28.6 C
Yerevan

ԱՄԵՆԱՀԱՄՈՎ ԱՊՈՒՐԻՆ ՄԷՋ ԻՆԿԱԾ ՃԱՆՃԸ ՍԻՐՏԽԱՌՆՈՒՔ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Նամակ երկրէն

Փաստօ­րէն, Տաւուշի բախումնե­րուն առի­թով ադրբե­ջա­նա­կան հիստե­րիկ արձա­գանգնե­րը, Ալիեւեան իշխա­նութեան կատա­ղա­ծութիւնը ոչ թէ կապ ունին ադրբե­ջանցի զինուորնե­րու սպա­նութեան հետ, այլ՝ ադրբե­ջա­նա­կան երկու խիստ կարեւոր դիրքե­րու կորուստին հետ: Ադրբե­ջա­նը վաղուց, դեռ 90ական թուա­կաննե­րէն, անտարբեր եղած է իր զինուորնե­րու կեանքին հանդէպ: Ալիեւի հիստե­րիան կորսուած կեանքնե­րու հետ կապ չունի, այլ՝ կորսուած հողե­րու հետ, այն ալ՝ ռազմա­վա­րա­կան առումով խիստ կարեւոր: Ալիեւի ամբողջ քարոզչութիւնը, կամ եթէ կ’ուզէք՝ Ալիեւի ամբողջ իշխա­նութիւնը՝ «պապե­նա­կան» հողե­րը «զաւթող» հայե­րէն «ազա­տագրե­լու» քարոզչութեան վրայ հիմնուած է: Իսկ հիմա, մարդը ոչ միայն հող չէ «ազա­տագրած», այլ կորսնցուցած է նոր հող ու նոր դիրքեր:

Սա, ի հարկէ, դիւրին պիտի չմարսուի Ալիեւի կողմէ: Նոր սադրանքներ տեղի պիտի ունե­նան ուշ կամ կանուխ, առաջնա­գի­ծի ոեւէ հատուա­ծի մէջ: Ալիեւ աւե­լի եւս պիտի սաստկացնէ հակա­հայ քարոզչութիւնը եւ աւե­լի պիտի հրահրէ ազգայնա­մո­լութեան եւ հայա­տեա­ցութեան կիրքե­րը: Պարզա­պէս որովհե­տեւ ան իշխա­նութիւնը ամուր պահե­լու այլ տարբե­րակ չունի, մանաւանդ երբ օրէ օր կը շեշտուի նավթի գինե­րու անկումով յառա­ջա­ցած տնտե­սա­կան տագնա­պը, ներ-պալա­տա­կան դաւադրութիւննե­րու վտանգը, որոգման եւ ըմպե­լի ջուրի ճգնա­ժա­մի յառուցած դժգո­հութիւննե­րը…

Այսքա­նը՝ Ալիեւին եւ Ադրբե­ջա­նի մասին: Հիմա քիչ մը խօսինք մեր ներքին՝ ներհայկա­կան երեւոյթնե­րէն: Այսպէս, ընդհա­նուր առմամբ, հայութիւնը՝ Հայաստա­նէն Արցախ ու մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններ, մէկ մարդու նման աջակցութիւն յայտնեց հակա­կան բանա­կին եւ անոր հրա­մա­նա­տա­րութեան ու գերա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րին: Միասնա­կա­նութեան շատ գեղե­ցիկ, օրի­նա­կե­լի դրսեւո­րում պիտի համա­րէինք այս երեւոյթը, եթէ չ’ըլլա­յին այն սակաւա­թիւ, բայց սիրտ խառնող փոքրա­մասնութեան ատե­լութեան դրսեւո­րումնե­րը: Խօսքը մերժուածնե­րու մասին է, վերջին ընտրութիւննե­րուն ժողո­վուրդին կողմէ քաղա­քա­կան բեմէն դուրս շպրտուածնե­րուն մասին: Եւ այսպէս, մինչ բախումներ տեղի կ’ունե­նա­յին Տաւուշի սահմաննե­րուն վրայ, եւ հայ քաջա­րի զինուորնե­րը արժա­նի հակա­հա­րուա­ծով նոր դիրքեր կը գրաւէին, մերժուածնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րը՝ Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի մէջ, իշխա­նութեան դէմ ուղղուած թունաւոր ասքի ու արարքի բազմա­տե­սակ արտա­յայտութիւննե­րու կողքին, կը գրէին ու հարց կու տային, թէ ինչո՞ւ կռիւնե­րը սկսան Նիկոլ Փաշի­նեա­նի զաւա­կին՝ Աշո­տի զօրացրումէն յետոյ (Աշո­տի ծառա­յութիւնը աւարտած էր շաբաթ մը առաջ): Սա, կ’եզրա­կացնէին մերժուածնե­րու ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, ցոյց կու տայ թէ Ալիեւ եւ Փաշի­նեան թաքուն համա­ձայնած էին եւ կը սպա­սէին Աշո­տի զօրացրումին, որպէսզի պատե­րազմ սկսէին…

Լաւ էլի: Այսքա՞ն ալ վարնո­ցութիւն: Այսքա՞ն ալ ատե­լութիւն: Այսքան ցած կարե­լի՞ է իջնել՝ թրքա­կան յարձա­կումնե­րու օրե­րուն… Ես ինչ-որ մարդոց կողմէ հերթա­կան յիմա­րութիւն պիտի համա­րէի այս տեսա­կի գրա­ռումնե­րը, եթէ անոնք անմի­ջա­պէս լոյս չտեսնէին մերժուածնե­րու հովա­նաւո­րած առցանց թերթե­րուն մէջ եւ կայծակնա­յին արա­գութեամբ չտա­րա­ծուէին Հայաստա­նէն Սփիւռք՝ ամէն տեղ…

Սա, ի հարկէ, մերժուած փոքրա­մասնութեան մը հերթա­կան բամբա­սանքնե­րէն անդին չանցնիր եւ ցոյց կու տայ նոյն շրջա­նա­կին մէջ գոյութիւն ունե­ցող քաղա­քա­կան «բարձր» մտա­ծո­ղութիւնը եւ սեփա­կան ժողո­վուրդի քուէին հանդէպ իրենց ունե­ցած «յարգանքը»: Այս ալ, երեւի, միասնութեան իրենց հասկա­ցո­ղութիւնն է…

Բայց իրա­պէս, Տաւուշի կռիւնե­րուն առի­թով մեր ժողո­վուրդի միասնութեան գեղե­ցիկ դրսեւո­րումը անթե­րի պիտի ըլլար, եթէ չըլլա­յին այս տեսա­կի քարոզչա­կան ահաւոր տգեղ արշաւնե­րը: Ինչպէս կ’ը­սեն, ամե­նա­հա­մով ապուրի ամա­նին մէջ ինկած ամե­նա­փոքրիկ ճանճը կրնայ սիրտխառնուք յառա­ջացնել:

Մենք, ըստ երեւոյթին, պիտի սորվինք ապրիլ սիրտխառնուք յառա­ջացնող ճանճե­րուն հետ: Անոնք ալ, ի վերջոյ, մեր հայկա­կան խոհա­նո­ցի անբա­ժան մասն են:


Գրեցէ՛ք ինծի:
[email protected]

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10223959879407437

Առնչվող Հոդվածներ