20.4 C
Yerevan

«Ճամբու Նշաննե­րը» Ճիշդ Կարդալ եւ Զոհ Չերթալ․․․ Ներքին Պառակտումի Հրձի­գութեանց Սադրանքին․

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ իր արթնամտութիւնն ու ողջա­խո­հութիւնը եղե­րա­մայրե­րու եւ Սալե­մի Վհուկնե­րու հրահրած մէկամսեայ «Մեղադրանքի Խաղ»էն (Blaming Game) հեռու եւ վեր պահող ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ հայ ժողո­վուրդին, որուն վերա­կանգնումի եւ վերա­նո­րոգ վճռա­կա­նութեամբ զօրա­շարժի ներուժը ՋԼԱՏԵԼՈՒ սադրանքներ կը նիւթուին ազգա­յին-քաղա­քա­կան ՍՆԱՆԿՈՒԹԵԱՆ մատնուած իշխա­նա­մոլնե­րու կողմէ, որոնք իրա­րու հասցէին թոյն ու մաղձ թափե­լով լծուած են հայ կեանքի ՀՐԱՊԱՐԱԿին վրայ ոտքի տեղ գտնե­լու ամօ­թա­լի ՄՐՑԱՎԱԶՔի․․․։

- Փոխա­դարձ «Մեղադրանքի Խաղ»ին համար տես՝ keghart.org - Պարտութեան խայտա­ռակ համա­ձայնագրի ստո­րագրութեան շուրջ ծաւա­լած պատե­հա­պաշտ չարա­շա­հումնե­րու մասին տես՝ keghart.org

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՄԱՆ դէմ իր ուժե­րու առաւե­լա­գոյն լարումով ու գերա­գոյն զոհա­բե­րութեամբ Հայաստանն ու Հայութիւնը ՀԵՐՈՍԱԲԱՐ պաշտպա­նող Հայոց անվե­հեր բանա­կին, որ լիարժէք ամրագրեց ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳի մեր հաւա­քա­կան ինքնավստա­հութեան անփո­խա­րի­նե­լի ԵՐԱՇԽԻՔը ըլլա­լու իր արժա­նաւո­րութիւնը։

Բարի լոյս՝ ազգա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան իր իրաւունքնե­րուն եւ պարտաւո­րութեանց հաստա­տա­կա­մօ­րէն տէր կանգնող եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԾԱՌԱՑՈՂ իրաւա­տէր հայութեան, որ ի հեճուկս պետա­կան-քաղա­քա­կան կամ հոգեւո­րա­կան-կուսակցա­կան ՏԻՐԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ դիրքե­րէ կատա­րուած ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄի հրձի­գութեանց՝ կը գիտակցի Մեծի Տանն Կիլի­կիոյ Կաթո­ղի­կոս ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆի ատե­նին քարո­զած «ՃԱՄԲՈՒ ՆՇԱՆՆԵՐԸ» ճիշդ կարդա­լու հրա­մա­յա­կա­նին եւ այսօր ալ Վեհա­փառ Հայրա­պե­տին հետ կը հնչեցնէ ղօղանջը ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՆ՝

- «Զգո՜յշ… մեր ազգն ու հայրե­նի­քը ներքին բեւե­ռա­ցումնե­րու եւ անո­րո­շութեան վտանգա­լից ալիքնե­րու մէջ կը տատա­նի։

Չթո­ղունք, որ հայրե­նի­քին նաւը ընկղմի. ըլլանք իրա­տես ու հեռա­տես. ըլլանք խոհեմ եւ միա­կամ։ Հաւա­քա­կան պատասխա­նա­տուութեան դիմաց կը գտնուինք։

Տես՝ facebook.com

Նոյնպէս՝ facebook.com

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՈՒՐՔ ՈՍՈԽի հետեւո­ղա­կան ամէնօրեա՛յ սպառնա­լիքնե­րուն դէմ իր ՆԵՐՈՒԺը ի մի հաւա­քող, ներքին բեւե­ռա­ցումնե­րու եւ աթո­ռակռուի որոմնե­րը իրենց սաղմնա­յին վիճա­կին մէջ արմա­տա­խիլ ընող ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ հայութեան, որ աշխարհի չորս ծագե­րէն օգնութեան եւ զինակցութեան ձեռք կ՚երկարէ անհաւա­սար ուժե­րով օրհա­սա­կան կռուի դաշտ նետուած ՀԱՅՈՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ եւ անոր անփո­խա­րի­նե­լի կռուա­նը հանդի­սա­ցող ժողովրդա­յին դիմադրա­կա­նութեան ու զօրա­շարժին։

Ինչպէս որ Հայ Եկե­ղեցւոյ Քաջա­րի Հովուա­պե­տը կը յորդորէ՝«Ըլլանք արթուն, միա­կամ եւ խոհեմ՝ հեռու մնա­լով ներքին առճա­կա­տում ու անհանդուրժո­ղութիւն յառա­ջացնող մօտե­ցումնե­րէ։ Ա՛յս է մեզ դէպի յաղթա­նակ առաջնորդող ճամբան»։

Առնչվող Հոդվածներ