16.9 C
Yerevan

Սթա­փինք Եւ Նուի­րուինք մեր Նպա­տա­կին

Գերմարդկա­յին ճիգեր պետք են, եւ յաջո­ղութեան համար նախա­պայման է ազգի միա­ցումը, միասնա­կա­նութիւնը եւ ՆՊԱՏԱԿ ունե­նա­լը ։

Աւօ Պօղո­սեան

Ինչպէս մարդիկ ենթա­կայ են դիմենցիա­յի կամ ալզայմը­րի հիւանդութեան, այսինքն յիշո­ղութեան կորուստին, այնպէս ալ ազգերն են այդ հիւանդութեամբ տառա­պե­լու ենթա­կայ, որոնցմէ ամէ­նա­թարմ օրի­նա­կը Հայութիւնն է ինծի համար, քանի աչքի առաջ ու ամե­նա­մոտն է։

Արցա­խեան պատե­րազմը յանկարծ ու անսպա­սե­լիօ­րէն յայտնուած պատե­րազմ չէր. Անցեալ ունէր, գոնէ վերջին մէկ դարը լաւ պետք է յիշէինք։ 1900 էն սկսեալ ակա­նա­տես եղած էինք բուռն ազգա­մի­ջեան բախումնե­րու մեր եւ այն ժամա­նակ թաթար կոչուած ժողո­վուրդնե­րու միջեւ, 1905_ 1907 ի հայ թաթա­րա­կան բախումնե­րուն, ապա 1915 ի կոտո­րածնե­րուն թէ Պաքուի մէջ եւ թէ անկէ ասդին մինչեւ Արցա­խի տարածք, անցնե­լով Գանձա­կէն Նուխիէն ու բազմա­թիւ հայկա­կան գիւղե­րէն, յետոյ Շուշիի հայութեան կոտո­րա­ծէն մինչեւ Նախի­ջեւա­նի կոտո­րածներն ու անգամ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան մէջ, Արա­րա­տեան դաշտա­վայրի թաթարնե­րու ասպա­տա­կումնե­րը ընդդէմ նորաստեղծ պետութեան։ Խորհրդա­յին կարգե­րու հաստա­տումով էր միայն որ այդ հակադրութիւնը պարտադրա­բար կանգ առաւ եօթա­նա­սուն տարի­նե­րու երկայնքին, ու վերանկա­խա­ցումէն անմի­ջա­պէս ետք դարձեալ բռնկե­ցաւ, եւ ունե­ցանք Արցա­խեան անցեալ դարու վերջին տեղի ունե­ցած պատե­րազմը, երբ կարո­ղա­ցանք վերա­տի­րա­նալ մեր կորսնցուցած տարածքնե­րէն գոնէ լեռնա­յին Արցա­խին իր Հայաստա­նի հանրա­պե­տութեան եզե­րող պատմա­կան Հայաստա­նի տարածքնե­րով։

Ազգին համար կասկած կա ՞ր որ այս արդէն վերջին պատե­րազմը չէր, ու մենք ապա­գա­յին դարձեալ պատե­րազմի սպառնա­լի­քի առջեւ պիտի գտնուէինք։ Բայց փաստա­ցի մենք ալզայմըր հիւանդութե­նէ կը տառա­պէինք, երեւի ծերա­ցած էինք եւ մեր անցեա­լի պատե­րազմնե­րը մոռցած էինք, այլա­պէս պետք է յիշե­լով անցեա­լը պիտի մենք ալ մեր կարգին ինչպէս ոսո­խը, հեւի­հեւ պատրաստուէինք յաջորդ ռաունտին, քաջ գիտակցե­լով որ մեր եւ թրքութեան միջեւ հակադրութիւնը յաւի­տեան է, ու վերջ չունի, քանի այն տարածքի հարց է եւ ճանա­պարհի։ Մենք պարզա­պէս իրենց ճանա­պարհին կանգնած արգելք ենք։ Անշուշտ աշխարհի վրայ մենք միա­կը չենք որ պատե­րազմի սպառնա­լի­քի տակ ենք , բոլոր երկիրներն ալ այլեւայլ հարցեր եւ վեճեր ունին դրա­ցի պետութեանց հետ, ու եթէ տուեալ պահին հանդարտ է կացութիւնը, ապա այդ որոշ հաւա­սա­րակշռութեան մը արդիւնք է, ըլլայ այդ զինուո­րա­կան կամ քաղա­քա­կան։ Մեր մօտ երեւի այդ հաւա­սա­րակշռութեան խախտումը թէ քաղա­քա­կան էր թէ զինուո­րա­կան, թշնա­միին համար ռազմա­կան առաւե­լութիւնը բացա­յայտ էր ու նախա­ձեռնե­ցին այդ արկա­ծա­խընդրութեան, եւ մեր թուլութեան պատճա­ռով ջախջա­խիչ յաղթա­նա­կի տիրա­ցան ։

Աւե­լորդ են այն չքմե­ղանքնե­րը թէ անոնք թուա­կան առաւե­լութիւն ունէին կամ սպա­ռա­զինման։ Պատե­րազմը կանոններ չի ճանչնար, մենք պարտաւոր էինք պատրաստ ըլլա­լու եւ անհնա­րի­նը ընե­լով գերա­զանցէինք մենք մեզ ու իրենց, քանի մերը գոյութե­նա­կան պայքար է, ու մենք առի­թը փախցուցինք։ Իսրա­յէլն ալ իր գոյութե­նա­կան պայքա­րին մէջ, հակա­ռակ թուա­կան առումով հարիւա­պա­տիկ անգամ աւե­լի թոյլ ըլլա­լուն իր հարեւաննե­րուն հետ բաղդա­տած, սակայն գտաւ ձեւը յաղթե­լու, որովհե­տեւ միշտ նպա­տակ դրած էր գոյութիւն ունե­նա­լու յաղթե­լու, եւ այդ նպա­տա­կին համար ամէն ինչ ըրած էր սկսած մեծ պետութեանց մէջ լծակնե­րու տիրա­նա­լով, հսկայ հարստութեանց կուտա­կումով եւ զանոնք իր նպա­տա­կին ծառա­յեցնե­լով։ Ի զու չէ որ նոյնիսկ այսօր նորընտիր ամե­րի­կա­յի նախա­գա­հի ամե­նա­բարձր պետա­կան պաշտոննե­րէն նորանշա­նակ տասը պաշտո­նեաննե­րը առանց բացա­ռութեան իրենք են ։

Մենք դեռ հասու չենք թէ ի՞նչ կորսնցուցինք այս պատե­րազմը կորսնցնե­լով։ Գիտենք որ հազա­րաւոր երի­տա­սարդներ կորսնցուցինք, գիտենք որ հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք, սակայն ոչ բոլո­րը գիտեն որ մենք նաեւ հոգե­պէս կոտրուե­ցանք, եւ ոչ բոլո­րը որ մեր պաշտպա­նե­լիք սահմա­նի աւե­լի երկայնքը յետայսու ստի­պուած ենք պաշտպա­նե­լու աւե­լի նուազ զինուորնե­րով , մենք նաեւ կորսնցուցած ենք մեր արեւե­լեան ամրո­ցը որը կենսա­կան է մեր երկրի պաշտպա­նութեան, մեր հանրա­պե­տութեան ողնա­շա­րը‘ Սիւնի­քը խոցե­լի է, մենք ստի­պուած ենք ցորեն եւ այլ գիւղատնտե­սա­կան մթերքնե­րը աւե­լիով ներա­ծե­լու, մենք մարդա­հաւա­քի մեր նպա­տա­կը կորսնցուցինք, մենք մեր սփիւռքի սեւե­ռումը դէպի հայրե­նիք տկա­րա­ցուցինք, մենք ազգը յուսա­խափ ըրինք , ու կորսնցուցինք այլ ազգե­րու յարգանքը, որովհե­տեւ իրենք աւե­լի իրա­զէկ են որ մեր պարտութեան բուն պատճա­ռը մեր թալա­նե­լու մոլուցքն է եւ կորուպցիան, մենք մեր վզի շուրջ օղա­կը այս կորուստով աւե­լի սեղմե­ցինք, մենք կորսնցուցինք նաեւ դէպի Հայաստան ներգաղթի մասին մտա­ծողնե­րու արդէն լուրջ որո­շումի յանգածնե­րու զանգուա­ծը, ու շարքը երկար է այլ կորուստնե­րու։

Հիմա բուն հարցը … Պատե­րազմը չէ աւարտած, ու մենք եթէ պիտի գոյութիւն ունե­նա­լու ցանկութիւնը ունե­նանք, ապա պետք է սթա­փինք ու անցնինք պատրաստուե­լու գործին որը այս կորուստնե­րէն ետք աւե­լի դժուար պիտի ըլլայ քան առաջ էր։ Գերմարդկա­յին ճիգեր պետք են եւ յաջո­ղութեան համար նախա­պայման է ազգի միա­ցումը , միասնա­կա­նութիւնը եւ ՆՊԱՏԱԿ ունե­նա­լը ։

Կարո՞ղ ենք, կունենա՞նք ապա­գայ։

Առնչվող Հոդվածներ