին հետ Ամե­րի­կա արտա­գաղթած եւ տարի­ներ առաջ հայրե­նիք վերա­դարձած, այժմ կէս արեւե­լա­հա­յե­րէն, կէս արեւմտա­հա­յե­րէն խօսող ճարտա­րա­պետ Վազգէ­նը ըսաւ.

«Ախպեր ջան, միասնութեան համար նախ եւ առաջ արդա­րութիւն է պէտք: Եթէ չկայ արդա­րութիւն, չկայ նաեւ միասնա­կա­նութիւն: Այնքան ատեն, որ մարդիկ իրենց գործած սխալնե­րի համար պատասխա­նատւութեան չեն կանչուել, հաշիւ չեն տուել, ուրեմն մոռա­ցէք՝ միասնութիւն չի լինե­լու: Եթէ կան մեղաւորներ, կայ յանցա­գործութիւն, պէտք է լինի նաեւ օրէնքի առջեւ պատասխա­նատւութիւն եւ հատուցում: Միայն դրա­նից յետոյ կարե­լի է խօսալ միասնա­կա­նութեան մասին»:

Տաքա­րիւն Արշա­կին հեգնա­կան պատասխա­նը չուշա­ցաւ. «Մեր մօտ յանցա­գործներ չկան, կան քաղա­քա­կան հալա­ծեալներ, չգիտէի՞ր: Ո՞ւմ բռնում են, կամ հիւանդա­նում ա, քաղցկեղ ա ընկնում, կամ էլ անհե­տա­նում են եւ քաղա­քա­կան հալա­ծեալ են դառնում եւ միասնա­կա­նութիւն են քարո­զում…»

Խնդա­ցինք, բայց նաեւ անդրա­դարձանք, որ այնքան ատեն, երբ դեռ ոչ ոք չէ ընդունած իր մեղքը, մեղա­յա­կան չէ ըսած մեր ժողո­վուրդին, պետութեան չէ վերա­դարձուցած երկրէն թալա­նած հարտութիւնը եւ պատասխա­նատւութիւն չէ կրած իր յանցանքնե­րուն համար, մեր ժողո­վուրդին մէջ դժուար պիտի ըլլայ համե­րաշխութիւն ստեղծել: Իսկ Համե­րաշխութիւն եթէ չկայ, ուրեմն չկայ նաեւ միասնա­կա­նութիւն: Իսկ համե­րաշխութեան նախա­պայմա­նը արդա­րութիւնն է:

«Ուրեմն նախքան ամէն ինչ, եկեք արդա­րութիւն պահանջենք, յետոյ խօսինք համե­րաշխութեան եւ միասնա­կա­նութեան մասին», առա­ջարկե­ցի ընկերնե­րուս:

Համա­ձայնե­ցանք: Ի վերջոյ, արդա­րութիւնը հիմքն է մարդկա­յին բոլոր յարա­բե­րութիւննե­րուն եւ կարե­լի չէ իրաւազրկեա­լին ու իրաւազրկո­ղին հաւա­սար հարթութեան վրայ դնել, թալա­նո­ղին եւ թալա­նուա­ծին հաւա­սա­րեցնել, յանցա­գործին եւ զոհին նոյն ջուրով լուալ:

Այս ժողո­վուրդը արդա­րութեան կարօտ ունի: Արդա­րութեան հաստա­տումէն ետք՝ ամէն ինչ ալ կարե­լի է:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

https://www.civilnet.am/news/2020/07/02/%D5%84%D5%AB%D5%A1%D5%BD%D5%B6%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6-%D5%A1%D5%B5%D5%B8-%D5%A2%D5%A1%D5%B5%D6%81-%D5%B8%D6%80%D5%B8%D5%9E%D6%82-%D5%B0%D5%A5%D5%BF-%D5%A5%D6%82-%D5%AB%D5%B6%D5%B9%D5%BA%D5%A7%D5%9E%D5%BD/388838?fbclid=IwAR1X2bGl7cLvgmIToAIAaKMiGXlP78oUjIq8DL5WbHt7cjNbx53n5WNEkyo

Առնչվող Հոդվածներ