Հայաստան

Սթափինք Եւ Նուիրուինք մեր Նպատակին

Գերմարդկային ճիգեր պետք են, եւ յաջողութեան համար նախապայման է ազգի միացումը, միասնականութիւնը եւ ՆՊԱՏԱԿ ունենալը ։

Աւօ Պօղոսեան

Ինչպէս մարդիկ ենթակայ են դիմենցիայի կամ ալզայմըրի հիւանդութեան, այսինքն յիշողութեան կորուստին, այնպէս ալ ազգերն են այդ հիւանդութեամբ տառապելու ենթակայ, որոնցմէ ամէնաթարմ օրինակը Հայութիւնն է ինծի համար, քանի աչքի առաջ ու ամենամոտն է։

Արցախեան պատերազմը յանկարծ ու անսպասելիօրէն յայտնուած պատերազմ չէր. Անցեալ ունէր, գոնէ վերջին մէկ դարը լաւ պետք է յիշէինք։ 1900 էն սկսեալ ականատես եղած էինք բուռն ազգամիջեան բախումներու մեր եւ այն ժամանակ թաթար կոչուած ժողովուրդներու միջեւ, 1905_ 1907 ի հայ թաթարական բախումներուն, ապա 1915 ի կոտորածներուն թէ Պաքուի մէջ եւ թէ անկէ ասդին մինչեւ Արցախի տարածք, անցնելով Գանձակէն Նուխիէն ու բազմաթիւ հայկական գիւղերէն, յետոյ Շուշիի հայութեան կոտորածէն մինչեւ Նախիջեւանի կոտորածներն ու անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Արարատեան դաշտավայրի թաթարներու ասպատակումները ընդդէմ նորաստեղծ պետութեան։ Խորհրդային կարգերու հաստատումով էր միայն որ այդ հակադրութիւնը պարտադրաբար կանգ առաւ եօթանասուն տարիներու երկայնքին, ու վերանկախացումէն անմիջապէս ետք դարձեալ բռնկեցաւ, եւ ունեցանք Արցախեան անցեալ դարու վերջին տեղի ունեցած պատերազմը, երբ կարողացանք վերատիրանալ մեր կորսնցուցած տարածքներէն գոնէ լեռնային Արցախին իր Հայաստանի հանրապետութեան եզերող պատմական Հայաստանի տարածքներով։

Ազգին համար կասկած կա ՞ր որ այս արդէն վերջին պատերազմը չէր, ու մենք ապագային դարձեալ պատերազմի սպառնալիքի առջեւ պիտի գտնուէինք։ Բայց փաստացի մենք ալզայմըր հիւանդութենէ կը տառապէինք, երեւի ծերացած էինք եւ մեր անցեալի պատերազմները մոռցած էինք, այլապէս պետք է յիշելով անցեալը պիտի մենք ալ մեր կարգին ինչպէս ոսոխը, հեւիհեւ պատրաստուէինք յաջորդ ռաունտին, քաջ գիտակցելով որ մեր եւ թրքութեան միջեւ հակադրութիւնը յաւիտեան է, ու վերջ չունի, քանի այն տարածքի հարց է եւ ճանապարհի։ Մենք պարզապէս իրենց ճանապարհին կանգնած արգելք ենք։ Անշուշտ աշխարհի վրայ մենք միակը չենք որ պատերազմի սպառնալիքի տակ ենք , բոլոր երկիրներն ալ այլեւայլ հարցեր եւ վեճեր ունին դրացի պետութեանց հետ, ու եթէ տուեալ պահին հանդարտ է կացութիւնը, ապա այդ որոշ հաւասարակշռութեան մը արդիւնք է, ըլլայ այդ զինուորական կամ քաղաքական։ Մեր մօտ երեւի այդ հաւասարակշռութեան խախտումը թէ քաղաքական էր թէ զինուորական, թշնամիին համար ռազմական առաւելութիւնը բացայայտ էր ու նախաձեռնեցին այդ արկածախընդրութեան, եւ մեր թուլութեան պատճառով ջախջախիչ յաղթանակի տիրացան ։

Աւելորդ են այն չքմեղանքները թէ անոնք թուական առաւելութիւն ունէին կամ սպառազինման։ Պատերազմը կանոններ չի ճանչնար, մենք պարտաւոր էինք պատրաստ ըլլալու եւ անհնարինը ընելով գերազանցէինք մենք մեզ ու իրենց, քանի մերը գոյութենական պայքար է, ու մենք առիթը փախցուցինք։ Իսրայէլն ալ իր գոյութենական պայքարին մէջ, հակառակ թուական առումով հարիւապատիկ անգամ աւելի թոյլ ըլլալուն իր հարեւաններուն հետ բաղդատած, սակայն գտաւ ձեւը յաղթելու, որովհետեւ միշտ նպատակ դրած էր գոյութիւն ունենալու յաղթելու, եւ այդ նպատակին համար ամէն ինչ ըրած էր սկսած մեծ պետութեանց մէջ լծակներու տիրանալով, հսկայ հարստութեանց կուտակումով եւ զանոնք իր նպատակին ծառայեցնելով։ Ի զու չէ որ նոյնիսկ այսօր նորընտիր ամերիկայի նախագահի ամենաբարձր պետական պաշտոններէն նորանշանակ տասը պաշտոնեանները առանց բացառութեան իրենք են ։

Մենք դեռ հասու չենք թէ ի՞նչ կորսնցուցինք այս պատերազմը կորսնցնելով։ Գիտենք որ հազարաւոր երիտասարդներ կորսնցուցինք, գիտենք որ հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք, սակայն ոչ բոլորը գիտեն որ մենք նաեւ հոգեպէս կոտրուեցանք, եւ ոչ բոլորը որ մեր պաշտպանելիք սահմանի աւելի երկայնքը յետայսու ստիպուած ենք պաշտպանելու աւելի նուազ զինուորներով , մենք նաեւ կորսնցուցած ենք մեր արեւելեան ամրոցը որը կենսական է մեր երկրի պաշտպանութեան, մեր հանրապետութեան ողնաշարը` Սիւնիքը խոցելի է, մենք ստիպուած ենք ցորեն եւ այլ գիւղատնտեսական մթերքները աւելիով ներածելու, մենք մարդահաւաքի մեր նպատակը կորսնցուցինք, մենք մեր սփիւռքի սեւեռումը դէպի հայրենիք տկարացուցինք, մենք ազգը յուսախափ ըրինք , ու կորսնցուցինք այլ ազգերու յարգանքը, որովհետեւ իրենք աւելի իրազէկ են որ մեր պարտութեան բուն պատճառը մեր թալանելու մոլուցքն է եւ կորուպցիան, մենք մեր վզի շուրջ օղակը այս կորուստով աւելի սեղմեցինք, մենք կորսնցուցինք նաեւ դէպի Հայաստան ներգաղթի մասին մտածողներու արդէն լուրջ որոշումի յանգածներու զանգուածը, ու շարքը երկար է այլ կորուստներու։

Հիմա բուն հարցը … Պատերազմը չէ աւարտած, ու մենք եթէ պիտի գոյութիւն ունենալու ցանկութիւնը ունենանք, ապա պետք է սթափինք ու անցնինք պատրաստուելու գործին որը այս կորուստներէն ետք աւելի դժուար պիտի ըլլայ քան առաջ էր։ Գերմարդկային ճիգեր պետք են եւ յաջողութեան համար նախապայման է ազգի միացումը , միասնականութիւնը եւ ՆՊԱՏԱԿ ունենալը ։

Կարո՞ղ ենք, կունենա՞նք ապագայ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *