14.7 C
Yerevan

ՀԱՅ ԷԼ ԿԱՅ, ՀԱՅ ԷԼ

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ներքեւի նկարնե­րու տունե­րէն մէկը կը գտնուի Գորի­սի կեդրո­նը: Անոր պատե­րուն վրայ տեղադրուած ցուցա­նակնե­րը մեզի կը յուշեն, որ այս տան պատշգամբէն մեր ազգի ամե­նա­սի­րուած հերոսնե­րը՝ Գարե­գին Նժդեհն ու զօրա­վար Անդրա­նի­կը բոցա­շունչ ելոյթներ ունե­ցած են Սիւնի­քի ժողո­վուրդին առջեւ: 1918–19 բախտո­րոշ տարի­նե­րուն, Անդրա­նիկ Սիւնի­քի մէջ կատա­ղի մարտեր մղեց թուրքե­րուն դէմ եւ Արցա­խի ազա­տագրման համար արշաւ մը սկսաւ Զանգե­զուրէն: Բայց ափսոս, անգլիա­ցի­նե­րուն միջամտութեամբ, Անդրա­նիկ դադրե­ցուց Արցա­խի ազա­տագրումը եւ եկաւ Էջմիա­ծին, ապա՝ մեկնե­ցաւ արտա­սահման:

Գարե­գին Նժդեհ, Զանգե­զուրի հերո­սը, այդ տան պատշգամբէն ոգեւո­րած ու մարտի առաջնորդած է մեր ժողո­վուրդի քաջա­րի զաւակնե­րը, եւ շնորհիւ իր կատա­ղի դիմադրութեան, ադրբե­ջա­նա­կան-բոլշեւի­կեան կարմիր բանա­կա­յիննե­րը չկրցան Զանգե­զուրը միացնել սովե­տա­ցած Ադրբե­ջա­նին: Սիւնեաց աշխարհը մնաց Հայաստա­նի մէջ շնորհիւ տարա­բախտ Գարե­գին Նժդե­հին:

Միւս տունը, շքեղ բայց գորշ, կը պատկա­նի այլ «յայտնի» հայու մը՝ Սիւնի­քի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեա­նին կամ՝ Լիսկա­յին: Այս տան առջեւ եւս մարդոց պոռոց-գոռոց լսուած է: Լսուած են նաեւ զէնքի կրա­կոցներ եւ ափսոս, հայու արիւն թափած է այս տան առջեւ… Անոր տէրը, Լիսկան, որուն մասին բազմա­թիւ չար պատմութիւններ կը շրջա­գա­յին, Հայաստա­նի Հանրա­պե­տա­կան կուսակցութեան Սիւնի­քի տիտանն էր, նախա­գա­հա­կան թեկնա­ծու Ռաֆֆի Յովհաննի­սեա­նին «գլուխը ջարդել» խոստա­ցո­ղը: Ան այսօր ամբաստա­նուած է բազմա­թիւ յանցա­գործութիւննե­րով եւ փախստա­կան է, ուր ըլլա­լը յայտնի չէ, անհե­տա­ցած է, ինչպէս շարք մը այլ լիսկա­ներ…

Ահաւա­սիկ հայու երկու տեսակ՝ հայ մարդու ազա­տութեան, հայ ազգի փրկութեան համար պայքա­րած ու կեանք զոհած, թափա­ռա­կան եւ բանտարկեալ դարձած հայեր՝ Անդրա­նիկ ու Գարե­գին Նժդեհ… Միւս կողմէն՝ հայ մարդու իրաւունքը բռնա­բա­րած, հայ ազգի տառա­պանքի հաշւոյն հարստա­ցած եւ այժմ՝ արտա­սահմա­նեան անյայտ քաղաքնե­րու մէջ հայկա­կան արդա­րա­դա­տութե­նէ թաքնուած յանցա­գործ հայ…

Սա մեր իրա­կա­նութիւնն է: Մարդ էլ կայ, մարդ էլ, կամ՝ հայ էլ կայ, հայ էլ…

Բայց պիտի գա՞յ, արդեօք, այդ օրը, երբ լիսկա­ներն ու լիսկա­նե­րու պաշտպաննե­րը, անոնց հովա­նաւորնե­րուն հետ գործակցած քաղա­քա­կան ուժե­րը, ամբողջա­կան պատասխա­նատւութիւն պիտի կրեն իրենց արարքնե­րուն համար:

Ես յոյսով եմ, որ այդ օրը պիտի գայ:

Ուշ կամ կանուխ, պիտի գայ:

https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10224393014595546&id=1311026576

Առնչվող Հոդվածներ