14.7 C
Yerevan

Մեր Յաղթա­նա­կի Վկան

Յարութ Գալայճեան

Սեպտեմբեր 27-ին, ցեղասպա­նա­կան նոր ծրագրումի մը հետեւո­ղութեամբ՝ ողջ հայութեան պարտադրուած լայնա­ծաւալ ու կանխամտա­ծուած պատե­րազմը մեծ հաւա­նա­կա­նութեամբ կրնայ վերջի­նը ըլլալ։

Սակայն այս պատե­րազմը իւրա­յատկուե­ցաւ Թուրքիոյ կնքա­հայրութեամբ եւ գործակցութեամբ. ու եկաւ անգամ մը եւս շեշտադրե­լու, որ  մեր ոխե­րիմ թշնա­միի ցեղասպա­նա­կան մոլուցքը ստա­ցած է ահա­զանգա­յին նոր կերպա­րանք։

Կասկած չկայ, որ ահա­բեկչա­կան վարձկաննե­րով, թրքա­կան ռազմա­քա­ղա­քա­կան ծանրակշիռ նեցուկով՝ մեր մանուկներն ու տարեցնե­րը թիրա­խաւո­րող ու անոնց սարսա­փի մթնո­լորտի մատնել համարձա­կող հրե­տա­նիա­կան ռմբա­կո­ծումնե­րը մեր Հայութե­նա­կա­նութեան սպառնա­ցող պատգամներ են։

Եւ ոչ միայն։

1970-ականնե­րուն, Կիպրո­սի կիսա­զավթումով եւ Իրա­նի հետ հողա­յին փոխա­նա­կութեամբ դէպի Նախի­ջեւան համա­թուրա­նա­կան պատուհան մը ապա­հո­վե­լով գործնա­կա­նօ­րէն սկսած թրքա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան ծրագրի առա­ջին քայլե­րը վերջին երկու տասնա­մեակնե­րուն՝ ԷՐՏՈԿԱՆ յաջո­ղե­ցաւ զանոնք բարձրացնել միջազգա­յին ընտա­նի­քը մտա­հո­գեցնող ՆՈՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ. յատկա­պէս արա­բա­կան աշխարհի Միջերկրա­կա­նեան շրջաննե­րու մէջ՝ իր ծաւա­լա­պաշտա­կան եւ ապա­կա­յունացնող առա­քե­լութեամբ։

Եւ այդ կայսե­րա­պաշտա­կան դերա­կա­տա­րութիւնը սկսած է մտա­հո­գել մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը՝ Ռուսիան, հարեւաններ՝ Իրանն ու Վրաստա­նը, մինչեւ Չինաստան, ԱՄՆ, Գերմա­նիա եւ անշուշտ մեր բարե­կամ՝ Ֆրանսան։

Հայոց Ցեղասպա­նութիւնը շարունա­կել փորձող ՆՈՐ ՀԻԹԼԷՐԸ՝ ԷՐՏՈԿԱՆ, սկսած է տակաւ առ տակաւ անհանգստացնել նաեւ՝ ցեղասպա­նութեան արհաւիրքը ապրած հրեայ ժողո­վուրդը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի ստի­պէ իր կառա­վա­րութեան դադրեցնե­լու իր պատմութեան դաւա­ճա­նող սպա­ռա­զի­նա­կան մատա­կա­րա­րումը Ազրպէյճա­նին։

Այդուհանդերձ, իր պատմութեան դասե­րը լաւ սորված հայ ժողո­վուրդը ՎՃՌԱԾ է իրեն պարտադրուած Արցա­խեան գոյութե­նա­կան պատե­րազմը անտե­ղի­տա­լիօ­րէն հասցնել իր ՅԱՂԹԱԿԱՆ աւարտին, ՅԱՆՈՒՆ՝ իր հազա­րա­մեակնե­րու ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ հաւա­տա­րիմ մնա­լու ուխտին  եւ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ վսեմ գաղա­փարնե­րուն։

Ու այդ իմաստով, մեր ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ յաղթա­նա­կը անխուսա­փե­լի է։

ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ, մեր յաղթա­նա­կի երաշխի­քը ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ մարմնաւո­րուած մեր ժողո­վուրդի ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։

Եւ պատմա­կան այս պահին, մեր յաղթա­նա­կի վկան՝ Արցա­խեան խրա­մատնե­րուն մէջ մահուան վտանգը արհա­մարհող մեր երի­տա­սարդ զինուորնե­րուն ժպիտն է։

Առնչվող Հոդվածներ