Հայաշխարհ

Մեր Թափթփածութիւնը եւ Մասնակի Հայրենադարձութեան Հրամայականը


ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

ՄԵՐ սփիւռքի երբեմնի Արիւնատար Երակը՝ ինչպէս օրին արժեւորած էր մեր  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, յատկապէս վերջին 10 ամիսներուն՝ մեր սիրելի ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ իրարյաջորդ կուտակումներով դէմ յանդիման գտնուեցաւ քաղաքական անբարոյութեան ու փտածութեան, տնտեսական անհամաչափ գահավէժին,  համավարակի տագնապին, ՕԳՈՍՏՈՍ 4-ի արհաւիրքային պայթումին եւ այս բոլորին իբրեւ բնական հետեւանք՝ ժողովրդային հոգեբանական փլուզումին ու յուսահատութեան աստիճանի գագաթնակէտացումին։
Եւ այսօր, այդ ահաւոր կուտակումը ամբողջովին կերպարանափոխած է ԱՆՑՅԱԼԻ ԵՌՈՒ՜Ն ՄԵՐ ՀՆՈՑԸ, որուն կացութեան արդար գնահատականն ու զայն առնուազն մասամբ բարելաւող ու գոնէ կարճաժամկէտ կտրուածքով թէկուզ քիչ մը բարելաւող՝ տանելի շնչառութեամբ ապրեցնող լուծումները ցարդ չեն յայտարարուած ոչ մէ’կ ղեկավարութեան կողմէ։
ՑԱՐԴ՝
Եղած են հռետորական (չըսելու համար անպատասխանատու) յայտարարութիւններ. տանք քանի մը նմոյշներ.
— <<Լիբանանը սփիւռքի դարբնոցն էր եւ Է՚>>։— <<Ան որ կը փափաքի լքել Լիբանանը՝ պէտք է Հայաստան երթայ>>։— <<Նախ եւ առաջ, Ամերիկա արտագաղթած հայաստանցիները թող ներգաղթեն>>։
ԻՍԿ ՎԵՐՋԵՐՍ՝
ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ Հ1-ին հրամցուցած իր հարցազրոյցի ընթացքին՝ դժբախտաբար անյանձնառու յայտարարութիւններով ու անհանգիստ արտայայտաութիւններով զարմացուցած է բազմահազար հայերու։
ՓԱՍՏՕՐԷՆ՝
ՀԱԿԱՌԱԿ  հայկական գաղթօճախներու  (տակաւին Համավարակէն չձերբազատուած վտանգին) սրտակից ոգեկոչումներուն եւ լիբանահայութեան ի նպաստ կազմակերպած հանգանակութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի Նախագահին մասնակի ներգաղթի մը գծով քանիցս ներկայացուցած գործնական առաջարկութիւններուն ու անմիջական նպաստներուն, ըլլա’յ ՀՀ Իշխանութիւնները եւ ըլլա’յ լիբանահայ  ղեկավարութիւնները ոչ մէ’կ շօշափելի քայլ առած են…
Եւ ի՞նչ ունինք այս պահուն.— Ունինք շուարած ու յուսալքուած լիբանահայութեան հսկայ զանգուած մը, որ կը սպասէ իր ամէնօրեայ սննդաբաշխումին։— Ունինք վնասուած կամ փլատակ բնակարաններ ու խանութներ. իսկ Պուրճ Համուտի տնտեսական ողնաշարը՝ Արաքսի շուկան կը շարունակէ մնալ մեռեալ վիճակի մէջ։— Ու մանաւանդ ունինք հայկական մեծ զանգուած մը, որ բանտարկուած է խղճալի անորոշութեա՜ն մէջ։
ՑԱՐԴ ՉՈՒՆԻՆՔ՝
Ոչ մէկ լուրջ եւ ուղղակի խորհրդակցութեան կամուրջ ՀՀ Կառավարութեան եւ լիբանահայ ոեւէ ղեկավարութեան միջեւ…
Ու եթէ Լիբանանի այս տխու՜ր կացութիւնը քիչ մը եւս ծանծաղի, ՉԶԱՐՄԱՆԱՆՔ՝ բնա’ւ, որ ՇԱՏԵՐ ուշ կամ կանուխ պիտի արտագաղթեն երբ իրենց ընծայուի առաջին առիթն իսկ։ Պիտի արտագաղթեն անմիջապէս՝ երբ Շուէտը, Գանատան կամ այլ երկիրներ սկսին իրենց դռները լայն բանալ compassionate լոզունգներով եւ ախորժաբեր welfare-ներու մագնիսականացումով։
Մեր հաւաքական անճռկումներուն առընթեր՝ ԱՌՆՈՒԱԶՆ  կը սպասուէր, որ լիբանահայութեան տնազուրկ կամ անգործութեան դատապարտուած ԽԱՒԸ բարձրացուէր առաջնահերթութեան այն մակարդակին, որ ՄԱՍՆԱԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ճանապարհով կրկնակի լուծում կը բերէր թէ’ խնդրոյ առարկայ ընտանիքներուն եւ թէ’ կը թեթեւցնէր լիբանահայ ղեկավարութեան ուսերուն ծանրացած անտանելի բեռը։
Բնականաբար, մասնակի ու մեր հայրենիքին համար խիստ անհրաժեշտ այս հայրենադարձութիւնը կ՚ենթադրէ իւրաքանչիւր ներգաղթող ընտանիքի ՏԱՆ ապահովումը եւ գոնէ մէկ տարուան համար ապրելու եւ ինքզինքը գտնելու ՆԻՒԹԱԿԱՆԸ, ինչպէս նաեւ՝ առողջապահական ու կրթական երաշխիքները։
Եւ այդ հրամայականներուն առնչութեամբ՝ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ Ի ՎԻՃԱԿԻ Է առնելու ճակատագրական առաջին քայլը։

    

One Response to “Մեր Թափթփածութիւնը եւ Մասնակի Հայրենադարձութեան Հրամայականը”

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *