14.7 C
Yerevan

ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ

ՀՐԱՉ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Դաշնակցութեան Պիւրօ­յի մէկ անդամ՝ Պարոն Ռուստամյան, իր վերջին հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ «Մենք պարբե­րա­բար նման բան անում ենք հոբելյաննե­րի հետ կապված, մի անգամ էլ եղել է 100-ամյա­կին: Ըստ էության, դա մեզ մոտ ձևա­վորված ավանդույթ է և կատարվում է այնպես, ինչպես նախկին անգամնե­րը»։
Ռուստա­մեա­նի այս խօսքե­րուն մէջ, ինքնարդա­րա­ցումի երանգ մը կայ կարծես։ Ռուստամյան, Դաշնակցութեան հարիւրա­մեա­կին տակաւին շարքե­րը չէր անցած եւ լաւ ծանօթ չէ Դաշնակցութեան պատմութեան։

Լիբա­նա­նեան պատե­րազմին, 1975էն ետք, բազմա­թիւ կուսակցա­կաններ մեկնե­ցան Լիբա­նա­նէն։ Կուսակցութիւնը որո­շում ունէր Լիբա­նա­նը «լքող» իր ընկերնե­րը հեռացնե­լու շարքե­րէն։ Այդ ընկերնե­րը ընդհանրա­պէս հաւա­տաւոր դաշնակցա­կաններ էին եւ դէպքե­րու բերումով մեկնած էին Լիբա­նա­նէն։ Պիւրօի «համա­ներման» որո­շումը պայմա­նա­կան չէր այդ օրե­րուն, բնա­կա­նա­բար յանցա­գործնե­րը պիտի մերժուէին, սակայն հիմնա­կա­նօ­րէն այդ որո­շումը կը միտեր Լիբա­նա­նէն մեկնածնե­րը վերա­դարձնե­լու իր շարքե­րը։

Դաշնակցութիւնը երբեք «աւանդութեան» չէ վերա­ծած «համաներում»ը ինչպէս կ՚ըսէ Պիւրօի «նախագահ»ը։ Վերջին յիսուն, իմ գիտակցա­կան տարի­նե­րու ընթացքին, (բացի 100-ամեա­կէն), որուն տուն տուող պատճառնե­րը նշե­ցի, չեմ յիշեր համա­ներման ուրիշ որեւէ պարա­գայ

«ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՆԵՐՈՒՄ»
Երբ Պիւրօի այս յայտա­րա­րութիւնը կարդա­ցի, մտա­ծե­ցի՝ ո՞վ որու՞ն պիտի ներէ։ Ներե­լու համար պէտք է նախ եւ առաջ ներո­ղի իրաւունքը ձեռք բերես։ Ես համո­զուած եմ որ ներկայ ղեկա­վա­րութիւնը այդ իրաւունքը չէ վաստկած։ Եւ ինչո՞ւ համա­նե­րում, «դուրս» եղողնե­րը յանցա­գործնե­րու փաղանգ մը կը կազմե՞ն։ Գող, աւա­զակ կամ մարդասպան բանտարկեալնե­րուն է որ ներում կը շնորհեն։

Ազնուութիւնը կը կայա­նար այն բանի մէջ որ ներկայ ղեկա­վա­րութիւնը անդրա­դառնար կուսակցութեան ցաւա­լի վիճա­կին, վերա­նա­յեր իր ներսը, եւ ինքնա­մաքրման համար, առանց «ֆանֆար»ի, հրաւի­րեր «դուրսը մնա­ցողնե­րը» երկխօ­սութեան։ Փորձեր վերա­կանգնել այն ինչ արդէն քսան տարիէ ի վեր կորսուած է։

Եւ կը մտա­ծեմ՝ եթէ մարդ դուրս եկած է (կամ հեռա­ցուած է) շարքե­րէն որովհե­տեւ դժգոհ էր կուսակցութեան ներկայ վիճա­կէն, եւ եթէ ոչինչ փոխուած է կուսակցութե­նէն ներս, նոյնիսկ աւե­լի վատթա­րա­ցած, ինչո՞ւ պիտի փափա­քի իբրեւ «յանցաւոր» ներման գործընթա­ցէ մը անցնե­լու։

Լոս Անջե­լէս
2 Սեպտեմբեր, 2020

Առնչվող Հոդվածներ