Սփիւռք

ԱՅՍՊԷՍ ՉԷԻ՜ՆՔ ՄԵՆՔ

ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Լիբանանէն լուրերը ընդհանրապէս լաւ չեն։ Թագաժահրը չէ այնտեղի առաջնակարգ լուրը, այլ տնտեսական չափազանց ծանր վիճակը։ Տեղական դրամանիշի աննախընթաց արժեզրկումը (մօտ վեց անգամով՝ վեց ամսուան ընթացքին), սննդանիւթերու անհետացումը շուկայէն, գիներու արհեստական բարձրացումը եւլն. եւ ասոնց վրայ ալ կ’աւելնայ տարածաշրջանային մեծ բռնկումի մը սպառնալիքը։ Ահա այս վիճակին մէջ է նաեւ ու բնականաբար մեր համայնքը, որ ցանկութեան պարագային ալ անզօր է դուրս գալու երկրէն, պարզապէս որովհետեւ միջոցները ի սպառ շոգիացած են։ Ոմանք կալուածատէրեր են, որոնց ինչքերը սակայն չեն վաճառուիր ներկայիս։  Ուրիշներ ունին դրամատուններու մէջ պահ դրուած, սակայն արգելափակուած նիւթական փոքր կամ մեծ գումարներ, զորս կարելի չէ օգտագործել։

Դարձեալ չկրցանք իբրեւ համայնք կազմակերպուիլ եւ նախազգալ այս բոլորն ու տակաւին գալիքը եւ, ըստ այնմ, գործել, հեռանալ երկրէն։ Անոնք՝ որոնք հեռացած են ժամանակի ընթացքին, այդ ըրած են անկախաբար․ ոչ մէկ կազմակերպ շարժ։

Անկախ երկիր ունինք երեսուն տարիներէ ի վեր, ու ոչ մէկ կազմակերպուած քայլ՝ բեկորները հաւաքելու մայր Հայրենիքին մէջ։

Ազրպէյճանի հսկայ հայկական գաղութները այդպէս տարտղնուեցան աշխարհով մէկ․ Իրանի բազմամարդ գաղութը նոյնպէս․ Իրաքի, Սուրիոյ ու ահա Լիբանանի համայնքները – բոլորը տարտղնուած, սփռուած։

Այդ ե՞րբ բացասական դէպքերը պիտի օգտագործենք ի շահ ազգին․ չէ՜, ընդհակառա՛կը. բոլոր ճգնաժամերը մեզի համար առիթ են աթոռակռիւներու համար, իշխանութիւն տապալելու առիթներ։ Ահա՛ վերջին թագաժահրի տագնապը, որ առիթ է հակաիշխանութիւն շարժումներու, երկպառակութիւններու, դաւադրութիւններու…

Այդ ե՞րբ մեր ազգային կուսակցութիւնները, որոնք աշխարհով մէկ նոյնիսկ ամբողջատիրական երկիրներու մէջ եղած էին իշխանամէտ, եւ անգամ մայր Հայրենիքի մէջ նոյնը, յանկարծ հիմա հակաիշխանութիւն են ու կ՚ընեն բացայայտօրէն ամէն ինչ՝ իշխանութիւնը տապալելու, եւ այդ ընելու համար կը գործակցին սատանային հետ անգամ։

Այսպէս չէի՜նք մենք….

Բայց մեր պատմութիւնը տարբեր չէ եղած…

Մեր տեսակն է այսպէ՛ս։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *