⚙️

«Ճամբու Նշանները» Ճիշդ Կարդալ եւ Զոհ Չերթալ․․․ Ներքին Պառակտումի Հրձիգութեանց Սադրանքին․

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ իր արթնամտութիւնն ու ողջախոհութիւնը եղերամայրերու եւ Սալեմի Վհուկներու հրահրած մէկամսեայ «Մեղադրանքի Խաղ»էն (Blaming Game) հեռու եւ վեր պահող ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ հայ ժողովուրդին, որուն վերականգնումի եւ վերանորոգ վճռականութեամբ զօրաշարժի ներուժը ՋԼԱՏԵԼՈՒ սադրանքներ կը նիւթուին ազգային-քաղաքական ՍՆԱՆԿՈՒԹԵԱՆ մատնուած իշխանամոլներու կողմէ, որոնք իրարու հասցէին թոյն ու մաղձ թափելով լծուած են հայ կեանքի ՀՐԱՊԱՐԱԿին վրայ ոտքի տեղ գտնելու ամօթալի ՄՐՑԱՎԱԶՔի․․․։

– Փոխադարձ «Մեղադրանքի Խաղ»ին համար տես՝ keghart.org – Պարտութեան խայտառակ համաձայնագրի ստորագրութեան շուրջ ծաւալած պատեհապաշտ չարաշահումներու մասին տես՝ keghart.org

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՄԱՆ դէմ իր ուժերու առաւելագոյն լարումով ու գերագոյն զոհաբերութեամբ Հայաստանն ու Հայութիւնը ՀԵՐՈՍԱԲԱՐ պաշտպանող Հայոց անվեհեր բանակին, որ լիարժէք ամրագրեց ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳի մեր հաւաքական ինքնավստահութեան անփոխարինելի ԵՐԱՇԽԻՔը ըլլալու իր արժանաւորութիւնը։

Բարի լոյս՝ ազգային ու քաղաքացիական իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութեանց հաստատակամօրէն տէր կանգնող եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԾԱՌԱՑՈՂ իրաւատէր հայութեան, որ ի հեճուկս պետական-քաղաքական կամ հոգեւորական-կուսակցական ՏԻՐԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ դիրքերէ կատարուած ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄի հրձիգութեանց՝ կը գիտակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆի ատենին քարոզած «ՃԱՄԲՈՒ ՆՇԱՆՆԵՐԸ» ճիշդ կարդալու հրամայականին եւ այսօր ալ Վեհափառ Հայրապետին հետ կը հնչեցնէ ղօղանջը ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ՝

– «Զգո՜յշ… մեր ազգն ու հայրենիքը ներքին բեւեռացումներու եւ անորոշութեան վտանգալից ալիքներու մէջ կը տատանի։

Չթողունք, որ հայրենիքին նաւը ընկղմի. ըլլանք իրատես ու հեռատես. ըլլանք խոհեմ եւ միակամ։ Հաւաքական պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուինք։

Տես՝ facebook.com

Նոյնպէս՝ facebook.com

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՈՒՐՔ ՈՍՈԽի հետեւողական ամէնօրեա՛յ սպառնալիքներուն դէմ իր ՆԵՐՈՒԺը ի մի հաւաքող, ներքին բեւեռացումներու եւ աթոռակռուի որոմները իրենց սաղմնային վիճակին մէջ արմատախիլ ընող ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ հայութեան, որ աշխարհի չորս ծագերէն օգնութեան եւ զինակցութեան ձեռք կ՚երկարէ անհաւասար ուժերով օրհասական կռուի դաշտ նետուած ՀԱՅՈՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ եւ անոր անփոխարինելի կռուանը հանդիսացող ժողովրդային դիմադրականութեան ու զօրաշարժին։

Ինչպէս որ Հայ Եկեղեցւոյ Քաջարի Հովուապետը կը յորդորէ՝«Ըլլանք արթուն, միակամ եւ խոհեմ՝ հեռու մնալով ներքին առճակատում ու անհանդուրժողութիւն յառաջացնող մօտեցումներէ։ Ա՛յս է մեզ դէպի յաղթանակ առաջնորդող ճամբան»։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *