Րաֆֆի Տուտագլեան
Անցեալ տարի, պատերազմէն մօտ երկու շաբաթ առաջ, դիմատետրի էջիս տեղադրած էի հետեւեալ գրութիւնը՝
«Այս իշխանութիւնները իրենք իրենց ոտքին կրակելու բացառիկ կարողութիւն ունին։ Այն, ինչ երկուսուկէս տարուայ ընթացքին իրենց սեւ քարոզչութեամբ չկրցան ընել սերժականները, քոչարեանականները, ՀՅԴի անունով գործողները եւ միւս «հակա»ները, այս իշխանութիւնները ըրին ընդամէնը մի քանի օրուայ ընթացքին՝ Ամուլսարի խնդրով եւ Սահմանադրական դատաւորի մը ընտրութեամբ։
Ես եթէ նախկիններուն տեղը ըլլամ, սեւ քարոզչութեան եւ ֆէյքերու վրայ պարապ դրամ չեմ ծախսեր։ Պէտք չկայ յոգնելու, քանզի այս իշխանութիւնները լաւ կը տիրապետեն սխալ որոշումներով սեփական բարձր վարկանիշին հարուած հասցնելու նուրբ արուեստին…»
Պատերազմը վրայ հասաւ եւ արդէն բոլորին համար պարզ ու յստակ էր, որ պարտուողական, խայտառակ յայտարարութիւն ստորագրած իշխանութիւնները, օրէնսդրական որոշ բարեփոխումներէ եւ երկրի կայունութիւնը ապահովելէ ետք՝ օր առաջ պէտք է հրաժարին եւ տեղի ունենան արտահերթ ընտրութիւններ:
Պատերազմը իր ահաւոր հետեւանքով ցոյց տուաւ, որ այս իշխանութիւններուն ղեկավարման մեթոտը (կամ անոր բացակայութիւնը) ոչ միայն սեփական ոտքին կրակել էր, այլեւ՝ ամբողջ հայ ժողովուրդի երազներուն, յոյսերուն եւ հաւատքին հասցուած մեծագոյն հարուած, որուն տակէն դժուար թէ դուրս գան ոչ միայն այս պատերազմը «ղեկավարած» ռազմաքաղաքական ղեկավարները, այլ նաեւ՝ արցախեան խնդրի ձգձգումը լուծում համարած, բանակը 80-ականներու մէջ թողած եւ պետութեան հարստութիւնը դրամատնային սեփական հաշիւներու եւ ապարանքներու վերածած նախկին չընտրուած, բայց իրողապէս երկիրը ղեկավարած իշխանութիւնները…Այս մասին հանգամանօրէն դեռ անպայման պէտք է խօսիլ ու դատավճիռ արձակել պատերազմի ղեկավարման ընթաքին, անոր նախորդող տարիներու ռազմական (չ)պատրաստութեանց եւ խայտառակ պայմանագրի ստորագրութեան հանգամանքներուն մասին, բայց միայն անաչառ, արդար եւ անկողմնակալ քննութենէ ետք:
Անցնող շաբաթներուն հազար անգամ ըսուեցաւ արդէն, որ Փաշինեանի ղեկավարած իշխանութիւնը ունի միայն մէկ գլխաւոր առաջադրանք՝ ապահովել կառավարական ինստիտուտներու անարգել եւ արդիւնաւէտ աշխատանքը, կատարել օրէնսդրական բարեփոխումներ, հանդարտեցնել կիրքերը եւ կայունութեան երաշխաւորման համար համախոհութիւն առաջացնել եւ ամենակարճ ժամանակամիջոցին կազմակերպել արդար եւ ազատ արտահերթ ընտրութիւններ:
Իսկ հիմա, անհասկնալի է թէ ինչու՞ իշխանութիւնները, փոխանակ արտահերթ ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները աւարտին հասցնելու, կ’որոշեն, որ ամէն ինչ «business as usual» է Հայաստանի մէջ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի նշանակումով կը զբաղին: Աւելի՛ն, դեսպան կ’ուզեն նշանակել մէկը, որ նորեկ է դիւանագիտական կեանքին մէջ եւ առ հասարակ որեւէ գործունէութիւն չէ ունեցած արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, բացի խորհրդարանական մի քանի պատուիրակութիւններու մաս կազմելէ: Ես իրաւունք չունիմ, չեմ ալ ուզէր կասկածի տակ դնել դեսպանի թեկնածուին՝ ինծի համար անծանօթ Լիլիթ Մակունցի կարողութիւններն ու կարողականութիւնը (պոտենցիալը): Կրնայ ըլլալ, որ Մակունց բացառիկ հմտութիւններ ունեցող, քաղաքական-դիւանագիտական կեանքին մէջ մեծ ապագայ խոստացող անձնաւորութիւն է: Բայց Ուաշինկթընը փորձարկումներու դաշտ չէ, ոչ ալ նորեկներու համար քաղաքական-դիւանագիտական դպրոց, կամ՝ պրակտիկանտներու գործատեղի: Մա՛նաւանդ այս օրերուն, երբ յետ-թրամփեան ԱՄՆի մէջ տեղի կ’ունենան արտաքին քաղաքականութեան մշակման նոր խմորումներ, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչի փորձառութիւնը, Գոնկրէսի միջանցքներու եւ պետքարտուղարութեան գրասենեակներու անցուդարձերուն քաջատեղեակութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտութիւն են, այլ նաեւ՝ նախապայման: Դեռ չեմ ուզէր խօսիլ հայկական համայնքներուն, լոբբիստական կազմակերպութիւններուն, ազդեցիկ հայ անհատներու հետ յարաբերութեանց նրբութիւններուն տիրապետելու կարեւորութեան մասին: Մակունցի թեկնածութիւնը ու՞ր քննարկուած է, արտաքին գործերու նախարարութեան համապատասխան գերատեսչութիններու՞ն, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեա՞ն, թէ՞ վարչապետի գրասենեակին մէջ: Արդեօ՞ք հաշուի առնուած են վերոնշեալ նուազագոյն պահանջները, արդեօ՞ք խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են նոյն այս իշխանութեան մէջ գործող եւ Ամերիկայէն եկած, ամերիկեան քաղաքականութեան ծանօթ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, արդեօ՞ք նկատի առնուած են հայաստանեան եւ սփիւռքեան մասնագիտական շրջանակներու կարծիքները, թէ՞ սա ընդամէնը, ըստ սովորութեան, քաղաքական նեղ շրջանակի մը որոշումն է:
Ժամանակն է, որ այս իշխանութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն ոչ միայն դեսպանի նշանակման հարցը, այլեւ՝ իրենց ամբողջ գործելաձեւը, գոնէ մինչեւ նոր ընտրութիւններ, որոնք յոյսով ենք տեղի պիտի ունենան մօտիկ ապագային: Կարկինը առանց լայն բանալու, ոչ-ներառական, այլեւ նեղ շրջանակի մէջ առնուած որոշումները, այն ալ սեփական ուժերն ու կարողութիւնները գերագնահատող իշխանութիւններու կողմէ, ողջունելի չեն ու չեն կրնար ըլլալ: Այս իսկ պատճառով, սեփական ոտքերուն կրակելու նուրբ արուեստին տիրապետած այս իշխանութիւններէն առաջին հերթին կ’ակնկալուի ազատ եւ արդար արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպում: Մնացեալ նշանակումները՝ յաջորդիւ:
ՍԻՎԻԼՆԵԹ, 3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 2021