ԳԵՎՈՐԳ ԹՈՐՈՅԱՆ
Ռուբէն Տէր Մինասեան իր «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակներ»ու երկրորդ հատորին մէջ Վանի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մասին կը գրէ հետեւեալը.-
Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ կային միայն կիսագրագէտներ եւ արհեստաւորներ, ինչպէս Պետոյի ժամանակ։ Եթէ Դաշնակցութիւնը կարողանար Բաղէշցեանը եւ իր ընկերները ձեռք ձգել, ան Վասպուրականի ուղեղը ձեռք ձգած կը լինէր։ Արամը կը ցանկանար այդ ուժերը մտցնել Դաշնակցութեան շարքերը, բայց ան հնարաւորութիւն չունէր, մանաւանդ որ տեղացիներէն կարգ մը ընկերներ մեծ մասամբ անձնական հաշիւներով՝ հակառակ էին որ անոնք ընդունուէին Դաշնակցութեան մէջ։ Չէ՞ որ արեւի երեւալովը աստղերը կը խամրին։
Ռուբէն իր այս տողերուն մէջ կ՛անդրադառնայ երկու երեւոյթներու։
Նախ ան չի յիշատակեր թէ որոնք էին «անձնական հաշիւները», որոնց պատճառով Բաղէշցեանը եւ ընկերները դժուարութիւն ունէին Դաշնակցութեան շարքերը մտնելու։ Այլ խօսքով, Դաշնակցութեան մէջ կային ընկերներ, որոնք իրենց անձնական շահերը կը գերադասէին կուսակցութեան շահերէն։ Այս երեւոյթին մասին կը խօսի Ռուբէն նաեւ յ՛ իր յուշերուն 7րդ հատորին մէջ, երբ կ՛ըսէ թէ 1918ին երբ Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն դարձաւ Հայաստանի մէջ, կասկածելի մարդիկ մտան Դաշնակցութեան շարքերը, որոնք հետագային՝ 1920ին փորձանք դարձան կուսակցութեան գլխուն։ Այս մասին անդրադարձ կայ նաեւ 1980ական թուականներու Դրօշակի տարբեր խմբագրականներու մէջ, ուր կ՛ըսուի թէ Դաշնակցութեան մէջ յաճախ մուտք կը գործեն պատեհապաշտ ու ոչ-գաղափարական անհատներ, որոնք յաճախ ոչ դաշնակցականավայել կեցուածքներով թէ կուսակցութենէն ներս եւ թէ կուսակցութենէն դուրս կ՛աղաւաղեն կուսակցութեան դիմագիծը։
Հետագային Արամի (Մանուկեան), Վանայ Իշխանի, Ռուբէնի եւ Վասպուրականի այլ գործիչներու ջանքերով Բաղէշցեանը եւ ընկերները, որոնք նախապէս մաս կը կազմէին Արմենական կուսակցութեան, միացան Դաշնակցութեան եւ իբրեւ այդպիսին գործեցին մինչեւ վերջ։ Որովհետեւ Վանի ղեկավարութիւնը համոզուած էր որ միմիայն «կիսագրագէտներ եւ արհեստաւորներ» ունենալով կարելի չէ ժողովուրդը ղեկավարել։ Արամը եւ ընկերները համոզուած էին որ անհրաժեշտ է Վան քաղաքի մտաւորական մասսան միանայ Դաշնակցութեան, որպէսզի Դաշնակցութեան հմայքն ու արժէքը բարձրանան յաչս ժողովուրդին։ Անոնք գիտակից էին որ կուսակցութեան որակը ոչ այնքան կուսակցական ընկերներու մեծ մասսան էր, այլեւ մտաւորականութիւնը։ Այդ պատճառով ալ ամէն ջանք գործադրեցին Դաշնակցութեան շարքերը համալրելու մտաւորական տարրով։
Առ այդ, ինչպէս բոլոր կուսակցութիւններու, նոյնպէս Դաշնակցութեան գաղափարական դիմագիծ եւ ուղղութիւն տուողը, հմայք ու դիմագիծ արտայայտողը իր մտաւորականութիւնն է։
https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10220617888550697&id=1639292865