Հայաստան

Աստուած Ձեզի Հեռու Պահէ Հայ ժողովուրդէն…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Ես կողմնակից եմ Փաշինեանի հրաժարականին եւ արտահերթ ընտրութիւններուն։ Որքան արագ, այդքան լաւ։

Բայց ես չեմ կրնար կանգնիլ քաղաքական այն ուժերու կողքին, որոնց կարկառուն ղեկավարներէն մէկը կը յայտարարէ՝ «տուէք ինծի իշխանութիւն, եւ ես քանի մը օրէն Ադրբեջանի մէջ մնացած գերիները տուն բերեմ»։

Ես չեմ կրնար կանգնիլ այն ուժերուն կողքին, որոնք Բաղրամեան պողոտան փակելէ ետք խորոված կը պատրաստեն եւ յետոյ երկրի ղեկավարին եւ իր տիկնոջը գնդակահարումը կը բեմադրեն, եւ լայվ կը տարածեն աշխարհով մէկ։

Չեմ կրնար կանգնիլ այն ուժերուն կողքին, որոնց գլխաւոր ակտիւիստներն ու Սփիւռքեան մունետիկները Կարօ Փայլանին «թուրք, Էրտողանի շուն» կը կոչեն եւ հազարումէկ հայհոյանք կը թափեն անոր գլխուն, պարզապէս որովհետեւ իր կարծիքը արտայայտած է բանակի հրամանատարութեան յայտարարութեան մասին։

Ես չեմ կրնար կանգնիլ քաղաքական այն ուժերուն կողքին, որոնց գլխաւոր աջակիցները աշխարհով մէկ կը հայհոյեն, դաւաճան ու ծախուած կը համարեն բանակի բարձրաստիճան այն ղեկավարներուն, ներառեալ Ջալալին, պարզապէս որովհետեւ անոնք իրենց ստորագրութիւնը չէին դրած Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին տակ։

Ես Նիկոլի հրաժարականին կողմնակից եմ, հազար անգամ յայտարարած եմ այդ մասին։ Բայց ձեր կողմնակիցը չեմ, չեմ կրնար ըլլալ ու պիտի չըլլամ, կ՚ուզեք 17 կամ 170 կուսակցութիւնով հաւաքուիք։ Դուք Նիկոլէն աւելի լաւը չեք։ Դուք հայ ժողովուրդի ղեկավարները ըլլալու արժանի չեք։ Դուք՝ իշխանութիւն եւ փողոցի ընդդիմութիւն։ Դուք միայն իրարու արժանի եք։ Աստուած ձեզի հեռու պահէ հայ ժողովուրդէն…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *