14 C
Yerevan

Մեր Թափթփա­ծութիւնը եւ Մասնա­կի Հայրե­նա­դարձութեան Հրա­մա­յա­կա­նը


ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

ՄԵՐ սփիւռքի երբեմնի Արիւնա­տար Երա­կը՝ ինչպէս օրին արժեւո­րած էր մեր  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, յատկա­պէս վերջին 10 ամիսնե­րուն՝ մեր սիրե­լի ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ իրարյա­ջորդ կուտա­կումնե­րով դէմ յանդի­ման գտնուե­ցաւ քաղա­քա­կան անբա­րո­յութեան ու փտա­ծութեան, տնտե­սա­կան անհա­մա­չափ գահա­վէ­ժին,  համա­վա­րա­կի տագնա­պին, ՕԳՈՍՏՈՍ 4‑ի արհաւիրքա­յին պայթումին եւ այս բոլո­րին իբրեւ բնա­կան հետեւանք՝ ժողովրդա­յին հոգե­բա­նա­կան փլուզումին ու յուսա­հա­տութեան աստի­ճա­նի գագաթնա­կէ­տա­ցումին։
Եւ այսօր, այդ ահաւոր կուտա­կումը ամբողջո­վին կերպա­րա­նա­փո­խած է ԱՆՑՅԱԼԻ ԵՌՈՒ՜Ն ՄԵՐ ՀՆՈՑԸ, որուն կացութեան արդար գնա­հա­տա­կանն ու զայն առնուազն մասամբ բարե­լաւող ու գոնէ կարճա­ժամկէտ կտրուածքով թէկուզ քիչ մը բարե­լաւող՝ տանե­լի շնչա­ռութեամբ ապրեցնող լուծումնե­րը ցարդ չեն յայտա­րա­րուած ոչ մէ’կ ղեկա­վա­րութեան կողմէ։
ՑԱՐԴ՝
Եղած են հռե­տո­րա­կան (չըսե­լու համար անպա­տասխա­նա­տու) յայտա­րա­րութիւններ. տանք քանի մը նմոյշներ.
— «Լիբա­նա­նը սփիւռքի դարբնոցն էր եւ Է՚»։— «Ան որ կը փափա­քի լքել Լիբա­նա­նը՝ պէտք է Հայաստան երթայ»։— «Նախ եւ առաջ, Ամե­րի­կա արտա­գաղթած հայաստանցի­նե­րը թող ներգաղթեն»։
ԻՍԿ ՎԵՐՋԵՐՍ՝
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ Հ1-ին հրամցուցած իր հարցազրոյցի ընթացքին՝ դժբախտա­բար անյանձնա­ռու յայտա­րա­րութիւննե­րով ու անհանգիստ արտա­յայտաութիւննե­րով զարմա­ցուցած է բազմա­հա­զար հայե­րու։
ՓԱՍՏՕՐԷՆ՝
ՀԱԿԱՌԱԿ  հայկա­կան գաղթօ­ճախնե­րու  (տակաւին Համա­վա­րա­կէն չձերբա­զա­տուած վտանգին) սրտա­կից ոգե­կո­չումնե­րուն եւ լիբա­նա­հա­յութեան ի նպաստ կազմա­կերպած հանգա­նա­կութիւննե­րուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցա­խի Նախա­գա­հին մասնա­կի ներգաղթի մը գծով քանիցս ներկա­յա­ցուցած գործնա­կան առա­ջարկութիւննե­րուն ու անմի­ջա­կան նպաստնե­րուն, ըլլա’յ ՀՀ Իշխա­նութիւննե­րը եւ ըլլա’յ լիբա­նա­հայ  ղեկա­վա­րութիւննե­րը ոչ մէ’կ շօշա­փե­լի քայլ առած են…
Եւ ի՞նչ ունինք այս պահուն.— Ունինք շուա­րած ու յուսալքուած լիբա­նա­հա­յութեան հսկայ զանգուած մը, որ կը սպա­սէ իր ամէ­նօ­րեայ սննդա­բաշխումին։— Ունինք վնա­սուած կամ փլա­տակ բնա­կա­րաններ ու խանութներ. իսկ Պուրճ Համուտի տնտե­սա­կան ողնա­շա­րը՝ Արաքսի շուկան կը շարունա­կէ մնալ մեռեալ վիճա­կի մէջ։— Ու մանաւանդ ունինք հայկա­կան մեծ զանգուած մը, որ բանտարկուած է խղճա­լի անորոշութեա՜ն մէջ։
ՑԱՐԴ ՉՈՒՆԻՆՔ՝
Ոչ մէկ լուրջ եւ ուղղա­կի խորհրդակցութեան կամուրջ ՀՀ Կառա­վա­րութեան եւ լիբա­նա­հայ ոեւէ ղեկա­վա­րութեան միջեւ…
Ու եթէ Լիբա­նա­նի այս տխու՜ր կացութիւնը քիչ մը եւս ծանծա­ղի, ՉԶԱՐՄԱՆԱՆՔ՝ բնա’ւ, որ ՇԱՏԵՐ ուշ կամ կանուխ պիտի արտա­գաղթեն երբ իրենց ընծա­յուի առա­ջին առիթն իսկ։ Պիտի արտա­գաղթեն անմի­ջա­պէս՝ երբ Շուէ­տը, Գանա­տան կամ այլ երկիրներ սկսին իրենց դռնե­րը լայն բանալ compassionate լոզունգնե­րով եւ ախորժա­բեր welfare-ներու մագնի­սա­կա­նա­ցումով։
Մեր հաւա­քա­կան անճռկումնե­րուն առընթեր՝ ԱՌՆՈՒԱԶՆ  կը սպա­սուէր, որ լիբա­նա­հա­յութեան տնա­զուրկ կամ անգործութեան դատա­պարտուած ԽԱՒԸ բարձրա­ցուէր առաջնա­հերթութեան այն մակարդա­կին, որ ՄԱՍՆԱԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ճանա­պարհով կրկնա­կի լուծում կը բերէր թէ’ խնդրոյ առարկայ ընտա­նիքնե­րուն եւ թէ’ կը թեթեւցնէր լիբա­նա­հայ ղեկա­վա­րութեան ուսե­րուն ծանրա­ցած անտա­նե­լի բեռը։
Բնա­կա­նա­բար, մասնա­կի ու մեր հայրե­նի­քին համար խիստ անհրա­ժեշտ այս հայրե­նա­դարձութիւնը կ՚ենթադրէ իւրա­քանչիւր ներգաղթող ընտա­նի­քի ՏԱՆ ապա­հո­վումը եւ գոնէ մէկ տարուան համար ապրե­լու եւ ինքզինքը գտնե­լու ՆԻՒԹԱԿԱՆԸ, ինչպէս նաեւ՝ առողջա­պա­հա­կան ու կրթա­կան երաշխիքնե­րը։
Եւ այդ հրա­մա­յա­կաննե­րուն առնչութեամբ՝ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ Ի ՎԻՃԱԿԻ Է առնե­լու ճակա­տագրա­կան առա­ջին քայլը։

Առնչվող Հոդվածներ