26.4 C
Yerevan

Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխա­նութիւն, ժողո­վուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ անգամ մը եւս հայրե­նի ՀՈՂԻՆ ու ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ հերո­սա­բար ՊԱՇՏՊԱՆ ու ՊԱՀԱՊԱՆ կանգնող ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ, որ ատրպէյճա­նա­կան անարգ ներխուժման դէմ յաղթա­հա­սակ ցցուե­լով՝ վերա­նո­րո­գեց Ազգի ու Հայրե­նի­քի սահմաննե­րուն ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԵՐԱՇԽԻ­Քը ըլլա­լու եւ ԱՄՈՒՐ ՄՆԱԼՈՒ իր ՄԱՐՏՈՒՆԱ­ԿՈՒԹԻՒՆը։
Բարի լոյս՝ ի մի գալու եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՈՎ ատրպէյճա­նա­կան թշնա­մին ետ շպրտե­լու մեր ժողո­վուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին այսօ­րուան շղթա­յա­զերծումին, որ հայաշխարհի ողջ տարածքին թունդ-թունդ հանեց ՍՐՏԵՐՆ ՀԱՅՈՑ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ իշխա­նութեան դիրքէն ընդդի­մութեան ուղղուած ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻՆ, որ բառե­րը առանց ծամծմե­լու ամբողջ հայութեան անունով ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ ԿԸ ՀՊԱՐՏԱՆԱՅ՝
«Հիմա մենք սոսկ բանակ չունենք։ Հիմա ինքնին բանակ չունենք։ Հիմա ունենք ամէն ինչ՝ իշխա­նութիւն, ժողո­վուրդ, զինուոր, զէնք, նոյնիսկ ձեզ ունենք»։
Բարի լոյս՝ միշտ ՍԹԱՓ ու ԶԳՕՆ կանգնած Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի արթուն պահակնե­րուն, որոնք չեն բաւա­րա­րուիր միայն ՎՏԱՆԳԻ ՊԱՀՈՒՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՎ, այլ — ինչպէս որ Հ․Հ․ Ազգա­յին Ժողո­վի նախա­գա­հը կը յորդո­րէր համա­ցանցի վրայ իր այսօ­րուան գրա­ռումով — մեր ժողո­վուրդին հետեւո­ղա­կա­նօ­րէն կը ներշնչեն ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ՝ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹԵԼՈՒ ՇԻՐԱԶԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄՈՎ․

Մենք խաղաղ Էինք մեր լեռնե­րի պէս,
Դուք հողմե­րի պէս խուժե­ցիք վայրագ:
Մենք ձեր դէմ ելանք մեր լեռնե­րի պէս,
Դուք հողմե­րի պէս ոռնա­ցիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռնե­րի պէս,
Դուք հողմե­րի պէս կը կորչէք վայրագ:

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3247916788632606

Առնչվող Հոդվածներ