Արցախ

Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ վերջին ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած պատերազմական յարձակումը ազատատենչ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան վրայ։ Համապատասխանօրէն կը դատապարտենք ամօթալի այս արարքը, որը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ։

Մինչ Հայաստան ու Արցախ ջանադիր կը հետապնդեն խաղաղութիւն և երկխօսութիւն, Ատրպէյճանը կը քաջալերէ պատերազմը։ Ինչպէս միշտ, հայ-ամերիկեան համայնքը կը մնայ միացեալ իր զօրակցութեան մէջ հանդէպ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութեանց։ Այս զօրակցութիւնը անվերապահ է և անպայմանական, որովհետև զոյգ հանրապետութիւնները մահու – կենաց պայքար կը մղեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութենականութիւնը ընդդէմ իրենց թշնամիներուն։

Մենք կ’ողջունենք քաջարի մեր զինուորներու՝ Հայոց բանակի և Արցախի պաշտպանութեան բանակի հերոսական կեցուածքը, որոնք կը պայքարեն ապահովագրել տարածաշրջանի ներգրաւած իրավիճակը և բնակչութեան ապահովումը։ Կոչ կը յղենք միջազգային հանրութեան, ներառեալ Ամերիկայի Կոգրեսը, Միացեալ Նահանգաց Նախագահն ու Միացեալ Նահանգաց Կառավարութեան ենթակայ բաժանմունքները, որպէսզի անվերապահօրէն դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած յարձակումները և յարգելու Section 907 և United States Freedom Support Act-ը՝ արգելելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց կողմէ Ատրպէյճանին յղուած օգնութիւնը։

Մենք կը հաւատանք «Մէկ ազգ, մէկ նպատակ» լոզունգին, որուն մէջ մենք կը տեսնենք գրաւականը մեր մէկ ապագայի։ Մենք պիտի հետամուտ ըլլանք ստեղծուած կացութեան և պիտի համատեղենք մեր գաղութի բոլոր միջոցները՝ օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան և Արցախի Հանրապետութեան։ Մեր կոչն է, որ իւրաքանչիւրս իր ուսերուն վրայ զգայ ազգային պարտականութիւնը՝ մասնակցելու armenianfund.org դրամահաւաքին, և իր գործնական մասնակցութիւնը բերելու Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի դիմաց բողոքի ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2020-ին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական ԽորհուրդՀայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան ԹեմԱռաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան ԹեմՀիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական ՄիութիւնՀիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ ԹեմԱրեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՌամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի ՇրջանԱրեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան ՄիութիւնՀայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան ՇրջանԱմերիկայի Հայ Աւետարանչական ԸնկերակցութիւնՀայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու ՇրջանԱրեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ՄիութիւնԹէքէեան Մշակութային ՄիութիւնԱրեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց ԴաշնակցութիւնՄիացյալ Հայ ԵրիտասարդներԱրեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի ՅանձնախումբԱմերիկայի Հայկական ՀամագումարՀայ Իրաւաբանական ՄիութիւնՊոլսահայ ՄիութիւնԼոս Անճելըսի Իրանահայ ՄիութիւնՔալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց ՄիութիւնԼոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան ՄիութիւնՔեսապի Ուսումնասիրաց ՄիութիւնԾառայողական Աշխատողներու Միջազգային ՄիութիւնՀարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *