Յաճախակի անարդարութիւնները, նոյնիսկ բանակային խստապահանջ պայմաններու մէջ, անկարգապահութեան կ՛առաջնորդեն:
Արա Խանճեան
Հետաքրքրական է, որ ՀՅԴ կանոնագիրը կարծէք թէ կանխատեսած էր COVID-19ի համաճարակին ստեղծած կազմակերպական դժուարութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ մեծ թիւով անդամներ քով քովի բերելու եւ ժողով գումարելու դժուարութիւնը:
Այսպիսի վիճակներ կանխատեսելով՝ ՀՅԴ Կանոնագիրը կ՛ըսէ, որ երբ անյաղթահարելի պայմաններու բերումով, ինչպէս օրինակ՝ պատերազմ, յեղաշրջում, քաղաքացիական պատերազմ, բնական աղետներ, համաճարակ, եւ այլն, կարելի չ՛ըլլայ շրջանային ժողով կազմակերպել եւ գումարել՝ նոր Կեդրոնական կոմիտէ մը ընտրելու համար կարելի է «…Շրջանային ժողով մը յետաձգել, նոյնիսկ անորոշ ժամանակով»: Նման պարագաներու, ընթացաւարտ Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ գործել եւ իր կազմին մէջ յառաջացած բացերը լեցնել՝ Բիւրոյի հաւանութեամբ (տես կանոնագիրի «Շրջանային Ժողով» գլուխը):
Այս կը նշանակէ, թէ նման պայմաններու մէջ գտնուող կազմակերպական շրջանի մը համար Կեդրոնական կոմիտէի մը երկու տարուան ժամանակաշրջանի աւարտէն ետք, երբ կարելի չըլլայ գումարել շրջանային ժողով, գործող Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ գործել անորոշ ժամանակով, օրինակ յաւելեալ ինը ամիսով, մէկ տարիով կամ աւելի, մինչեւ որ պայմանները բնականոն դառնան եւ կարելի ըլլայ գումարել շրջանային ժողով եւ ընտրել նոր կեդրոնական կոմիտէ։
Կուսակցական դիրքի չարաշահումները, ինչպէս նաեւ անարդար եւ կամայական որոշումները կամ կազմակերական տնօրինումները կանխելու նպատակով՝ ՀՅԴ Կանոնագիրը յստակ նախապայման կը դնէ, որ որեւէ կազմակերպական տնօրինում պէտք հիմնաւորուած ըլլայ կանոնագրային համապատասխան յօդուածով մը: Ասիկա նման է ժողովրդավար պետութիւններու դատական համակարգիերուն մէջ գործող դրութեան, ուր մեղադրուող անձը պէտք է գիտնայ, թէ օրէնքի ճիշդ ո՛ր յօդուածի խախտումով ամբաստանուած է: Օրէնքի կիրարկման այս ձեւով է որ միայն պետութիւնները եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները կ՛իւրացնեն օրէնքի գերակայութեան սկզբունքը, որեւէ չարաշահումի առաջքը առնելու համար:
Որքան ալ կարգապահութիւնը կարեւոր եւ անհրաժեշտ համարուի կազմակերպական կեանքին մէջ, կազմակերպութեան մը անդամներուն անսակարկ նուիրումը եւ անոնցմէ պահանջուած հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւնը պէտք չէ չարաշահուի որեւէ ձեւով: Չի բացառուիր, որ կազմակերպական կեանքի մէջ մարմիններ անարդար որոշումներ տան կամ կարգապահական տնօրինումներ կատարեն ընկերներու կամ այլ ստորադաս մարիններու նկատմամբ: Նման պարագաներու, որոշումներուն ենթարկուիլը ապա բողոքելը ընդունուած ընթացակարգն է: Բոլորովին այլ է սակայն պարագան, երբ մարմիններ տարբեր նկատառումներէ ելլելով՝ նման անարդար տնօրինումներ կատարելու երեւոյթը յաճախակի կը դարձնեն: Երբ յաճախակի կը դառնան նման երեւոյթներ, բնականաբար կարելի է ակնկալել, որ կարգապահութիւնն ալ ինչ որ տեղ սկսի խախտիլ: Յաճախակի անարդարութիւնները, նոյնիսկ բանակային խստապահանջ պայմաններու մէջ, անկարգապահութեան կ՛առաջնորդեն: