13.5 C
Yerevan

Արևմտեան Ամե­րի­կա­յի Համա­հայկա­կան խորհուրդ

Հիւսի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Արևմտեան Ամե­րի­կա­յի Համա­հայկա­կան խորհուրդը խստօ­րէն կը դատա­պարտէ վերջին ժամե­րուն Ատրպէյճա­նի կողմէ հրահրուած պատե­րազմա­կան յարձա­կումը ազա­տա­տենչ ու անկախ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ու անկախ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան վրայ։ Համա­պա­տասխա­նօ­րէն կը դատա­պարտենք ամօ­թա­լի այս արարքը, որը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ։

Մինչ Հայաստան ու Արցախ ջանա­դիր կը հետապնդեն խաղա­ղութիւն և երկխօ­սութիւն, Ատրպէյճա­նը կը քաջա­լե­րէ պատե­րազմը։ Ինչպէս միշտ, հայ-ամե­րի­կեան համայնքը կը մնայ միա­ցեալ իր զօրակցութեան մէջ հանդէպ Հայաստա­նի և Արցա­խի Հանրա­պե­տութեանց։ Այս զօրակցութիւնը անվե­րա­պահ է և անպայմա­նա­կան, որովհետև զոյգ հանրա­պե­տութիւննե­րը մահու – կենաց պայքար կը մղեն՝ ապա­հո­վե­լու համար իրենց գոյութե­նա­կա­նութիւնը ընդդէմ իրենց թշնա­մի­նե­րուն։

Մենք կ’ողջունենք քաջա­րի մեր զինուորնե­րու՝ Հայոց բանա­կի և Արցա­խի պաշտպա­նութեան բանա­կի հերո­սա­կան կեցուածքը, որոնք կը պայքա­րեն ապա­հո­վագրել տարա­ծաշրջա­նի ներգրաւած իրա­վի­ճա­կը և բնակչութեան ապա­հո­վումը։ Կոչ կը յղենք միջազգա­յին հանրութեան, ներա­ռեալ Ամե­րի­կա­յի Կոգրե­սը, Միա­ցեալ Նահանգաց Նախա­գահն ու Միա­ցեալ Նահանգաց Կառա­վա­րութեան ենթա­կայ բաժանմունքնե­րը, որպէսզի անվե­րա­պա­հօ­րէն դատա­պարտեն Ատրպէյճա­նի կողմէ ի գործ դրուած յարձա­կումնե­րը և յարգե­լու Section 907 և United States Freedom Support Act‑ը՝ արգե­լե­լու համար Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգաց կողմէ Ատրպէյճա­նին յղուած օգնութիւնը։

Մենք կը հաւա­տանք «Մէկ ազգ, մէկ նպա­տակ» լոզունգին, որուն մէջ մենք կը տեսնենք գրաւա­կա­նը մեր մէկ ապա­գա­յի։ Մենք պիտի հետա­մուտ ըլլանք ստեղծուած կացութեան և պիտի համա­տե­ղենք մեր գաղութի բոլոր միջոցնե­րը՝ օգնե­լու համար Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան և Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան։ Մեր կոչն է, որ իւրա­քանչիւրս իր ուսե­րուն վրայ զգայ ազգա­յին պարտա­կա­նութիւնը՝ մասնակցե­լու armenianfund.org դրա­մա­հաւա­քին, և իր գործնա­կան մասնակցութիւնը բերե­լու Ատրպէյճա­նի հիւպա­տո­սա­րա­նի դիմաց բողո­քի ցոյցին, որ տեղի պիտի ունե­նայ Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2020-ին։

Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Համա­հայկա­կան ԽորհուրդՀա­յաստա­նեաց Արա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցի Արեւմտեան ԹեմԱ­ռաջնորդա­րան Հայոց ԱՄՆա­հանգնե­րու Արեւմտեան ԹեմՀիւսի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան ՄիութիւնՀիւսի­սա­յին Ամե­րի­կա­յի Տիրա­մայր Նարե­կի Հայ Կաթո­ղի­կէ ԹեմԱ­րեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Հայ Յեղա­փո­խա­կան ԴաշնակցութիւնՌամկա­վար Ազա­տա­կան Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Շրջա­նԱ­րեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Հայ Oգնութեան ՄիութիւնՀայկա­կան Բարե­գործա­կան Ընդհա­նուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջա­նԱ­մե­րի­կա­յի Հայ Աւե­տա­րանչա­կան Ընկե­րակցութիւնՀայ Մարմնակրթա­կան Ընդհա­նուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգնե­րու Շրջա­նԱ­րեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Համազգա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կութա­յին ՄիութիւնԹէ­քէեան Մշա­կութա­յին ՄիութիւնԱ­րեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Հայ Երի­տա­սարդաց ԴաշնակցութիւնՄիացյալ Հայ Երի­տա­սարդնե­րԱ­րեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Հայ Դատի Յանձնա­խումբԱ­մե­րի­կա­յի Հայկա­կան Համա­գումարՀայ Իրաւա­բա­նա­կան ՄիութիւնՊոլսա­հայ ՄիութիւնԼոս Անճե­լը­սի Իրա­նա­հայ ՄիութիւնՔա­լիֆորնիոյ Հայ Երի­տա­սարդաց ՄիութիւնԼոս Անժե­լե­սի Իրա­քա­հա­յե­րու Ընտա­նե­կան ՄիութիւնՔե­սա­պի Ուսումնա­սի­րաց ՄիութիւնԾա­ռա­յո­ղա­կան Աշխա­տողնե­րու Միջազգա­յին ՄիութիւնՀա­րաւա­յին Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

Առնչվող Հոդվածներ