24.7 C
Yerevan

«Նոյնիսկ 100-ամեայ Կուսակցութիւնը Աձնիշխա­նա­ցաւ»

Յարութ Գալայճեան

Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն ետք դժբախտա­բար չունե­ցանք ոչ մէկ նորա­կազմ կուսակցութիւն՝ որ չանձնաւո­րուե­ցաւ։ Անձնիշխա­նա­ցաւ նոյնիսկ 100-ամեայ կուսակցութիւնը։

Արդա­րեւ, շուրջ 30 տարի, ոչ-ժողովրդա­վար պայմաննե­րու մէջ հայրե­նի բոլոր կուսակցութիւններն ալ անխտիր՝ տակաւ առ տակաւ վարկա­նի­շա­յին կորուստներ արձա­նագրե­ցին իրենց ժողովրդա­յին խարիսխնե­րուն մէջ եւ՝ 2018‑ի գարնան հասա­րա­կութեան ցասումով մերժուե­ցան աւա­տա­պե­տա­կա­նա­ցած գրե­թէ բոլոր քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւննե­րը այնպի­սի ուժգնութեամբ՝ որ այլեւս անոնց կուսակցա­կան վերա­կանգնումը դարձած է գրե­թէ անկա­րե­լի։

Նոյեմբեր 9‑ի մեր Արցա­խեան Պարտութե­նէն առաջ ծայր առած 16-նոց իշխա­նա­փո­խա­կան ընդդի­մութիւնը աւե­լի քան 10 հանրա­հաւաքնե­րով եւ փողո­ցա­յին անհնա­զանդութեան ելոյթնե­րով շարունա­կեց իր գործունէութիւնը ու ըստ երեւոյթին՝ որո­շած է արդէն յաւե­լեալ թափով հասնիլ Վարչա­պե­տի պաշտօ­նազրկման նպա­տա­կին։

Սակայն, հակա­ռակ ընդդի­մութեան հետեւո­ղա­կան բոլոր ճիգե­րուն՝ կարե­լի չեղաւ ժողովրդա­յին ընկա­լում ապա­հո­վել եւ բոլոր հաւաքներն ալ տարուբե­րուե­ցան 3–7 հազար համա­կիրնե­րու կամ՝ ներկա­յութեան թիւե­րով։

Դեկտեմբեր 19-ին, Վարչա­պե­տի եւ Աժ‑ի Նախա­գա­հի գլխաւո­րութեամբ Եռաբլուրեան Սուգի Երթով՝ իշխա­նա­փո­խա­կան ընդդի­մութեան երկամսեայ քաղա­քա­կան աղմկա­լի նաւարկումը առա­ջին անգամ ըլլա­լով զարնուե­ցաւ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ իշխա­նա­խոհնե­րու ալիքնե­րուն. ինչ որ՝ տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն պէտք է մտա­ծել տար ընդդի­մութեան՝ լուրջ բարե­փոխման ենթարկել իր յառա­ջի­կայ մարտա­վա­րութիւնը։

Վերջին հաշւով, մեր հայրե­նի­քի համար կենսա­կան հրա­մա­յա­կան է, որ բոլորս ալ միանգա­մընդմիշտ համո­զուինք, որ 2018‑ի ոչ-բռնի յեղա­փո­խութեամբ ծնած՝ եւ երեսնա­մեայ համա­կարգա­յին փտա­ծութեան բախած մեր ժողովրդա­վա­րութիւնը ԱՆԿԱՍԵԼԻ Է։ Ի վերջոյ, axiom-ային ճշմարտութիւն է, որ ԱՌԱՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱՅ ԵՐԿՐԻ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ։

ԻՍԿ ԶՈՒԳԱՀԵՌԱԲԱՐ, կարեւոր հարցադրումը այն է, որ ընդդի­մութեան մէջ պիտի գտնուի՞ն կուսակցութիւններ, որոնք անդրա­դառնա­լով ստեղծուած քաղա­քա­կան նոր կացութեան՝ վերա­դառնան իրենց ժողովրդա­յին սեփա­կան կորիզնե­րուն ու փորձեն զանոնք վերա­դա­սաւորման ու վերաշխուժացման ենթարկել։

ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ, այսօ­րուան քաղա­քա­կան դաշտի թէ’ ենթա­յա­կան եւ թէ’ առարկա­յա­կան տուեալնե­րը բացա­յայտած են արդէն այն ազդանշա­նը, որ ամիսներ ետք ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ պիտի մտնեն բոլո­րո­վին թարմ ու ժողովրդա­վար ուժեր, որոնք պիտի կարե­նան ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ժողո­վուրդի կամքով եւ տարե­րա­յին հոսանքով ճամբայ ելած Քաղա­քա­ցիա­կան Պայմա­նա­գիր Կուսակցութիւնը։


facebook.com

Առնչվող Հոդվածներ