20 C
Yerevan

Այնպէս որ հերիք է աղմկէք

Աւօ Պօղո­սեան

Ինչպէս կը նկա­տենք, վերջերս Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան դաշտը շարժող թեման երկրին մէջ կազմաւո­րուած նոր «ճակատ»ի մը գոյութիւնն է, որուն յայտա­րա­րած ծրա­գի­րը Հայաստա­նը աւե­լիով Ռուսաստա­նի մօտեցնելն է, նաեւ՝ պայքա­րի­լը իշխա­նութեան վերագրուած՝ Հայաստա­նը «Ռուսա­կան Ճամբար»էն հեռացնե­լու քաղա­քա­կան ծրա­գիրներնե­րուն դէմ։

Այս վերագրումը ի հարկէ ստա­պա­տիր ամբաստա­նութիւն է՝ լրիւ յերիւրա­ծոյ։

Փորձեմ փաստել իմ այս կարծի­քը։

Ցոյց տալու եւ փաստե­լու պէտք չկայ, որ սկսե­լու համար՝ Ցեղասպա­նութեան հետեւանքով սփիւռքի մէջ յայտնուած զանգուածնե­րը, մինչեւ այսօր ապրե­լով հանդերձ Միջին Արեւելքի մինչեւ երէկ բարե­կե­ցիկ երկիրնե­րուն մէջ, ու վերջին շրջա­նին այդ երկիրնե­րու ապա­հո­վա­կան եւ տնտե­սա­կան իրա­վի­ճակնե­րու վատթա­րա­ցումէն ետք, անոնց մեծա­մասնութիւնը փորձած, ցանկա­ցած, մտա­ծած ու մասամբ իրա­գործած է դէպի Արեւմուտքի երկիրներ արտա­գաղթե­լը եւ այնտեղ հաստա­տուի­լը։

Աւելի՛ն․  նոյնիսկ Հայաստա­նէն այս երե­սուն տարի­նե­րու ընթացքին Արեւմուտք արտա­գաղթած զանգուածնե­րը, դասա­կան սփիւռքին հետ միա­սին, ապրե­լով հանդերձ այդ նոր օճախնե­րուն մէջ ու «վայե­լե­լով» հանդերձ այդտե­ղի «բարիքնե­րը», մեծա­մասնութեան ենթա­գի­տակցութեան մէջ ամուր նստած է այն կարծի­քը, թէ Հայաստա­նի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահե­րը կը պահանջեն, կը թելադրեն ու կը պարտադրեն, որ երկրի ղեկին յայտնուող ցանկա­ցած իշխա­նութիւն, անցեա­լին, ներկա­յիս ու ապա­գա­յին, չի կրնար այնքան տհաս ու անհե­ռա­տես ըլլալ, որ փորձէ քաղա­քա­կա­նա­պէս հեռա­նալ «Հիւսի­սի Ճամբար»էն։

Այս մտայնութիւնը, ինչպէս ըսի, Արեւմուտքի մէջ ապրողնե­րու ենթա­գի­տակցութեան մէջ ամուր նստած է․ ապա պատկե­րա­ցուցէք, թէ որքա՜ն աւե­լի խորը նստած է հայրե­նի հողին վրայ ապրող ու շնչող զանգուածնե­րուն մօտ։

Հայաստա­նի ներկայ իշխա­նութիւննե­րու քաղա­քա­կա­նութիւնը տարբեր չէ ու չի կրնար ըլլալ, որովհե­տեւ կոյր չեն, ու ի հեճուկս այդպէս՝ հակա­ռա­կը կարծողնե­րու, շատ ալ ճիշդ քաղա­քա­կա­նութեամբ՝ նոյնիսկ Հիւսի­սի հետ աւե­լի լաւ յարա­բե­րութիւննե­րու մէջ են։

Ռուսաստա­նի հանդէպ վերա­բերմունքին հետ կապուած տարբե­րութիւնը՝ այժմու եւ անցեա­լի իշխա­նութիւննե­րուն միջեւ, կը կայա­նայ այն իրո­ղութեան մէջ, որ նախա­պէս եղած յարա­բե­րութիւնը  երկրի ինքնիշխա­նութիւնը առաւե­լա­գոյն չափե­րու հասնող տկա­րացման ու չէզո­քացման յարա­բե­րութիւն էր՝ երկրի տնտե­սա­կան ենթա­կա­ռոյցնե­րու մեծա­մասնութեան յանձնումին ճամբով, անձնա­կան փառքի եւ հարստացման սիրոյն, եւ ուրիշ բան ալ չէին կրնար ընել, բացի հլու եւ հնա­զանդ ենթարկուե­լէ Հիւսի­սի տէրե­րուն քմա­հա­ճոյքնե­րուն եւ հրա­հանգնե­րուն, քանի որ իրենց կը պակսէր իրենց հարա­զատ ժողո­վուրդի կողմէ անհրա­ժեշտ վստա­հութեան քուէն, իրենց իշխա­նութեան օրի­նա­կա­նութեան վկա­յա­գի­րը։

Ինչ որ ներկա­յի իշխա­նութիւննե­րը կը փորձեն՝ Ռուսաստա­նէն առանց հեռա­նա­լու ինքնիշխա­նութեան լծակնե­րու վերա­հաստա­տումն է, որքան որ կարե­լի է, ու հաւա­սա­րակշռուած քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­լը, որ կը հաւա­տամ մեր դաշնա­կիցնե­րը լաւ ալ հասկցած են ու անոր մէջ ոչ մէկ անպա­տե­հութիւն կը տեսնեն։

Իրենց այդ փորձին մէջ, ի տարբե­րութիւն նախկիննե­րուն, այժմու իշխա­նութիւննե­րը ունին ժողո­վուրդի վստա­հութեան քուէն ու զօրակցութիւնը, հետեւա­բար՝ աւե­լի ազատ են իրենց շարժումնե­րուն եւ Հիւսի­սի ու Արեւմուտքի հետ իրենց յարա­բե­րութեանց մէջ, որովհե­տեւ ժողո­վուրդի օրի­նա­կան ներկա­յա­ցուցչութեան վկա­յագրով զինուած են։

Հետեւա­բար՝ հայրե­նի հայութիւնը, իշխա­նութիւննե­րը, սփիւռքի մեր համայնքնե­րը ու ամբողջ ազգը, իր մեծա­մասնութեան մէջ, հաւա­քա­կան այդ խելքը ունի՝ տեսնե­լու մեր աշխարհագրա­կան դիրքը, մեր դիրքե­րէն բացուող տեսա­նե­լի հորի­զո­նը։ Գիտէ՝ մեր անմի­ջա­կան հարեւաննե­րուն մէջ ճշդել մեզի համար ձեռնտու լաւա­գոյն խօսա­կի­ցը։ Գիտէ՝ որ Իրա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութեան պահպա­նումը մեր ապա­հո­վութեան գրաւա­կանն է, քանզի գիտէ Իրա­նի հիւսի­սի թրքա­ցեղ ժողո­վուրդնե­րուն Ազրպէյճա­նի հետ միացման վտանգի առկա­յութիւնը։ Գիտէ՝ որ աշխարհի հետ հաղորդակցե­լու եւ բացուե­լու մեր ապա­հո­վա­գոյն ճանա­պարհը Իրա­նի վրա­յով է, դէպի Հնդկաց ովկիա­նոս, Պարսկա­կան կամ Արա­բա­կան ծոց եւ աշխարհ։

Մենք չենք կրնար ցանկալ այդ ճանա­պարհին վտանգուի­լը՝ Արեւմտեան Աշխարհի շահե­րուն անսա­լով Իրա­նի հողա­յին ամբողջա­կա­նութեան ի վնաս գործո­ղութիւննե­րու ձեռնարկումով։

Մենք Կովկա­սի Հարաւա­յին փէշե­րուն արմա­տաւո­րուած երկիր ենք, պիտի լաւա­գոյնս յարմա­րինք այս տարա­ծաշրջա­նի մթնո­լորտին, ինչ ալ ըլլան պայմաննե­րը։

Այնպէս որ հերիք է աղմկէք։

Առնչվող Հոդվածներ