Հայաշխարհ

Վերանորգենք Գերագոյն Զոհաբերութեան ՈՒԽՏը՝ Լիզպոնի անմոռանալի Հինգ Նուիրեալներուն

Անդրանիկ Պօղոսեան

27 Յուլիս 1983, Լիզպոն. հայոց պատմութեան ու Հայ Դատին համար մղուող պայքարի «յիշարժան օր»՝ որ իր ուրոյն սխրագործութեամբ ոսկեայ տառերով արձանագրուեցաւ։

Այդ օր մեր Հինգ Նուիրեալները ուս-ուսի քալեցին դէպի զոհաբերութեան բագինը՝ իրենց նահատակութեամբ գոռալու եւ աղաղակելու արար-աշխարհին, թրքական պետութեան, նաեւ՝ մեր ազգին, իրենց հասակակիցներուն, բոլորին յիշեցնելու եւ գօտեպնդելու՝ Մեր Պահանջատիրութեան ու Մեր Դատին անմնացորդ նուիրաբերուելու իրենց կենդանի օրինակով:

Անոնք հարազատ ժառանգներն էին այն Մեծ Փաղանգին, որ ճամբայ բացած էր դարերու ընթացքին, այն Հայու Տեսակին՝ որ գիտէր մարտնչիլ յանուն Ազգի ու Հայրենիքի վեհ գաղափարին, այն Անձնազոհ Փաղանգին՝ որ իր նուիրաբերումով կրցաւ մեր այսօրուան Հայրենիքին հիմնասիւնը կերտել, Հայրենիք՝ որ աշխարացրիւ հայութեան համար դարձաւ պահապան ու փարոս։

Անոնց Գերագոյն Զոհաբերութեան Ոգիով նոր վերածնունդ ապրեցաւ Հայրենիքը՝ որ երբ եկաւ պահը ազգովին վերստին զարթնելու, յառաջ մղեց նորահաս Նուիրեալներ, որոնք Լիզպոնի Հինգին – եւ ոչ միայն անոնց – օրինակով ու թողած պատգամով՝ շարունակեցին եւ միեւնոյն գաղափարով սնած ու կողք-կողքի իրարու թիկունք տուած՝ միեւնոյն զոհասեղանին վրայ նահատակուեցան։

Թէեւ թրքական պետութեան սիրտը ուժգին խոցելու ճանապահին Լիզպոնի Գործողութիւնը չհասաւ իր նշանակէտին, այդուհանդերձ իրենք՝ Հինգ Հերոսները ինկան այն համոզումով, որ իրենց զոհաբերութեամբ ճառագայթող ուղեցոյց կը դառնան մեզ բոլորիս՝ վեր կանգնելու նեղ-անձնական հաշիւներէն, ու լծուելու՝ իսկական գործին, հեռու՝ սուտ լոզունգներով առաջնորդուող ու առաջնորդող պատեհապաշտ, այլեւ քարիերիստ հռետորաբանութեամբ դիրք ու բեմեր նուաճել փորձող ու իրական գործէն խոյս տուող եւ ուրիշներուն առջեւ մղելով իրենց գահը կառուցող կեղծ յեղափոխականներէն:

Այսօր խոնարհումի օրն է ի յիշատակ այն բոլոր մեր նահատակներուն, Գէորգ Չաւուշներէն մինչեւ ԼԻԶՊՈՆԻ 5՝ Սարգիսի, Սեդրակի, Սիմոնի, Արայի եւ Վաչէի, նաեւ՝ Կ․ Պոլսոյ մէջ պայթումի զոհ դարձած Գօգոյի ու Կարոյի եւ մինչեւ մեր օրերը՝ Գերագոյն Զոհաբերութեան միեւնոյն այդ ոգիով սնած ու նահատակուած բոլոր Հայորդիներուն, որոնք կրցան դէմ կանգնիլ ոսոխին, պաշտպանելու ու ազատագրելու մեր Հայրենի Արցախը, ամուր հիմը դնելով մեր այսօրուան Հայկական հզօր Բանակին, որ անփոխարինելի ու Վստահելի Երաշխաւորն է մեր Հայրենիքի պահպանութեան:

Եկէք ազգովին այս օր եւ յաւէտ խոնարհինք մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին առաջ ու, վերանորոգելով մեր ուխտը, խոստանանք արժանի դառնալ անոնց աւանդ թողած անաւարտ գործը միեւնոյն նուիրումով շարունակելու:

    

One Response to “Վերանորգենք Գերագոյն Զոհաբերութեան ՈՒԽՏը՝ Լիզպոնի անմոռանալի Հինգ Նուիրեալներուն”

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *