16.9 C
Yerevan

«Հայաստա­նի մեր այս նոր իշխա­նաւորնե­րէն ոմանց մանկա­պարտէզ կը ղրկեմ, իսկ մեր սփիւռքի դերա­կա­տարնե­րէն շատե­րը այլեւս ծերա­նոց կը փոխադրեմ»։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

26 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի վէրքե­րուն ԶՈՒԱՐԹԱԽՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՐՄԱՆ առա­ջարկող ՀԱՅ ՄՏՔԻ նորա­նուն ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ փաղանգին մէջ ուշագրաւ ներկա­յութիւն հաստա­տած երի­տա­սարդ անուն է ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ հայ մամուլի ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴը վերա­թարմացման եւ վերաշխուժացման առաջնորդող ԳԱՂԱՓԱՐԻ նորա­նուն ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք 21րդ դարու ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ու ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԽԱՓԱՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅՈՐՁԱՆՔԻՆ դէմ յանդի­ման՝ ոգի ի բռին կը պայքա­րին ՅԱՆՈՒՆ Հայաստա­նի եւ Հայութեան ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵ­Րու պաշտպա­նութեան, ՍՈՒՏ եւ ԿԵՂԾ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԿԱՂԱ­ՊԱՐՆԵ­Րը մերկացնե­լով ու ձաղկե­լով։
Բարի լոյս՝ ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, տասնա­մեակնե­րու երկա­րա­շունչ պայքա­րով, ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔը վերա­նո­րո­գե­լու եւ վերաշխուժացնե­լու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ՝ հանրա­յին կարծի­քը գաղա­փա­րա­կան շարժման մէջ դրած եւ դէպի ազգա­յին-քաղա­քա­կան ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ու ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՈՒՄ առաջնորդած ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿՆԵՐՈՒ ժառանգորդ մերօ­րեայ նորա­հաս ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ առջեւ ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ամե­նայն պարզութեամբ, բարի ժպի­տով, այլեւ անկա­շառ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՄԲ հունաւո­րող ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց մասին պերճա­խօս վկա­յութիւն մը փոխանցած է HAYEM NEWS կայքէ­ջը՝ ստո­րեւ արտատպուած այսօ­րուան իր հրա­պա­րա­կումով․
https://hayemnews.com/%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6-%d5%af%d5%a5%d5%a1%d5%b6%d6%84%d5%ab-%d5%a9%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%b8%d5%b6%d5%a8/?fbclid=IwAR3dk8DSuzo4ZzLBtfeZ88bD3NWJ3tYAN-UZB017mnrFMnIYTPn_wLm1yOs

*

  • *

Խումբ մը հայեր որո­շե­ցին թատրոն խաղալ…

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Խումբ մը հայեր որո­շե­ցին թատրոն խաղալ…
Անմի­ջա­պէս նախա­գահ մը, վարչա­պետ մը ու երկու կաթո­ղի­կոս գտան, քանի մը հատ երեսփո­խան, տրցակ մըն ալ իշխա­նա­մէտ ու ընդդի­մա­դիր կուսակցա­կան պարագլուխներ եկան, բոլո­րը մէկ բեմ բարձրա­ցան ու մեր ազգա­յին կեանքը բեմադրե­լու սկսան…
Յանկարծ նկա­տե­ցին, թէ հանդի­սա­կաններ չկան…
Ուրկէ ուր ալ անմի­ջա­պէս զիս տեսան․

  • Ազգա­յին Բժիշկ, մեր ազգա­յին կեանքը բեմադրած ենք ու անոր մէջ բոլորս ալ կարեւոր դերեր ստանձնած ենք… Միայն հանդի­սա­տես մը կը փնտռենք, որ ազգա­յին այս շատ կարեւոր ներկա­յա­ցումը անոր դատին յանձնենք։
    Ասոնք ալ բնաւ ուրիշ մէկը չգտան, գացին-եկան Ազգա­յին Բժիշկին ձեռքը ինկան…
    Համբե­րութեամբ ծայրէ ծայր ներկա­յա­ցումը դիտե­ցի, վերջն ալ Ազգա­յին Բժիշկի հեղի­նա­կաւոր իմ կարծիքս յայտնե­ցի…
  • Այս թատրո­նը մեր ազգա­յին կեանքի հարա­զատ պատկերն է, շատ լաւ է որ ամէն մարդ անոր մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է, միայն բեմադրիչ մը պակաս է, որ դերե­րը ճիշդ բաժնէ։ Այդ գործը եթէ ես ստանձնեմ տեսէք ի՜նչ լաւ դերա­բաշխում կը կատա­րեմ…
    Օրի­նակ՝ Ամե­նայն Հայոց Կաթո­ղի­կո­սին դերա­կա­տա­րը ես կը փոխեմ։ Բնաւ յարմար չէ, ձայնը շատ ցած է, զինք տուն կը ճամբեմ ու աւե­լի յարմար մէկը կը գտնեմ… Ամե­նա­լաւը՝ կարծեմ անոր դերը մեր այսօ­րուան նախա­գա­հին կը յանձնեմ… Վարչա­պե­տին ձայնը այնքան բարակ է, որ ականջ կը ծակէ, բայց ասկէ աւե­լի լաւ դերա­սան հիմա ուրտեղէ՞ն գտնեմ… Կ՚ուզէ՞ք նախկին իշխա­նաւորնե­րէն մէկը բերեմ ու դարձեալ ձեր գլխուն վարչա­պետ դնեմ… Չէ, չէ այդ պառաւ ջադունե­րուն ես աւե­լի յարմար դեր կը գտնեմ, ամէն մէկուն գլխուն սուր գլխարկ մը կը դնեմ, ձեռքերնին ալ երկար կոթով աւել մը կը յանձնեմ ու մէկիկ-մէկիկ երկինք կը ղրկեմ….
    Ուրիշ ի՞նչ կ’ը­նեմ…
    Հայաստա­նի մեր այս նոր իշխա­նաւորնե­րէն ոմանց մանկա­պարտէզ կը ղրկեմ, իսկ մեր սփիւռքի դերա­կա­տարնե­րէն շատե­րը այլեւս ծերա­նոց կը փոխադրեմ։
    Գիտեմ՝ այսպէս շատե­րը կը նեղացնեմ, բայց ի՛նչ ընեմ, ես մասնա­գի­տութեամբ բեմադրիչ չեմ, ես ազգա­յին բժիշկ եմ…
    Կա՛մ այս թատրո­նը իմ ուզա­ծիս պէս պիտի խաղաք, կամ ալ իմ դիմացս մի խաղաք….
    Եթէ մեր ազգա­յին կեանքին մէջ դերա­կա­տար պիտի ըլլաք, ձեր ցանկութեան համե­մատ դերեր մի խաղաք…
    Աւե­լի լաւ կ՚ըլլայ, որ ձեր կարո­ղութեան սահմաննե­րուն մէջ մնաք։

*

  • *

Բարի լոյս՝ հայ մտքին հանդէպ իրենց հաւատքը դեռ չկորսնցուցած, այլեւ վերա­նո­րոգ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ հայ գիրի ու խօսքի ԱԶԴՈՒ ՈՒԺԻՆ ՓԱՐԱԾ Գաղա­փա­րի Յառա­ջա­մարտիկնե­րուն։
Բարի լոյս՝ մեր կեանքը նորա­յայտ եւ ԻՆՔՆԱԿՈՉ ԿԵՂԾ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ անշնչե­լի մթնո­լորտէն դուրս բերող եւ, մանաւա՛նդ, Հաւա­քա­կան մեր Ուժին ու Կամքին ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՒԱՆԴՆԵ­Րը ամէն կարգի փերե­զակնե­րու եւ վաշխա­ռունե­րու շահա­տա­կութեանց դէմ պաշտպա­նող ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։
Տակաւին լրիւ ՄԱՔՐՈՒԱԾ ՉԷ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻ ԿԵՐՏԱԾ ՏԱՃԱ­Րը Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան։ Տակաւին համա­ցանցի վրայ իրենց ՓԱՆՋՈՒՆԻԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը կը հանդի­սադրեն նորե­լուկ «ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ», որոնք հանրա­յին կարծի­քին կը հրամցնեն ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՍԻՐԱՀԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ՝ ՆԱՐՍԻ­ՍԻԶՄի մաշած յանկերգներ։ Ոչ միայն սուտ կը խօսին ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՈՎ, այլեւ կ՚անարգեն անոնց ընտրած ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ սուտ վկա­յութիւն տալով, թէ իբր՝ «ամէն անգամ, երբ այցե­լում եմ մարզեր եւ հանդի­պում ընկերնե­րին, նոր լիցք եմ ստա­նում։ Իրենք թէպէտ սոցիա­լա­պէս լաւ կացութեան մէջ չեն, բայց չեն տրտնջում, իրենք ինձա­նից աւե­լի ամուր են եւ վճռա­կան, իրենց հոգսե­րը թողած‘ հետաքրքրուած են սահմա­նով, Արցա­խով եւ վրդո­վուած իշխա­նութեան վարած ապազգա­յին քաղա­քա­կա­նութիւնից։ Նրանք մեր հարստութիւնն են, որը կ՚երազեն շատե­րը, նրանք մեր խոնարհ զինուորներ են. իրա­կա­նում նրանք մեր հրա­մա­նա­տարներն են»…
ԵՐԱՆԵԼԻՆԵ՜Ր․․․
Ո՛ւր կ՚ապրի մեր ժողո­վուրդը եւ ո՜ւր կ՚ապրին «խոնարհ զինուորներ»ու եւ «հրամանատարներ»ու այսօ­րի­նակ բառա­կոյտին ու բառա­խա­ղին մէջ կորսուած «ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՆԵՐ»ը։
Բարի լոյս՝ նման ՅԱՊԱՂԱԾ ՅԵՂԱ­ՓՈ­ԽԱ­ԿԱՆՆԵ­ՐՈՒն իրենց տեղը նստեցնող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, որ արդէն յոգնած է ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐԱԿՐԱ­ՄԱ­Նը իրենց կեանքի նպա­տակն ու գոյութեան իմաստը դարձուցած ԳԱՂԱՓԱՐԻ այսօ­րի­նակ ՄՈՒՐԱՑԻԿՆԵՐԷ, որոնք Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դաշտէն դուրս քշուած՝ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ մէջ կը փորձեն գտնել իրենց ՇԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ վերջին խաղասպա­րէ­զը․․․

https://www.facebook.com/nazaretberberian/posts/3285099708247647

Առնչվող Հոդվածներ