20.4 C
Yerevan

Երդումին Գերա­գոյն Վկա­յութիւնը

Յարութ Գալայճեան

Թորոնթո­յի ՀՅԴ Սողո­մոն Թէհլի­րեան կոմի­տէութեան իմ ընկերնե­րէս էր՝ Քրիստա­փոր Յարութիւնեա­նը։ Միշտ մեղմ ժպի­տով ու խաղաղ նայուածքով, բայց յաճախ տագնա­պոտ հոգիով։

Արցա­խով շնչող դաշնակցա­կանն էր ընկեր Քրիստը։ Հակա­ռակ կազմա­կերպա­կան գետնի վրայ մեր ունե­ցած որո­շա­կի տարա­կարծութիւննե­րուն՝ իմ ընկե­րութիւնս Քրիստին հետ միշտ ալ մնաց փոխա­դարձ յարգանքի եւ գաղա­փա­րա­կան միասնութեան մակարդա­կին վրայ։

Վերջին անգամ զինք տեսայ Կապան՝ ընկեր Մակի­չին հետ Կովսա­կան մեր այցե­լութեան ճամբուն վրայ։ Որքա՜ն հպարտ էր, որ վերջնա­կա­նա­պէս Հայաստան հաստա­տուած էր ու լծուած՝ իր սեփա­կան գործին։ Միասնա­բար այցե­լե­ցինք իր տիկնոջ կարի աշխա­տա­նո­ցը եւ հրճուե­ցանք երկու կողա­կիցնե­րու նախա­ձեռնութեան ոգիով։

Ընկեր Քրիստ գտած էր իր ճակտի քրտինքով ապրե­լու միջոցն ու երա­զած բնա­կա­վայրը. բայց հոգին կ’ապրէր Արցախ։Կիսաւարտ գործի մը տագնա­պը կը յամա­ռէր նստած մնալ իր աչքե­րուն մէջ…

Ու երբ պայթե­ցաւ Սեպտեմբեր 27‑ի մեր Գոյութե­նա­կան Պատե­րազմը ան եղաւ Արցախ շտա­պող առա­ջիննե­րէն. ու հոն՝ տուաւ իր երդումին գերա­գոյն վկա­յութիւնը, հասցնե­լով իր ԳՈՐԾԸ նուի­րա­կան աւարտին:

Վերջին շունչը տալով Արցա­խի Հողին

Այս յակիրճ ու զիս պարտաւո­րեցնող գրա­ռումով, կը խոնարհիմ հայրե­նի­քի փրկութեան համար նահա­տա­կուած՝ ընկեր Քրիստի զինա­կիցնե­րուն եւ Հայոց Բանա­կի հարիւրաւոր հերոսնե­րուն առջեւ։

Առնչվող Հոդվածներ