13.5 C
Yerevan

ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ՆՍԵՄԱՑՆԵԼ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՄԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Պատմագրութիւնը սոսկ գիտութիւն չէ, այլ կոչումն ունի ժամա­նա­կա­կիցնե­րու անա­չառ յիշո­ղութիւններն ու վկա­յութիւննե­րը փոխանցե­լու յաջորդ սերունդնե­րուն, որպէսզի դասեր քաղենք անցեա­լի սխալնե­րէն ու յառաջ անցնինք՝ նոր ձեռքբե­րումներ իրա­կա­նացնե­լու համար։

Այս ժամա­նա­կա­հա­տուա­ծին մենք բախտո­րոշ օրեր կ՚ապրինք, ու փառք մեր քաջա­րի բանա­կին՝ ակա­նա­տե­սը կ՚ըլլանք մեր հիւսիս-արեւե­լեան սահմա­նին թշնա­մի կողմէն կատա­րուող սադրանքնե­րու ձախո­ղեցման, ու աւե­լին՝ մեր հանրա­պե­տութեան սահմաննե­րուն վրայ բարձրա­դիր եւ ռազմա­գի­տա­կան առումով կարեւոր կարգ մը բարձրունքնե­րու ազա­տագրումին:

Բարձրունքներ՝ որոնք, անկա­խութեան հռչա­կումէն ետք, մեր արեւե­լեան հարեւաննե­րուն հետ բախումնե­րու հետեւանքով, չի բացա­ռուիր նաեւ մեր անլրջութեան պատճա­ռով անցած էին ադրբե­ջա­նա­կան վերահսկո­ղութեան ներքոյ։

Դժբախտա­բար, ներ-քաղա­քա­կան լարուած մթնո­լորտին բերումով՝ այսօր «ընդդի­մա­դիր» յորջորջուած խումբին կողմէ փորձ կ՚ըլլայ սոյն յաջո­ղութիւննե­րը անջա­տե­լու իշխա­նութեան քաղա­քա­կան որո­շումէն, ու ընդհա­կա­ռակն եւ աւե­լին՝ ապա­տե­ղե­կա­տուութեան դիմե­լով՝ անարգ փորձ կը կատա­րուի ամէն գնով նսե­մացնե­լու կառա­վա­րութեան դերա­կա­տա­րութիւնը։

Բարե­բախտա­բար, 2016ի Ապրի­լեան Քառօ­րեայ Պատե­րազմը հեռու անցեա­լին չի պատկա­նիր, ու բոլորս կը յիշենք մեր 800 հեկտա­րի կորուստը ու այդ հողե­րուն «անպէտք» հռչա­կուի­լը այդ օրուան Հ․Հ․ Զինուած Ուժե­րու գերա­գոյն հրա­մա­նա­տա­րին՝ Հ․Հ․ նախա­գա­հին կողմէ:

Միեւնոյն ատեն շատե­րուն կ՚արժէ յիշեցնել մեր ժողո­վուրդին մոլո­րեցնե­լու կամ բարո­յալքե­լու նպա­տա­կով հայոց բանա­կի հասցէին այդ ատեն տարա­ձայնուած վարկա­բե­կիչ քարոզչութիւնը, երբ նոյն այդ ժամե­րուն մեր արի զինուորնե­րը նախա­յարձակ թշնա­միին կանգնեցնե­լու օրհա­սա­կան ու դաժան կռիւ կը մղէին։

Իսկ այսօ­րուան «ընդդի­մա­դիր» կոչուածնե­րը, որոնք նոյն այդ օրե­րուն իշխա­նութիւն էին, ատե­նին բերաննին ջուր առած՝ լուռ կը մնա­յին, պապանձած էին, իսկ անոնց սպա­սարկող յայտնի լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու եւ մամլոյ ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, նախա­գա­հի յատուկ օդա­նաւին հանգստաւէտ պայմաննե­րուն մէջ, կը տեղե­կա­նա­յին այդ տարածքնե­րուն «պիտա­նի չըլլա­լուն մասին»։

Երեւի՝ ատե­նին մամուլը այսօ­րուան նման ազատ չէ՞ր, կամ՝ ըսե­լիք չունէ՞ր, թէ՞ այդ հողե­րը իսկա­պէս «անպէտք էին»։

Պատմագրութիւնը կանգ չէ առած, հետեւա­բար՝ սթափի՛լ է պէտք:

Առնչվող Հոդվածներ