Ազատ բեմ

Միասնականութիւն….Բայց Երազ էր…

Խաժակ Այնթապեան

Երէկ գիշեր սարսափելի երազ մը տեսայ…
Կարծես հրաշք մը պատահած էր… Ազգիս խելքը գլուխը եկած էր, իսկ ազգային բժշկութիւնը խորտակուելու վրայ էր։ Ոչ մէկ ազգային վիճաբանաութիւն, ոչ մէկ տարակարծութիւն ու ազգային ոչ մէկ հիւանդութիւն մնացած էր…Ամէն մարդ այնքան ուրախ էր, ու հայ ժողովուրդը այնքան միասնական դարձած էր, որ պահ մը վախցայ թէ դարձեալ մէկը մեր դէմ պատերազմ յայտարարած էր….

Քրտինքներու մէջ արթնցայ ու ազգիս վիճակը ստուգելու համար անմիջապէս ֆէյսպուք մտայ… Բարեբախտաբար հոն դարձեալ նոյն վէճերն ու իրար ուղղուած նոյն հայհոյանքները տեսայ ու ամբողջովին հանգստացայ…

Չէ, մտահոգուելու բնաւ կարիքը չկայ…Մեր մէջ դեռ այնքան ներքին ատելութիւն ու լարուածութիւն կայ, որ մեզի յաղթելու համար՝ մեր դէմ նոր պատերազմ յայտարարելու բնաւ կարիքը չկայ…

Սիրելի հայեր, մտքերնիդ հանգիստ թող ըլլայ։ Թող մեր ազգային կեանքը միշտ այսպէս լարուած ընթանայ եւ իրարու միսը ձեզ հալալ ըլլայ…

Իսկ ես նորէն գլուխս բարձին դնեմ ու հանգիստ մը քնանամ…Չէ, բարեբախտաբար անգործ պիտի չմնամ։ Ըստ երեւոյթին ազգային բժշկութեամբ զբաղելու դեռ շա՜տ երկար առիթ պիտի ունենամ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *