20.4 C
Yerevan

Ինչո՞ւ Աւա­զախրման Կը Տանին Դաշնակցութեան Կազմա­կերպա­կան Նաւը Արեւմտեան Կողմն Հայաշխարհի

Եւ չմոռնանք, որ յիշեալ ժողո­վը ոչ միայն կարգա­պա­հա­կան պատասխա­նա­տուութեան չկանչեց կուսակցա­կան աղտոտ լաթե­րը հրա­պա­րա­կաւ լուա­լու ելած կարգա­զանցը, այլեւ նորընտիր իր Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չով փութաց ձայնակցե­լու եւ Դաշնակցութիւնը վարկազրկե­լու վերջին քսա­նա­մեա­կի նոյն աւա­զախրիչ վարքագծին:

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ Հ․Յ․Դաշնակցութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ գաղա­փա­րա­խօ­սութեան, ԱՆՁՆՈՒԷՐ կարգա­պա­հութեան եւ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ աւանդնե­րուն մէջ իրենց ազգա­յին ինքնութիւնն ու քաղա­քա­կան վարքա­գի­ծը ամրագրած բոլոր ԵՐԴՈՒԵԱԼ դաշնակցա­կաննե­րուն, որոնք այս օրե­րուն սահմռկած կը հետեւին «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» անունով հրա­պա­րակ իջած եւ Հայաստա­նի ու Հայութեան ԵՐԹը խափա­նող ու խանգա­րող անպա­տասխա­նա­տու «ղեկա­վարնե­րու» յառաջ մղած Դաշնակցութեան կազմա­կերպա­կան նաւը աւա­զախրման դատա­պարտե­լու անո­պայ ոտնձգութիւննե­րուն։

Երբ երկու տարի առաջ՝ որո­շա­պէս Յունուար 2019ի Ընդհա­նուր Ժողո­վի օրե­րուն ահա­զանգ կը հնչեցնէինք, որ նորե­լուկ եւ բախտախնդիր կուսակցա­կաններ — Հայաստա­նի ժողո­վուրդին կողմէ մերժուած եւ լուսանցք քշուած — լծուած էին Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպութեան «ՂԵԿԱՎԱՐ» մարմիննե­րը առեւանգե­լու եւ պատանդ վերցնե­լու ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ, աշխարհով մէկ ցրուած հաւա­տաւոր եւ ցենզաւոր մեր երէց ընկերնե­րը ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ կը փսփսա­յին իրենց խօսքին ու պատգա­մին նկատմամբ խոր յարգանք տածող դաշնակցա­կաննե­րուս, որ համա­ցանցը տեղը չէ «մեր աղտոտ լաթե­րը լուա­լու»․․․

Բարի լոյս՝ իրենց յիշո­ղութիւնը տակաւին առոյգ պահող դաշնակցա­կան բոլոր ընկերնե­րուն, որոնք դժուա­րութիւն պիտի չունե­նան յիշե­լու, թէ ինչպէ՜ս Հ․Յ․Դ․ աւանդնե­րուն վրայ ամօ­թանքի մուր քսե­լով՝ այդ 2019ի տարե­մուտին, ատե­նի շրջա­նաւարտ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չը Ընդհա­նուր Ժողո­վի պաշտօ­նա­կան բացման հրա­պա­րա­կա­յին հանդի­սութեան ընթացքին եւ Հ․Յ․Դ․ բարձրա­գոյն ամպիո­նէն իր վերջին հակա­կարգա­պա­հա­կան յանցա­գործութիւնը կատա­րեց, երբ ժպրհե­ցաւ յոխորտա­լու, թէ որո­շած է ոչ միայն անձնա­պէս չվե­րընտրուիլ Բիւրօ — կարծէք թէ սեփա­կա­նա­տի­րութեան կալուա­ծա­թուղթը ունէր Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չի աթո­ռին -, այլեւ «տուն ղրկե­լու» հայ ժողո­վուրդին կողմէ ամիս մը առաջ ընտրուած Հայաստա­նի վարչա­պե­տը՝ դեռ չգումա­րուած Ընդհա­նուր Ժողո­վը եւ դեռ չընտրուած Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի նոր կազմը իր մակա­նին տակ ունե­ցո­ղի․․․ փողո­ցա­յին ամբարտաւա­նութեամբ։

Եւ չմոռնանք, որ յիշեալ Ընդհա­նուր Ժողո­վը ոչ միայն կարգա­պա­հա­կան պատասխա­նա­տուութեան չկանչեց կուսակցա­կան աղտոտ լաթե­րը հրա­պա­րա­կաւ լուա­լու ելած կարգա­զանցը, այլեւ նորընտիր իր Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չով փութաց ձայնակցե­լու Դաշնակցութիւնը վարկազրկե­լու վերջին քսա­նա­մեա­կի նոյն աւա­զախրիչ վարքա­գի­ծին։

Եւ ահա նոյն զառի­թա­փով աւա­զախրման կը մատնուի մեր կուսակցութիւնը՝ կազմա­կերպա­կան տարբեր շրջաննե­րու մէջ, մանաւանդ հոն՝ ուր Հ․Յ․Դ․ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ արթուն հսկող պահակնե­րը կը պահեն ԲԵՐԴը։

Բարի լոյս՝ մեր ժողո­վուրդի դատաստա­նին ներկա­յա­նա­լու եւ երէ­կի ու ներկա­յի մեր սխալնե­րուն համար պատասխան տալու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ յանձնա­ռութեան յառա­ջա­մարտիկնե­րուն, որոնք 130ամեայ մեր կուսակցութեան անկորնչե­լի աւանդնե­րէն ներշնչուած՝ պատրաստա­կամ են ու ի վիճա­կի յառաջ մղե­լու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ սուրբ գործը։

Եւ ԱՀԱԶԱՆԳը պիտի չդադրի հնչե­լէ՝ այնքան ատեն, որ կը շարունա­կուի Դաշնակցութեան Նաւը աւա­զախրման մատնե­լու անթոյլատրե­լի ՎԱՐՔԱԳԻԾը այսպէս կոչուած նորե­լուկ «բիւրո­յա­կաննե­րուն», որոնք Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպա­կան բոլոր շրջաննե­րուն մէջ ձեռնա­մուխ եղած են մեր կուսակցութիւնը ներսէն քանդե­լու ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ խափա­նա­րա­րութեան։

Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի կազմա­կերպա­կան անա­ռիկ շրջա­նը Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ անունի եւ պաշտօ­նի չարա­շա­հումով «ծունկի բերե­լու» այս դաւա­դիրնե­րուն ապօ­րի­նի ընթացքը ուրիշ բացատրութիւն չունի, չի կրնար ունե­նալ։

Ստո­րեւ ի մի բերուած երկու բաց նամակնե­րը համա­ցանցի վրայ տարա­ծուած եւ դաշնակցա­կան ընկերնե­րու ուղղուած անստո­րա­գիր զեկոյցներ են, որոնք կը վկա­յեն մեր ազգա­յին հարստութիւնն ու միանգա­մայն հպարտութիւնը կազմող ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը կազմա­կերպա­կա­նօ­րէն քանդե­լու այդ ահագնա­ցող դաւադրութեան մասին։

Բարի լոյս՝ տակաւին աւանդա­պա­հօ­րէն դաշնակցա­կան կարգա­պա­հութեան եւ օրի­նա­պա­հութեան կառչած ազնիւ ընկերնե­րուն, որոնց բարո­յա­կան հեղի­նա­կութիւնը մեծ կշիռ ունի եւ որոնց ձայնը «ղեկա­վա­րութեան» անպայման լսե­լի կը դառնայ․․․ Ժամա­նակն է, որ մեր կուսակցութեան այդ լուռ մեծա­մասնութիւնը ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ իր ԿՈՉը միացնէ ահա­զանգին եւ արթնցնէ մոլո­րեալնե­րը, որպէսզի յանուն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ սանձ դրուի Դաշնակցութեան 130ամեայ ոգո­րումով նուա­ճուած քաղա­քա­կան-կուսակցա­կան մեր ներուժին եւ կռուաննե­րուն սպառնա­ցող կազմա­քանդումին․․․

* * *

Յանուն Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի բոլոր նուի­րեալ ընկերնե­րուն

Ահա մէկ ու կէս ամիս է, որ Շրջա­նիս ընկերնե­րուն վրայ պարտադրուած Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի նշա­նա­կուած խմբա­կը կը շարունա­կէ իր օրի­նա­զանցութիւննե­րը: Վերջին շաբաթնե­րուն, մենք համբե­րութեամբ հետեւե­ցանք եղած սպառնա­լիքնե­րուն, սուտե­րուն եւ պիտա­կաւո­րումնե­րուն:

Համբե­րե­ցինք ի տես բեմադրուած Zoom հանդի­պումնե­րու, ուր մասնա­կիցնե­րու թիւը բարձր ցոյց տալու անհե­թեթ միտումով (եւ բռնա­տի­րա­կան կարգե­րու համա­պա­տասխան ոճով), ընկերնե­րու անուններ կ՚աւելցուին հանդիպման ընթացքին, առանց այդ ընկերնե­րու գիտակցութեան անգամ:

Նոյն բռնա­տի­րա­կան ոճը առկայ էր, երբ նշա­նա­կուած խմբա­կը դիմեց օրի­նաւոր Շրջա­նա­յին Ժողո­վի մասնա­կիցնե­րուն, իբր թէ «զղջումներ» ձեռք ձգե­լու համար, բայց հանդի­պե­լով սկզբունքա­յին ընկերնե­րու խիզա­խութեան՝ չարա­չար ձախո­ղե­ցաւ։ Փաստ է, որ նման «զղջա­ցողներ» չկան, եւ այս նիւթը վերա­ծուած է միմիայն ներքին բամբա­սանքի: Պարզ է նաեւ, որ եթէ գտնուէին նման զղջում ներկա­յացնողներ, նշա­նա­կեալնե­րու խումբը յայտնա­բե­րած կ՚ըլլար այդ ընկերնե­րուն անուննե­րը:

Համբե­րած ենք՝ երբ նշա­նա­կուած խմբա­կի վճա­րո­վի անհատներ, Ֆէյսպուքի եւ ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ, սուտե­րով եւ լուտանքնե­րով, կը մատնեն իրենց անմա­կարդակ եւ վնա­սա­բեր ճիգի մասին: Որոշ մարդոց մօտ այնքան խոր արմատ նետած է ատե­լութիւնը, որ չեն հասկնար, թէ մեր ներքին խնդիրնե­րը հանրայնացնե­լով՝ հսկա­յա­կան հարուած կը հասցնեն մեր կուսակցութեան վարկին: Ըստ երեւոյթին, դաւա­ճա­նութիւնը այսպէ՛ս կ՚ըլլայ:

Համբե­րած ենք՝ երբ ուղե­կից միութիւննե­րու ֆրակցիա­նե­րու մէջ գործող ընկերնե­րէ կը լսենք, թէ ինչպէ՞ս նշա­նա­կուած խմբա­կի ներկա­յա­ցուցի­չը (յանուն Բիւրո­յի եւ յիշեցնե­լով ոստի­կա­նա­կան գործե­լաոճ) հաւա­տաքննութիւն կը կատա­րէ՝ ցենզաւոր եւ յարգե­լի ընկերնե­րու պարտադրե­լով, որ իրենց հաւա­տարմութիւնը յայտնեն նշա­նա­կուած խմբա­կին:

Վերջա­պէս համբե­րած ենք՝ երբ անհատ ընկերնե­րու հեռա­խօսնե­րուն կ՚ուղղարկուին սպառնա­լիքներ եւ հայհո­յանքներ պարունա­կող պատգամներ, աւե­լի եւս փաստե­լով նշա­նա­կուածնե­րու անմա­կարդակ եւ բռնա­տի­րա­կան ոճը, ինչպէս նաեւ անոնց անճրկա­ծութիւնը:

Անկասկած որ կուսակցութիւնը զաւթել փորձողնե­րու, Դաշնակցութեան սկզբունքնե­րը ոտնա­կո­խողնե­րու դատավճի­ռը պատմութիւնը կը տեսնէ, եւ մենք ինքներս վստահ կ՚ըլլանք, որ մեր Շրջա­նը տակնուվրայ ընող ուժերն ու անոնց գործին լծուածնե­րը օրին անպա­տիժ չմնան:

Նկա­տի ունե­նա­լով, որ տակաւին ժողովնե­րու ճամբով մեր կազմա­կերպա­կան կեանքին մասնա­կից ըլլա­լու պատե­հութիւնը չունինք, այս նամա­կով մեր զօրակցութիւնը կ՚ուղղենք Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի ընտրեսլ եւ օրի­նաւոր Կ․Կ․ին: Կը քաջա­լե­րենք, որ ան շարունա­կէ մնալ մինչեւ օրս իր ցուցա­բե­րած բարձրութեան եւ մակարդա­կին վրայ, կը յորդո­րենք՝ որ ան մնայ դաշնակցա­կան գաղա­փա­րա­խօ­սութեան հիմքե­րուն վրայ, եւ ցուցա­բե­րէ անզի­չող կեցուածք՝ յանուն Հ․Յ․Դ․ սրբութիւննե­րուն: Կ՚ակնկալենք՝ որ ան շարունա­կէ իր լուռ եւ օգտա­շատ գործունէութիւնը, հակա­ռակ քորո­նա­ժահրի պարտադրած միջա­վայրին:

Մեր ընկե­րա­կան ջերմ բարեւնե­րը կ՚ուղղենք մեր Շրջա­նի բոլոր ընկերնե­րուն, անոնց մաղթե­լով համբե­րութիւն եւ անկոտրում կամք, ի տես բոլոր դուրսի եւ ներսի ճիգե­րուն, որոնք կը փորձեն ճզմել մեր շարքե­րու իրաւունքնե­րը եւ կը փորձեն մեր փառա­հեղ կուսակցութիւնը վերա­ծել դրա­ծոյ, նիւթա­պաշտ, բռնա­տի­րա­կան ուժի մը: Կը մաղթենք՝ որ մեր ընկերնե­րը շարունա­կեն ցուցա­բե­րել նոյն հայրե­նա­սի­րութիւնը եւ նուի­րուա­ծութիւնը որմով մեր Շրջա­նը ճանչցուած է աշխարհով մէկ՝ միշտ նուի­րուած հայրե­նի­քին եւ դաշնակցա­կան գաղա­փա­րին :

* * *

Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի իրե­րա­յա­ջորդ Կ․Կ․ներու «Գլխա­գիր Յանցանքներ»ը վերջին 33 տարի­նե­րուն

1- Անվե­րա­պահ զօրակցութիւն Արցա­խեան Շարժումին, լայն նիւթա­կան ու քաղա­քա­կան աջակցութեամբ, եւ մեր լաւա­գոյն տղոց զոհո­ղութիւննե­րով:

2- Հայաստա­նի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման գործին անսա­կարկ նուի­րում, վկայ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի նուի­րա­տունե­րու խանդա­վառ մասնակցութիւնը Երեւա­նի կուսակցա­պատկան շէնքե­րու գնման ընթացքին:

3- Հայրե­նի­քի մէջ Տէր-Պետրո­սեա­նա­կան հակա­դաշնակցա­կան արշաւի օրե­րուն պինդ զօրակցութիւն՝ հալա­ծուող մեր ընկերնե­րուն, արհա­մա­րե­լով ամէն տեսա­կի դժուա­րութիւն, մինչ այդ օրե­րուն Լեւոն պաշտպա­նողներ ու ներքին խլրտումներ ստեղծող ընկերներ այսօր կը վարձատրուին Կ․Կ․ եւ այլ պաշտօննե­րու նշա­նա­կուե­լով։

4- Հայրե­նի մեր կազմա­կերպութեան մեր ընկերնե­րուն առջեւ միշտ լայն բացինք մեր Շրջա­նը՝ դաշնակցա­կա­նա­վա­յել կերպով ընդունե­լով ու զանոնք հերո­սացնե­լով յաչս մեր համա­կիրնե­րուն եւ նուի­րա­տունե­րուն։

5- Անտե­սե­լով օրէ-օր աճող մեր գաղութի բազում կարիքնե­րը, հայկա­կան բոլոր միւս գաղթօ­ճախնե­րը համա­րե­ցինք մերը, եւ ճիգ չխնա­յե­ցինք հասնե­լու ամէն տեսա­կի կարիքնե­րուն:

6- Հայ Դատի եւ պահանջա­տի­րութեան ջահը ամէն բանէ վեր դասե­լով՝ հայութեան ձայնը միշտ լսե­լի դարձուցինք ամե­րի­կեան քաղա­քա­կան շրջա­նակնե­րու մօտ, եւ «Հայաստան ու Հայութիւն ամէն բանէ վեր» լոզունգով՝ հարիւր հազա­րաւոր հայորդի­ներ առաջնորդե­ցինք պայքա­րի։

7- Հայա­պահպա­նումի մարզին ոչինչ զլա­ցանք, եւ մեր Երի­տա­սարդա­կան եւ ուղե­կից միութիւննե­րով ստեղծե­ցինք ազգա­յին առողջ միջա­վայր՝ հակա­ռակ ամե­րի­կեան կլա­նիչ յորձա­նուտին, մինչ մեր հպարտութիւնը հանդի­սա­ցող մեր երի­տա­սարդնե­րը կարեւո­րա­գոյն դերա­կա­տա­րութիւն ստանձնե­ցին Արցա­խի եւ Հայաստա­նի մէջ Պատա­նե­կան եւ Երի­տա­սարդա­կան ճամբարներ կազմա­կերպե­լու եւ Դաշնակցութեան քարոզչութիւնը կատա­րե­լու գործին մէջ:

8- Կատա­րե­ցինք մեզմէ ակնկա­լուած ամէն բան, որ կը նպաստէր հայրե­նի մեր կառոյցնե­րու հզօ­րացման ճամբին, այս 30 տարի­նե­րուն ընթացքին մեր վերին մարմիննե­րուն հասցնե­լով տասնեակ միլիոններ հաշուող զօրակցութիւն, որոնց հաշուե­տուութիւնը դեռ պիտի կատա­րուի:

9- Ամուր կառչե­ցանք Հ․Յ․Դ․ Ծրագրով ամրագրուած սկզբունքնե­րուն, դէմ եղանք Դաշնակցութեան անկախ էութիւնն ու ինքնուրոյն քաղա­քա­կան վարքա­գի­ծը կորսնցնե­լուն — խիզա­խութիւն մը՝ որուն համար մեկուսա­ցուե­ցանք եւ սուղ գին վճա­րե­ցինք:

10- Մերժե­ցինք քստմնե­լի խաղե­րով մեր շարքե­րու թուա­քա­նա­կը կեղծօ­րէն ուռճացնե­լը, մնա­ցինք հաւա­տա­րիմ կուսակցա­կան խստա­պա­հանջութեան ու պահպա­նե­ցինք կուռ կազմա­կերպա­կան կառոյց:

Վերո­յի­շեալ բոլոր «Յանցանք»ներուն համար փոխա­նակ արժա­նա­նա­լու մեր բարձրա­գոյն ղեկա­վա­րութեան գնա­հա­տանքին, արժա­նա­ցանք անոնց անհասկնա­լի խանդին եւ ատե­լութեան, ու մեր ամէն մէկ յաջո­ղութիւնը, որ պատիւ կը բերէր Դաշնակցութեան ընտա­նի­քին, արժա­նա­ցաւ արհա­մարհանքի:

Իսկ այսօր արդէն մեր հանդէպ գնա­հա­տանքը կ՚արտայայտուի՝ մեր սեփա­կան ղեկա­վա­րութիւնը արդա­րօ­րէն յառա­ջացնե­լու սրբա­գոյն իրաւունքը մեզմէ խլե­լու փորձով։

Մարդկութեան եւ յատկա­պէս հայութեան համար ամէ­նէն ճակա­տագրա­կան պահուն, գաղտա­գո­ղի կերպով Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Շրջա­նին վրայ Կ․Կ․ի կազմ պարտադրելն ու Շրջա­նը անհա­տա­կան ու պիզնէս հաշիւնե­րու ագա­րա­կի վերա­ծե­լու ճիգը վերջնա­կա­նա­պէս անընդունե­լի է:

Ներկայ աննա­խանձե­լի վիճա­կը կանխե­լու բոլոր փորձե­րը ի սկզբա­նէ դատա­պարտուած էին ձախո­ղութեան, ու այսօր ալ ակա­նա­տես կ՚ըլլանք, թէ վերեւը յիշուած հովա­նաւո­րուած պառակտումի աշխա­տանքը ինչպի­սի՜ աւերներ գործած է արդէն։ Մնալ միշտ հաւա­տա­րիմ Դաշնակցութեան Ծրագրին ու Կանո­նագրին, մերժել մինչեւ վերջ մեզ ստրկացնել փորձող բոլոր ճիգերն ու մեզ պառակտել ուզող դաւադրութիւննե­րը. ահա ա՛յս է այսօ­րուան հրա­մա­յա­կա­նը

Առնչվող Հոդվածներ