15.1 C
Yerevan

Լիբա­նա­նը անդառնա­լիօ­րէն կ’երթայ կործանման ճանա­պարհով

Րաֆֆի Տուտագլեան

Լիբա­նա­նի մէկ ոտքը անդունդի մէջ է, եւ բոլորն ալ արդէն կը գիտակցին՝ փրկութիւնը պիտի ըլլայ չափա­զանց դժուար, գրե­թէ անհնար: Սա շատ ցաւա­լի է մանաւանդ մեզի՝ Լիբա­նան ծնած եւ մեծցածնե­րուս, ու դեռ Լիբնա­նա­նի մէջ ապրող հայե­րուն համար: Տարի­նե­րու տքնա­ջան աշխա­տանքով ստեղծուած ազգա­յին կառոյցնե­րը, որոնք տասնա­մեակներ շարունակ ամբողջ Սփիւռքի հայկա­կա­նութեան ամէ­նօ­րեայ սնունդը մատա­կա­րա­րե­ցին, այսօր կը քանդուին մեր իսկ աչքե­րուն առջեւ: Հայութիւնը կը գտնուի ծայրա­յեղ բարդ վիճա­կի մէջ, եւ տարի­նե­րէ ի վեր տնտե­սա­կան, ապա­հո­վա­կան անյոյս գոյա­մարտ մըն է որ կը մղէ, իսկ յաղթա­նա­կի յոյս արդէն չկայ: Նոյնիսկ խոստումներ բաշխող, յոյս ու հաւատք քարո­զող ղեկա­վարնե­րը չեն հաւա­տար իրենց ըսածնե­րուն եւ կ’անդրա­դառնան, որ բանը բանէն վաղուց անցած է արդէն:

Մէկ խօսքով, Լիբա­նա­նը անկումի մէջ է, եւ իւրա­քանչիւր լիբա­նանցի մէկ մտա­հո­գութիւն ունի միայն՝ ինչպէս փրկուիլ այս դժոխքէն: Տիւ ու գիշեր փրկութեան մասին կը մտա­ծեն լիբա­նա­նա­հայ մեր եղբայրներն ու քոյրե­րը, որոնց մեծա­մասնութիւնը, երկրի տնտե­սա­կան-ֆինանսա­կան ճգնա­ժա­մին պատճա­ռով, զրկուած է նիւթա­կան իր հնա­րաւո­րութիննե­րէն: Հանա­պա­զօ­րեայ հաց ճարե­լը արդէն կենաց-մահու պայքար է շատ շատե­րու համար:

Լիբա­նա­նա­հա­յե­րէն շատեր, առա­ջին իսկ պատեհ առի­թին, պիտի հեռա­նան իրենց ծննդա­վայր Լիբա­նա­նէն: Անոնք, որոնք ունին արեւմտեան երկիրնե­րու քաղա­քա­ցիութիւն, պիտի մեկնին Եւրո­պայ կամ Ամե­րի­կա ու Գանա­տա: Ոմանք արդէն տուն գնած են Հայաստա­նի մէջ եւ պիտի գան հայրե­նիք: Կայ մեծա­մասնութիւն մը, սակայն, որ չի գիտեր ի՞նչ ընէ, ինչպէս ապրի, ու՞ր երթայ: Այս մեծա­մասնութիւնը խօսք ու խոստում լսե­լէ յոգնած է վաղուց եւ փրկութիւն կ’ակնկա­լէ իր ղեկա­վա­րութե­նէն, լիբա­նա­նա­հայ գաղութի հոգեւոր եւ քաղա­քա­կան ղեկա­վարնե­րէն:

Իսկ հիմա, այս ղեկա­վարնե­րուն համար վճռա­կան որո­շում առնե­լու պահն է: Անձնա­կան եւ նեղ կուսակցա­կան շահե­րէ անդին՝ անվախ եւ համարձակ որո­շում առնե­լու պահը, այո՛, ՀԻՄԱ է: Լիբա­նա­նա­հա­յութեան ճակա­տագրի վրայ ամէ­նէն շատ ազդե­գութիւն ունին Հայ Եկե­ղե­ցին եւ քաղա­քա­կան կուսակցութիւննե­րը: Իսկ անոնցմէ կ’ակնկա­լուի ամե­նա­խի­զախ, ամե­նաանշա­հախնդիր եւ ամե­նա­հա­յա­նուէր որո­շումի կայա­ցում: Թողնե՞լ, որ հայութիւնը մաշի Լիբա­նա­նի մէջ, կամ հեռա­նայ դէպի այս ու այն երկիր՝ անկազմա­կերպ ու ինքնագլուխ, թէ՞ համարձա­կութիւնը ունե­նալ ընդունե­լու Լիբնա­նա­նի տապա­լումը եւ համա­տեղ ջանքե­րով հայութեան համար ՆԵՐԳԱՂԹ կազմա­կերպել դէպի Հայաստան: Ընդունի՞լ հայե­րու Լիբա­նա­նէն դէպի արեւմուտք արտա­գաղթը, թէ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն հետ սերտ գործակցութեամբ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ կազմա­կերպել նախ Լիբնա­նա­նի, յետոյ Միջին Արեւելքի միւս համայնքնե­րուն համար: 1975-ին, երբ Լիբա­նա­նի մէջ քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմը սկսաւ, հայ գաղութի ղեկա­վարնե­րը Լիբա­նա­նէն արտա­գաղթը չքա­ջա­լե­րե­լու որո­շում կայա­ցուցին ո՛չ միայն որովհե­տեւ չէին ուզէր դատարկել գաղութը, այլ կը հաւա­տա­յին, որ Հայութիւնը պէտք չէ հեռա­նայ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵ­ՆԻ­Քի մօտա­կայ երկիրնե­րէն: 

Այսօր, Լիբնա­նա­հա­յութիւնը հացի եւ ջուրի չափ կարիք ունի նաեւ խիզախ, անշա­հախնդիր, իւրա­քանչիւր հայի ճակա­տա­գի­րը փրկե­լու վճռա­կա­նութեամբ լեցուած ղեկա­վարնե­րու:

Իսկա­կան ղեկա­վարնե­րը անոնք են, որոնք տագնա­պի եւ ճգնա­ժա­մի ընթացքին խիզախ, համարձակ եւ նոյնիսկ անսո­վոր որո­շումներ կը կայացնեն եւ իրենց կեանքի գնով կը պայքա­րին այդ որո­շումնե­րու իրա­կա­նացման համար:

Այո, այսօր լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը պէտք ունի խիզախ եւ քաջ որո­շումներ առնող, հայութեան ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱ­Նի մէջ տեսնող հոգեւոր եւ քաղա­քա­կան ղեկա­վարնե­րու: 

Սա է պահու հրա­մա­յա­կա­նը: Սա է ղեկա­վա­րութեան ամե­նա­պա­տասխա­նա­տու մակարդա­կին վրայ բարձրա­նա­լու եւ ժողո­վուրդը դէպի հայրե­նիք առաջնորդե­լու անյե­տաձգե­լի պահը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10224229789915031

Առնչվող Հոդվածներ