24.7 C
Yerevan

Կը Գայ Ոգու Սով

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հանրա­պարտա­դիր մեկուսացման եւ ընկե­րա­յին ինքնա­մե­կուսացման պայմաննե­րուն մէջ ՈԳՈՒ ԼՈՅՍ փնտռող բոլոր-բոլո­րին։

Ահա տարի մըն է, որ ողջ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴով ոչ միայն չենք կրնար յաղթա­հա­րել մեզ հոգե­պէս լլկող ԱՆԶՕՐՈՒԹԵԱՆ մղձաւանջը, այլեւ ամէն օր աստի­ճան մը աւե­լի կ՚ընկղմինք անճար յուսա­հա­տութեան գիրկը՝ պարտուո­ղա­կան համա­կերպումի ամե­նա­կուլ աւա­զուտքին մէջ․․․

Բարի լոյս՝ մեր իմաստուն ժողո­վուրդին, որ մանկուց բոլո­րիս սորվե­ցուցած է, թէ «ինչ որ ցանես՝ այդ կը հնձես»։

Իսկ մենք ցանե­ցինք՝

- Անձնա­սի­րութիւն , եսա­պաշտութիւն եւ յանձնա­պաստա­նութիւն՝ ոտնա­կո­խե­լով ու ճզմե­լով համայնա­կա­նութեան, մարդա­սի­րութեան եւ այլա­սի­րութեան ամէն կենա­րար հունտ։

Եւ ահա կը հնձենք անյա­գութեան ու մորթա­պաշտութեան, պատե­հա­պաշտութեան ու գետնա­քարշութեան, անձնա­տուութեան եւ ոգու թշուա­ռութեան թունաւոր, այլեւ մահա­բեր որոմնե­րը․․․

Եւ ԱՐԺԷՔՆԵՐ պահպա­նե­լու, վերա­նո­րո­գե­լու եւ նորո­վի շունչով արա­րե­լու փոխա­րէն՝ ԱԶԳ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ մեզ ՍՆՈՒՑԱՆՈՂՆԵՐ ահա վերա­ծած ենք չարա­շա­հուող սոսկ անունի եւ դրօ­շի, կաղա­պա­րի եւ այցե­տոմսի, ուր կը ծուա­րինք ու կը կրծենք, այլեւ կ՚որոճանք լոկ սպա­ռո­ղի եւ մակա­բոյծի մեր անպտուղ յափրկումը․․․

Վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ եւ երիցս վա՜յ մեզ՝ որ կարդա­ցինք եւ պատռե­ցինք ԱՀԱ­ԶԱՆԳի բոլոր պատգամնե­րը, որ տեսանք ու երես դարձուցինք ՅՈՅՍի բոլոր աղբիւրնե­րուն, որ Սրբութիւննե­րէն ԾԱՄՕՆ սարքե­ցինք եւ Գաղա­փարնե­րէն ԿՐԿԷՍ կազմա­կերպե­ցինք։

Վա՜յ մեզ՝ որ ԹՇՆԱՄԻ դարձուցինք նոյնինքն մեզ ծնող ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը․․․

ՄԵՂԱ՜Յ

Եւ բարի լոյս՝ Անմահն Իսա­հա­կեա­նի հետ լուսոյ առաւօ­տը ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ երգով ու աղօթքով դիմաւո­րող բոլոր-բոլո­րին․-

«ԵՍ ՁԵԶ ԱՍՈՒՄ ԵՄ՝ ԿԸ ԳԱՅ ՈԳՈՒ ՍՈՎ»

Հեղի­նակ՝ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Ես ձեզ ասում եմ՝ կը գայ Ոգու սով,

Եւ դուք կը քաղցէք ճոխ սեղա­նի մօտ,

Կ՚ընկնէք մուրա­լու յափրած որկո­րով՝

Հրե­ղէն խօսքի, վեհ խօսքի կարօտ։

Լրբե­նի ծաղրով արհա­մարհե­ցիք

Ոգու վառ զեղմունք, միտք ու երա­զանք,

Նիւթի տաճա­րում արբած պարե­ցիք՝

Մոռա­ցած անմահ, անհունի տենչանք։

Դուք, որ հեգնե­ցիք ուժն ստեղծա­գործ՝

Ձեր Նիւթի հանդէպ կը գայ Ոգու սով.

Եւ մուրացկի պէս փշրանքի համար

Ծարաւ ու նօթի կ՚անցնէք ծովից ծով։

Առնչվող Հոդվածներ