14.7 C
Yerevan

Լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ անդրա­դառնայ թէ ինք փիսիկ չէ

ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ

Մեծա­հա­րուստ Շորթի­կեա­նը «նարտի» խաղալ շատ կը սիրէ բայց պարտութեան չի գար ։
Պատա­հած է որ մէկ անգամ երբ ան Սուրի­կին դէմ նարտի խաղցեր ու պարտուեր է, Սուրի­կին գլխուն հայհո­յանքնե­րու տարափ մը տեղացնե­լէ ետք նարտին ալ անոր գլխուն չարդեր է… Ու անկէ ետք նման բան այլեւս այդ թաղին մէջ պատա­հած չէ: Անկէ ետք ամէն նարտի խաղցող «փիսիկ»ի պէս Շորթի­կեա­նին դիմաց նստեր է ու թէեւ սրտին խորքը անոր պարտութիւնը ցանկա­ցեր է , սակայն դիտմամբ ինք պարտուած է որ յանկարծ մեծա­հա­րուստը չնե­ղացնէ… Չէ , պատճա­ռը ոչ հայհո­յանքնե­րէն վախնա­լը , ոչ ալ գլխուն նարտի ուտե­լու սարսա­փը եղած է … «Փիսիկ»ի պէս նարտի խաղա­լու բուն պատճա­ռը այլ է . Մեծա­հա­րուստ Շորթի­կեա­նը թէեւ ազգը շորթե­լով հարստա­ցեր է բայց ան իր շուրջի փիսիկնե­րը կուշտ պահեր է … Ամէն նարտի խաղա­լուն հիւրա­սի­րութիւնը անպա­կաս եղած է , երբեմն նոյնիսկ անոնց առջեւ ազգին հաշւոյն կտոր մըն ալ միս նետեր է… Մէկ խօսքով ան իր փիսիկնե­րը լաւ կերակրած ու ամէն օր անոնց հետ նարտի խաղցեր ու յաղթեր է … Չեմ գիտեր թէ այս տեսակ յաղթա­նա­կէն ան ինչ հաճոյք ստա­ցեր է , կարեւոր չէ …

Կարեւո­րը այն է , որ օրին մէկը երբ Սուրի­կին հօրքուրին մարդը Սուրի­կենց թաղը հիւր եկեր է , Շորթի­կեա­նին հետ նարտի խաղա­լու բախտ մըն ալ անոր վիճա­կուեր է .… Այս մարդը սակայն Շորթի­կեա­նին բնաւ ծանօթ չէ , ոչ անոր հարստութեան մասին բան լսած է , ոչ ալ անոր նետած միսին համը գիտէ … Անգի­տակցա­բար թէ գիտակցա­բար դեռ յայտնի չէ բայց այնպէս պատա­հած է , որ Սուրի­կին հօրքուրին մարդը Շորթի­կեա­նին յաղթէ ու անոր զայրոյթը գրգռէ… Շորթի­կեա­նին բերնէն հայհո­յանքնե­րու տարափ մը դուրս թռեր է , սակայն նախքան նարտին ինք բարձրացնէ , Սուրի­կին հօրքուրին մարդը զայն վերցուցեր ու Շորթի­կեա­նին գլխուն չարդեր է… Այս խնդի­րէն յետոյ Շորթի­կեա­նը մէյ մըն ալ այդ թաղը ոտք կոխած չէ եւ օր ըստ օրէ փիսիկնե­րուն քանակն ալ նուա­զած է ..

Ըստ երեւոյթին մեր ազգա­յին փողոցնե­րը Շորթի­կեաննե­րէն մաքրե­լը այնքան ալ բարդ խնդիր մը չէ … Անոնց հետ նստիլ նարտի խաղա­լու փոխա­րէն ընդա­մէ­նը նարտին անոնց գլխուն չարդել պէտք է … Բայց ո՞վ պիտի այս գործը յանձն առնէ , եթէ դժուար է գոնէ թող մէկն ու մէկը իր հօրքուրին մարդը կանչէ…
Չէ իմ վրաս յոյս դնել պէտք չէ , ես մէկ հատ Հօրա­քոյր ունիմ ան ալ կարգուած չէ…
Բայց եթէ ինծի մնայ այս խնդրին լուծումը առանց նարտին չարդե­լու լաւութեամբ ալ կարե­լի է … Փոխա­նակ սպա­սենք որ հօրքուրին մարդը գայ ու նարտին չարդէ , լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ անդրա­դառնայ թէ ինք փիսիկ չէ .…

Առնչվող Հոդվածներ