Նամակ Երկրէն

Մենք ուրիշ երթալիք տեղ չունինք

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Նամակ երկրէն

Հակառակ կորոնավիրուսի յառաջացուցած խնդիրներուն, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մեր՝ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի աշխատանքները չեն կանգնած: Արցախի մեր գրասենեակը բազմազբաղ է, նոյնիսկ համավարակի եւ տնտեսական տագնապի այս օրերուն: Նուռի եւ արքայանարինջի (խուրմայ) այգիներու խնամք, նոր տուներ՝ վիրաւոր զինուորներուն, դպրոցներու եւ դարմանատուներու նորոգութիւն, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային ծրագիրներ եւ բազմում այլ աշխատանքներ կը շարունակուին նոյն թափով: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ առաջուայ նման հնարաւորութիւն չունինք ամէն շաբաթ Արցախ երթալու՝ աշխատանքներուն ընթացքին հետեւելու եւ շրջանները այցելելու համար: Ժողովները եւ ծրագրումի աշխատանքները կ’ընենք առցանց, «զում»ի կամ «զանգ»իի օգնութեամբ:

Քանի մը օր առաջ, սակայն, ազատագրուած Քաշաթաղի Իշխանաձոր գիւղէն եկած հեռախօսազանգի մը պատճառով որոշեցի անմիջապէս Արցախ մեկնիլ եւ գործընկերներուս հետ քննել հայրենադարձ ընտանիքի մը տուն հայթայթելու հրատապ խնդիրը: Մեքենայով շուկայէն տուն վերադարձի ատեն հեռաձայն մը ստացայ: «Ալօ բարեւ, Հրաչն է ձեր հետ խօսողը: Ես հիմա Իշխանաձոր եմ, 5 երեխաներուս հետ: Կ’ուզենք հոս մնալ: Մեզի ըսին, որ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը տուն կու տայ այստեղ տեղափոխուողներուն: Մեզի ալ կրնա՞ք օգնել: Մեծ ընտանիք ենք, հիմա երկու սենեականոց բնակարանի մէջ տեղաւորած են մեզի…»:

Հայրենադարձ ընտանիքներու Արցախի մէջ տեղաւորման համար կ’աշխատինք կառավարական համապատասխան գրասենեակներու հետ եւ զարմացած էի, որ Հրաչ հեռախօսահամարս գտած էր եւ ուղղակի ինծի կը զանգէր: «Շատ բարի, բայց Վերաբնակեցման վարչութեան դիմա՞ծ ես…», հարցուցի Հրաչին: Կ’ուզէի նախ հասկնալ, թէ ան հետեւա՞ծ է վերաբնակեցման ընթացակարգին:

«Այո դիմած եմ: Իրենք այս բնակարանը ժամանակաւոր տուին մեզի, մինչեւ որ նոր տուն մը գտնուի: Ուրիշներ ալ ինծի ըսին «Թուֆէնքեան»ի հետ խօսիմ: Հեռաձայնի թիւդ գտայ եւ ըսեմ, կ’ուզեմ շատ արագ տուն-տեղ ըլլամ, երկար-բարակ սպասելու սիրտ չունինք: Մենք այլեւս հոս ենք, ուրիշ տեղ չենք ուզեր երթալ, հոս պիտի մնանք…», ըսաւ Հրաչ եւ կէս հայերէն, կէս արաբերէն խօսելով պատմեց իր Հայաստան գալու մասին:

Հրաչ Սուրիոյ Հասաքէ շրջանէն է: Հողագործ է եւ միաժամանակ մեքենաներու ներկարար, «դզող-փչող», ինչպէս կ’ըսեն Հայաստանի արհեստաւորները… Քանի մը տարի առաջ, բազմահազար այլ սուրիահայերու նման, Հրաչ ընտանիքին հետ կու գայ Հայաստան: «Գիտցանք, որ շատ անապահով ենք, պատերազմ է եւ մեր կեանքը վտանգուած է: Երեւի լուրերէն տեղեակ եք, հիմա արդէն Հասաքէ թուրքերը մտան, քիւրտերը չդիմացան, նահանջեցին…», ըսաւ Հրաչ: Իրենց Երեւան գալէն յետոյ, Եագուպիէի մէջ ռումբի մը պայթումէն կը մահանայ իր աներհայրը, իսկ ատկէ առաջ, մէկ այլ քաղաքի մէջ «տահէշ»ի զինեալները կը սպաննեն իր մորաքրոջ որդին:

«Քանի մը տարի Երեւան ապրեցանք: Արհեստովս հաց կրցայ ճարել եւ ընտանիք պահել: Յոյս ունէինք, որ Սուրիոյ վիճակը կը լաւնայ, մենք ալ մեր տուները կը վերադառնանք: Բայց տեսար ինչ եղաւ: Բոլորս ալ յոյսերնիս կտրած ենք: Ես որոշեցի ընտանիքովս հոս մնալ: Այստեղ մէկը մեզի չի նեղեր, մէկը մեր կրօնքին չի հայհոյեր: Այստեղ մեր հայրենիքն է, զաւակներս հոս կ’ուզեն մնալ: Եթէ քիչ մը օգնութիւն ստանանք, եթէ տուն մը ունենանք Իշխանաձորի կամ մօտակայ գիւղերուն մէջ, գլխերնուս ճարը կը նայինք, պարոն Րաֆֆի: Այս շրջանը Սուրիոյ մեր բնակած տեղէն շատ տարբեր չէ, հողն ալ լաւ է: Մենք աշխատող ենք, այս հողերէն ապրուստ կը հանենք», ըսաւ Հրաչ:

Ես հիմա ճամբայ կ’ելլեմ դէպի Ստեփանակերտ՝ գործընկերներուս հանդիպելու եւ բազմաթիւ այլ խնդրիներու կողքին՝ Հրաչին տան հարցով զբաղուելու: Հայ ընտանիք մը Սուրիայի պատերազմէն փախած է եւ կ’ուզէ իր բոյնը կառուցել Արցախի ազատագրուած հողերուն վրայ: Մեր հիմնադրամով, կառավարութեան եւ այլոց օգնութեամբ, պէտք է յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն տուն եւ հող տրամադրենք Հրաչին:

Հրաչի մեծ աղջիկը 12 տարեկան է: Տղաքը՝ 10  եւ 8 տարեկան, իսկ ամենափոքրերը՝ զոյգ աղջիկներ են, 7 տարեկան: Անոնք պիտի ապրին ու մեծնած Հայաստանի ազատագրուած հողերուն վրայ: Անոնք պիտի ապրին ազատ եւ անվտանգ ու նոր շունչ եւ հոգի պիտի տան մեր հողերուն:

Գրեցէք ինծի:

[email protected]

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3730338507035998&id=195018463901371

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *