սոց ցանց

«Նոյնիսկ 100-ամեայ Կուսակցութիւնը Աձնիշխանացաւ»

Յարութ Գալայճեան

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք դժբախտաբար չունեցանք ոչ մէկ նորակազմ կուսակցութիւն՝ որ չանձնաւորուեցաւ։ Անձնիշխանացաւ նոյնիսկ 100-ամեայ կուսակցութիւնը։

Արդարեւ, շուրջ 30 տարի, ոչ-ժողովրդավար պայմաններու մէջ հայրենի բոլոր կուսակցութիւններն ալ անխտիր՝ տակաւ առ տակաւ վարկանիշային կորուստներ արձանագրեցին իրենց ժողովրդային խարիսխներուն մէջ եւ՝ 2018-ի գարնան հասարակութեան ցասումով մերժուեցան աւատապետականացած գրեթէ բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւնները այնպիսի ուժգնութեամբ՝ որ այլեւս անոնց կուսակցական վերականգնումը դարձած է գրեթէ անկարելի։

Նոյեմբեր 9-ի մեր Արցախեան Պարտութենէն առաջ ծայր առած 16-նոց իշխանափոխական ընդդիմութիւնը աւելի քան 10 հանրահաւաքներով եւ փողոցային անհնազանդութեան ելոյթներով շարունակեց իր գործունէութիւնը ու ըստ երեւոյթին՝ որոշած է արդէն յաւելեալ թափով հասնիլ Վարչապետի պաշտօնազրկման նպատակին։

Սակայն, հակառակ ընդդիմութեան հետեւողական բոլոր ճիգերուն՝ կարելի չեղաւ ժողովրդային ընկալում ապահովել եւ բոլոր հաւաքներն ալ տարուբերուեցան 3-7 հազար համակիրներու կամ՝ ներկայութեան թիւերով։

Դեկտեմբեր 19-ին, Վարչապետի եւ Աժ-ի Նախագահի գլխաւորութեամբ Եռաբլուրեան Սուգի Երթով՝ իշխանափոխական ընդդիմութեան երկամսեայ քաղաքական աղմկալի նաւարկումը առաջին անգամ ըլլալով զարնուեցաւ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ իշխանախոհներու ալիքներուն. ինչ որ՝ տրամաբանականօրէն պէտք է մտածել տար ընդդիմութեան՝ լուրջ բարեփոխման ենթարկել իր յառաջիկայ մարտավարութիւնը։

Վերջին հաշւով, մեր հայրենիքի համար կենսական հրամայական է, որ բոլորս ալ միանգամընդմիշտ համոզուինք, որ 2018-ի ոչ-բռնի յեղափոխութեամբ ծնած՝ եւ երեսնամեայ համակարգային փտածութեան բախած մեր ժողովրդավարութիւնը ԱՆԿԱՍԵԼԻ Է։ Ի վերջոյ, axiom-ային ճշմարտութիւն է, որ ԱՌԱՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԿԱՅ ԵՐԿՐԻ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ։

ԻՍԿ ԶՈՒԳԱՀԵՌԱԲԱՐ, կարեւոր հարցադրումը այն է, որ ընդդիմութեան մէջ պիտի գտնուի՞ն կուսակցութիւններ, որոնք անդրադառնալով ստեղծուած քաղաքական նոր կացութեան՝ վերադառնան իրենց ժողովրդային սեփական կորիզներուն ու փորձեն զանոնք վերադասաւորման ու վերաշխուժացման ենթարկել։

ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ, այսօրուան քաղաքական դաշտի թէ’ ենթայական եւ թէ’ առարկայական տուեալները բացայայտած են արդէն այն ազդանշանը, որ ամիսներ ետք ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ պիտի մտնեն բոլորովին թարմ ու ժողովրդավար ուժեր, որոնք պիտի կարենան ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ ժողովուրդի կամքով եւ տարերային հոսանքով ճամբայ ելած Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութիւնը։


facebook.com

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *