20 C
Yerevan

«Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմա­նադրութիւն, որը քաղա­քա­ցի­նե­րի կամքի վրայ յենուած՝ քաղա­քա­ցի­նե­րի կամքից բխող պետա­կան կարգ կը հաստա­տի Հայաստա­նում»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

08 Յուլիս 2020

Ն․Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ քաղա­քա­կան աշխարհի իրա­կա­նութեան հետ քայլ պահե­լու գաղա­փա­րա­կան ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որուն յաջո­ղութեան գրաւա­կա­նը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՄՔԻՆ համա­հունչ գործե­լու ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ զգա­ցո­ղութիւնն է։

Բարի լոյս՝ փանջունիա­կան ԻՆՔՆԱՍՔԱՆՉԱՑՄԱՆ որո­գայթնե­րուն դէմ Ազգն ու Հայրե­նի­քը ՍԹԱՓ եւ ԶԳԱՍՏ պահող, այլեւ ամէն կարգի հատուա­ծա­կա­նութե­նէ վեր կանգնած ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՏԵՍԼԱԿԱՆՈՎ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ առաջնորդող հայ քաղա­քա­կան մտքի ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։

Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ առի­թով՝ տօնա­կան ուղերձնե­րով մեր ժողո­վուրդին դիմե­ցին Հ․Հ․ նախա­գա­հը, Հ․Հ․ վարչա­պե­տը եւ Հայաստա­նի այսօ­րուան վարկա­բեկ ԸՆԴԴԻ­ՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆը ներկա­յացնե­լու անբա­ցատրե­լի յաւակնութեամբ բեմ նետուած Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻ­Նը։

Բարի լոյս՝ ցորե­նը յարդէն զանա­զա­նող բոլոր ընթերցողնե­րուն, որոնք մեկնա­բա­նութեան կարի­քը չեն տեսներ՝ երբ կողք-կողքի լուսարձա­կի տակ կ՚առնեն ստո­րեւ ամփո­փուած պատգամնե­րը մատնանշուած երեք ուղերձնե­րուն՝

- ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ«Պատմութիւնը ոչ միայն լաւ ուսուցիչ է, այլեւ՝ ակա­մայ յուշա­րար։ Այն անընդհատ յիշեցնում եւ յուշում է մեզ չմոռանալ,«որ որպէս պետութիւն ու հասա­րա­կութիւն յաջո­ղութեան հասնե­լու գրաւա­կա­նը ձեռք ձեռքի տուած, միասնա­բար երկի­րը կառուցելն է,«որ մենք ունենք նախ՝ պետա­կան եւ ազգա­յին ընդհա­նուր շահեր, նոր միայն՝ անձնա­կան կամ մասնաւոր,«որ բարձրա­գոյն արժէ­քը մարդն է,«որ Սահմա­նադրութիւնը ոչ միայն իրաւունք ու պարտա­կա­նութիւն է, այլեւ՝ մտա­ծո­ղութեան ու գործունէութեան մշա­կոյթ, արժէ­հա­մա­կարգ, փիլի­սո­փա­յութիւն»:

- ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ«Մեր երկրին հարկաւոր է նոր Սահմա­նադրութիւն, որը քաղա­քա­ցի­նե­րի կամքի վրայ յենուած՝ քաղա­քա­ցի­նե­րի կամքից բխող պետա­կան կարգ կը հաստա­տի Հայաստանում:«Նոր Սահմա­նադրութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է ստեղծուի ոչ թէ կոնկրետ անձի, անձանց, քաղա­քա­կան ուժի կամ խմբի ճաշա­կով ու «հագով», ոչ թէ որեւէ իշխա­նութեան վերարտադրութիւնն ապա­հո­վե­լու նպա­տակ պէտք է ունե­նայ, այլ ժողովրդի իշխա­նութիւնը ամրացնե­լու, ժողովրդի կամքից բխող պետա­կան կարգ ունե­նա­լու եւ պետութիւն ունե­նա­լու քաղա­քա­ցի­նե­րի կամքը արտա­յայտե­լու ռազմա­վա­րա­կան հարցը պէտք է լուծի»:

- Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ «Սահմա­նադրութեան առկա­յութիւնն ինքնին չի կարող երաշխիք լինել, երբ այն չի արժեւորւում, երբ, շահարկե­լով ժողովրդի անունը, Սահմա­նադրութիւնը մեկնա­բանւում եւ կիրառւում է նեղ անձնա­կան ու քաղա­քա­կան շահախնդրութեամբ՝ անտե­սե­լով հանրա­յին եւ ազգա­յին-պետա­կան շահը: «Ցաւօք, տեւա­կան ժամա­նակ է, օրուայ քաղա­քա­կան իշխա­նութիւնը ցուցա­բե­րում է հէնց այս վարքագիծը․․․«Տօնական այս օրով, վճռա­կա­նօ­րէն հաստա­տում ենք Դաշնակցութեան յանձնա­ռութիւնը՝ համազգա­յին համախմբումով երկի­րը վերա­դարձնե­լու սահմա­նադրա­կա­նութեան եւ բնա­կա­նոն զարգացման ազգա­յին-պետա­կան ուղեգծի»:

Բարի լոյս՝ Սահմա­նադրութեան վերամշակման ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱ­ԿԱՐԳը թափանցիկ քննարկման իր հարթութեան վրայ պահող, այլեւ ու մանաւանդ՝ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ճամբով ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՄՔին նուի­րա­գործումը առաջնա­հերթ դաւա­նող յետ-յեղա­փո­խա­կան Հայաստա­նի ՊԵՏԱԿԱՆԱԿԵՐՏՄԱՆ ՈՒՂԻԻՆ։

Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իրենց ՑԵՆԶով նորա­հաս սերունդնե­րուն ՍԹԱՓԵԼՈՒ կոչ ուղղող ՆՈՐԱՅՐ ՄԵԼՔՈՄԵԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք բառե­րը առանց ծամծմե­լու ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՏԱՃԱՐԸ ՄԱՔՐԵԼՈՒ հրա­մա­յա­կա­նը կը շեշտեն՝ ահա­զանգե­լով․-

«Ցաւա­լի է, որ կուսակցութեան Հայաստա­նի կազմա­կերպութիւնը, յանձինս կուսակցութեան ղեկա­վար մարմիննե­րի, երկար շարք կազմող իր սխալ կողմնո­րո­շումնե­րով ու արարքնե­րով, այսպի­սի անփա­ռունակ վիճա­կի հասցրեց ազգին ու հայրե­նի­քին նուի­րուած բիւրաւորնե­րի այս կուսակցութեա­նը։ Իսկ ուրա­խա­լին այն է, որ Հայաստա­նի ժողովրդա­կան իշխա­նութիւննե­րին «օր առաջ տուն ուղարկողնե­րին» ինքը ժողո­վուրդը տուն ուղարկեց։«Աւելի արդար ի՞նչ էր կարե­լի սպա­սել ժողովրդից, երբ յեղա­վո­խա­կան կուսակցութիւնը յայտնւում էր հակա­յե­ղա­փո­խութեան դիրքե­րում»։

Բարի լոյս՝ ընդհանրա­պէս հայ քաղա­քա­կան մտքի եւ որո­շա­պէս Հ․Յ․Դ․ ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՄԱՆ ՆԵՐՈՒԺԻՆ նկատմամբ իրենց ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՆԽԱԽՏ ՊԱՀՈՂ Գաղա­փա­րի Ջահա­կիրնե­րուն։

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3233010936789858

Առնչվող Հոդվածներ