Հայաստան

Ափսոս է կորցնել ՀՅԴ.Նորը Ստեղծելը Համաշխարհային Ցանցերով Գրեթէ Անկարելի է։

Ես կը հաւատամ որ անսխալական կուսակցութիւն չկայ որովհետեւ այնտեղ աստուածներ չեն կառավարողները այլ սովորական մահկանացուներ, հետեւաբար կը սթափին ու կը սրբագրեն սխալները, ի շահ հայութեան։

Աւօ Պօղոսեան

Մարդ արարածը իր գոյութեան սկիզբէն ի վեր նոյն ուղեղի ծաւալը ունի եւ նոյն կարողութիւնը, տարբերութիւնը այժմու եւ քարի դարու մարդուն միչեւ, անոր զարգացածութիւնն է, եւ կուտակած փորձառութիւնը որը անդադրում է։

Նոյնն է եւ ազգերու պարագային. Աւելի խելացի ազգեր չկան, կան աւելի զարգացած ու աւելի կազմակերպուած ազգեր։ Իսկ ինչ է կազմակերպուածութիւնը, եթէ ոչ ցանցային դրութիւններու եւ բջիջներու ստեղծում, ուր վերի վարոյ հաւասար կարողութիւններով մարդիկ հաւաքաբար կ’աշխատին ստեղծելու մեծը, աւելի լաւը եւ կատարելագործուածը, ճիշտ ու տեղին օգտագործելով առկայ հարստութիւնները, ըլլան անոնք մարդկային կամ նիւթական։

Կազմակերպուածութիւնը անհրաժեշտաբար եւ բնականաբար կըլլայ նպատակի եւ գաղափարի մը շուրջ, օրինակ` պետութիւն հիմնելու, պետութիւնը հզորացնելու , բարեգործական միութիւն մը ստեղծելու, Ֆիլհարմոնիկ նուագախումբ մը, ֆութպոլի խումբ մը հիմնելու եւլն…

Գալով մեր երկրի շուրջ եւ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, տեսանք մեր անկազմակերպուածութեան դառն հետեւանքով մեր պարտութիւնը։ Նոյնիսկ ներքին ճակատին վրայ իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան պարագային անգամ կը տեսնենք ընդդիմութեան ապիկարութիւնը եւ անկարողութիւնը։ Այստեղ անշուշտ առկայ է նաեւ այն փաստը որ ժողովուրդը, ու անկէ անդին նաեւ ազգը, ոչ մէկ հաւատք ունի այնտեղ գտնուածներուն նկատմամբ, որովհետեւ այդտեղ չկայ ազգը համախմբող, ու աւելին գաղափարի շուրջ կազմակերպուած կուսակցութիւններ։ ԲՀԿ, ՀՀԿ եւ միւսները, որովհետեւ կուսակցութիւններ չեն, այլ անձի շուրջ հաւաքուած մարդիկ, որոնք երբ իշխանութիւն չունին, արժէք չեն ներկայացներ։ Այնտեղ գոյութիւն ունի միայն մէկ կուսակցութիւն, որ ոչ թէ միայն կազմակերպութիւն եւ ցանցեր ունի երկրին մէջ, այլ ամէն երկիր ուր հայութիւն կայ։ Այդ ՀՅԴ ն է ,որ սակայն իր անցեալի սխալներուն հետեւանքով ժողովուրդին մէջ հենարան չունի։

Կուսակցութիւն հիմնելը իսկապէս որ շատ դժուար բան է, եւ անոր փաստը մենք կը տեսնենք մեր իրականութեան մէջ։ Այս երեսուն տարուայ ընթացքին, Հայաստանի մէջ երեւացին բազմաթիւ խմբաւորումներ որոնք փորձեցին դառնալ կուսակցութիւն, սակայն ինչպէս ծնան այդպէս ալ մահացան առանց գործունէութեան. Հիմա ալ կան փորձեր նորեր ստեղծելու, բայց ապարդիւն։

Իսկ Դաշնակցութիւնը իր աշխարհասփիւր ցանցերով գոյութիւն ունի ու դիմակայած է բազմաթիւ փորձութիւններու ահա 130 տարիներ, որովհետեւ գաղափարի շուրջ ստողծուած եւ ամուր արմատներ ունեցող կուսակցութիւն է, եւ ուրեմն ճիշտ աշխատելու պարագային ուղղակի հարստութիւն է ազգին ու հայրենիքին համար. Սակայն դժբախտաբար վերջին երկու տասնամեակի սխալ քաղաքականութեան համար ոչ միայն Հայաստանի իր ժողովրդային հենարանը կորսնցուցած է այլ նոյնիսկ ներքին կազմակերպական ճգնաժամի մէջ է, ու սա գաղտնիք ալ չէ այլեւս քանի բացայայտ յայտարարութիւններու ընդմէջէն յայտնի է բոլորին։

Ես կը հաւատամ որ անսխալական կուսակցութիւն չկայ որովհետեւ այնտեղ աստուածներ չեն կառավարողները այլ սովորական մահկանացուներ, հետեւաբար կը սթափին ու կը սրբագրեն սխալները, ի շահ հայութեան։

Ափսոս է կորսնցնել կայացած կուսակցութիւն մը։ Նորը ստեղծելը համաշխարհային ցանցերով գրեթէ անկարելի է։

Թէ ինչպէս՞ կուսակցութիւն մը կը շարունակէ սխալներ գործել առանց սթափելու եւ վերադառնալու ճիշտ ուղղուն, մեղաւորութիւնը այլեւս սխալներ գործող ղեկաւարութեան չէ, այլ միայն ու միայն կուսակցականներունը, որոնք սխալները տեսնելով ու զգալով հանդերձ, լուռ ու անտարբեր կը մնան։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *